Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հարցով Դիմում՝ Յունաստանի Խորհրդարանին

Ապրիլ 11, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յու­նա­հա­յու­թեան ա­նու­նով պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը տե­սակ­ցե­ցաւ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին հետ.

Ազրպէյճանի կող­մէ Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման 120-րդ­ օ­րո­ւան կա­պակ­ցու­թեամբ, Եր­կու­շաբ­թի, 10 Ապ­րիլ 2023-ի ա­ռա­ւօ­տուն, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, յու­նա­հայ գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը այ­ցե­լեց ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րան եւ մէկ ժա­մէ ա­ւե­լի հան­դի­պում ու­նե­ցաւ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ ­Քոնս­թան­տի­նոս ­Թա­սիու­լա­սին հետ։

­Հայ­կա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէին ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ­Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի պետ ­Յով­սէփ ծ. վրդ. ­Պէ­զա­զեան, ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զա Ա­ւա­գեան, ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Յու­լիա­նա ­Մա­նու­կեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ եղբ. ­Գէորգ ­Պօ­ղո­սեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան ­Կեդր. վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. Օն­նիկ ­Պետ­րո­սեան, «Ա­րա­րատ» մշա­կու­թա­յին միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պ. ­Մի­քա­յէլ ­Յով­սէ­փեան եւ «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թին կող­մէ ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան։

­Հան­դի­պու­մի նպա­տակն էր խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին յանձ­նել յա­տուկ նա­մակ մը, որ ստո­րագ­րո­ւած է յու­նա­հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին, կրօ­նա­կան, յա­րա­նո­ւա­նա­կան, քա­ղա­քա­կան, ե­րի­տա­սար­դա­կան ու պա­տա­նե­կան, բա­րե­սի­րա­կան, մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան, թա­ղա­յին, հայ-յու­նա­կան ա­ռեւտ­րա­կան կա­ռոյց­նե­րու մօտ 60 վար­չա­կան միա­ւոր­նե­րուն կող­մէ, ընդգր­կե­լով ամ­բողջ ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին վրայ գոր­ծող յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մա­կերպ կեան­քի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։

Եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ ե­ղած ջերմ զրոյ­ցին ըն­թաց­քին, նա­խա­պէս ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց հան­դի­պու­մին առն­չու­թեամբ, ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ Ազրպէյճանի կող­մէ ­Բեր­ձո­րի մի­ջանց­քի ար­գե­լա­փակ­ման, որ պատ­ճառ դար­ձաւ ամ­բողջ Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման։ Սր­բա­զան հայ­րը շեշ­տեց, թէ Ազրպէյճանի շրջա­փա­կու­մը մար­դա­սի­րա­կան մեծ ա­ղէ­տի եզ­րին բե­րած է Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը, մինչ Ազրպէյճան կը շա­րու­նա­կէ գրա­ւո­ւած տա­րածք­նե­րէն ներս ա­ւե­րել հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին բո­լոր կո­թող­նե­րը, նպա­տակ ու­նե­նա­լով ամ­բող­ջու­թեամբ վե­րաց­նել հայ­կա­կան հետ­քե­րը եւ հա­յա­թա­փել Ար­ցա­խը։

­Յա­ջոր­դա­բար, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով, ընկ. Հ. ­Յա­րու­թիւ­նեան ա­ւե­լի ման­րա­մասն անդ­րա­դար­ձաւ շրջա­փա­կու­մին եւ ընդգ­ծեց մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի դա­տա­պար­տու­մի բա­նա­ձե­ւում­նե­րը Ազրպէյճանի ա­պօ­րի­նի քայ­լե­րուն դէմ։ Ան նշեց, թէ բնա­պահ­պա­նա­կան պատ­րո­ւակ­նե­րով սկսած շրջա­փա­կու­մը շատ ա­րագ ցոյց տո­ւաւ Ազրպէյճանի հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նպա­տակ­նե­րը։ ­Խօսք ե­ղաւ եւ­րո­պա­ցի դի­տորդ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան հայ-Ազրպէյճանա­կան սահ­մա­նին վրայ ու մի­ջազ­գա­յին հսկո­ղու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան։ Ըն­կե­րու­հին նշեց Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի եր­կու բա­նա­ձե­ւե­րը, ան­ցեալ շա­բաթ ­Կիպ­րո­սի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ Ազրպէյճանը դա­տա­պար­տող բա­նա­ձե­ւը եւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու ո­րո­շում­նե­րը, ո­րոնք Ազրպէյճանին կոչ կ­՚ուղ­ղեն ան­յա­պաղ բա­նալ ­Բեր­ձո­րի մի­ջանց­քը։

Ընկ. ­Յա­րու­թիւ­նեան յու­նա­հա­յու­թեան ա­նու­նով նա­մա­կը փո­խան­ցեց խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին եւ նշեց, թէ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան ա­ւե­լի քան 60 կա­ռու­ցա­յին միա­ւոր­ներ կը խնդրեն ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նէն դի­մել հա­մա­պա­տաս­խան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու, որ­պէս­զի ազ­դու մի­ջոց­ներ ձեռ­նար­կո­ւին եւ Ազրպէյճան ան­մի­ջա­կան կեր­պով վերջ տայ Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման։

­Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը, իր կար­գին, անդ­րա­դար­ձաւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րուն, տե­ղեակ ըլ­լա­լով ­Կով­կա­սէն ներս տի­րող աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն եւ նշեց, թէ պի­տի դի­մէ հել­լէն կա­ռա­վա­րու­թեան ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան, որ­պէս­զի Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման հար­ցը դրո­ւի Եւ­րո­պա­կան ա­տեան­նե­րու օ­րա­կար­գին վրայ։ Ան նաեւ շեշ­տեց, թէ ­Յու­նաս­տան կառ­չած կը մնայ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի սկզբուն­քին եւ յա­տուկ զգայ­նու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան խնդիր­նե­րուն շուրջ։

­Յա­ջոր­դա­բար, հան­դի­պու­մը ա­ռիթ ե­ղաւ նաեւ ներ­կա­յաց­նե­լու յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թիւնն ու ներ­կայ պատ­կե­րը։ ­Նա­խա­գա­հը հե­տաքրք­րո­ւե­ցաւ գա­ղու­թա­յին կեան­քի զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րուն մա­սին եւ իւ­րա­քան­չիւր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չէ ստա­ցաւ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր, կրթա­կան, ­Հայ դա­տի, մա­մու­լի եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։

­Հան­դի­պու­մի ա­ւար­տին, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը յու­շա­մե­տա­լով պար­գե­ւատ­րեց Ա­ռա­ջորդ Սր­բա­զան հայրն ու ­Հայ դա­տի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ինչ­պէս նաեւ յու­շա­նո­ւէր­ներ յանձ­նեց պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն։

* * *

Ս­տո­րեւ, կը ներ­կա­յաց­նենք Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով եւ յու­նա­հայ կա­ռոյց­նե­րուն կող­մէ՝ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին յանձ­նո­ւած նա­մա­կի հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն տար­բե­րակ­նե­րը։

Ա­թէնք, 24 ­Մարտ 2023

­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Պ. ­Քոնս­թան­տի­նոս ­Թա­սիու­լա­սին

Վ­սե­մա­շուք պ. նա­խա­գահ,

12 ­Դեկ­տեմ­բեր 2022-էն ի վեր, Ազրպէյճանի ար­գե­լա­փա­կած է «­Լա­չի­նի մի­ջանց­քը», միակ ճա­նա­պար­հը, որ կը կա­պէ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նին հետ, պատ­ճառ դառ­նա­լով ա­ւե­լի քան օ­րա­կան 400 թոն սննդամ­թեր­քի, դե­ղո­րայ­քի եւ այլ կա­րե­ւոր ապ­րանք­նե­րու փո­խադ­րու­թեան դադ­րեց­ման, փոր­ձու­թեան տակ դնե­լով Ար­ցա­խի սննդա­մա­տա­կա­րար­ման ա­պա­հո­վու­թիւ­նը։ ­Բա­ցա­յայտ կը դառ­նայ, որ Ար­ցա­խի 120.000 բնա­կիչ­նե­րը զրկո­ւած կը մնան ա­պա­հով եւ ար­ժա­նա­վա­յել կեն­ցա­ղի ա­մէ­նէն տար­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րէն, սնուն­դէն, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան խնամ­քէն, կրթու­թե­նէն եւ եր­թե­ւե­կու­թեան ա­զա­տու­թե­նէն։ Այս կա­ցու­թիւ­նը կը բար­դո­ւի Ազրպէյճանի կող­մէ տաս­նեակ տա­րի­նե­րու վրայ գոր­ծած թշնա­մա­կան ա­րարք­նե­րու եր­կար ցան­կին վրայ, հա­յե­րու ջար­դէն ­Սում­կայ­թի եւ ­Պա­քո­ւի մէջ, մին­չեւ շղթա­յա­զեր­ծած ե­րեք պա­տե­րազմ­նե­րը, նպա­տակ ու­նե­նա­նով Ար­ցա­խի հա­յե­րու ցե­ղա­յին մաք­րա­գոր­ծու­մը եւ ամ­բող­ջա­կան բնաջն­ջու­մը։ ­Կը նկա­տո­ւի պե­տա­կա­նօ­րէն կան­խամ­տա­ծո­ւած հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը, որ ամ­բող­ջու­թեամբ կը հա­մընկ­նի Ազրպէյճանի հա­կա­հայ ան­վերջ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն եւ ա­րարք­նե­րուն հետ։ ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քը, խո­րա­պէս մտա­հո­գո­ւած իր ազ­գա­կից­նե­րու բախ­տով Ար­ցա­խի մէջ, կը փա­փա­քի ­Ձե­զի հետ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան հան­դի­պում մը ու­նե­նալ, ի­րա­զեկ դարձ­նե­լու հա­մար անձ­նա­պէս ­Ձեզ եւ ­Ձեր մի­ջո­ցով ­Յու­նաս­տա­նի ­Խորհր­դա­րա­նը, տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս տի­րող կա­ցու­թեան մա­սին։ ­Կը հա­ւա­տանք, որ ձեր պե­տու­թիւ­նը, մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին հետ գոր­ծակ­ցա­բար, կրնայ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն առ­նել, որ­պէս­զի ազ­դու մի­ջոց­նե­րով վե­րա­ցո­ւի շրջա­փա­կու­մը եւ ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւի բազ­մա­չար­չար Ար­ցա­խի հա­յե­րու կեան­քի ա­պա­հո­վու­թիւ­նը։ Այս պատ­ճա­ռով, կը խնդրենք հան­դի­պիլ մեր հա­մայն­քի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ, որ պի­տի բաղ­կա­նայ հայ­կա­կան հո­գե­ւոր եւ քա­ղա­քա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն, որ­պէս­զի ­Ձեզ տե­ղեակ պա­հեն եւ հա­մա­պա­տաս­խան նա­մա­կը փո­խան­ցեն։

­Լիա­յոյս ենք ձեր դրա­կան պա­տաս­խա­նին հա­մար։

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Հայկական Կամաւորական Գումարտակներու Համալրում Եւ Էջմիածնի Գրաւումը Ռուսական Բանակին Կողմէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?