Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը կ՛առաջարկէ ազրպէյճանական հերթական նախայարձակումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակի պայմաններուն մէջ խորհրդարանին մէջ Զինուած ուժերու ղեկավար կազմի կամ իրաւասու այլ անձերու մասնակցութեամբ քննարկում կատարել:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Ազգային ժողովի նիստին սկիզբը «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան ըսաւ. «Թէեւ մեր պատգամաւորներուն մէկ մասը հիմա կը գտնուի Սիւնիքի մարզին մէջ, բայց առաջարկ ունինք Ազգային ժողովի ղեկավարութեան` հրաւիրել Զինուած ուժերու ղեկավար կազմը կամ իրաւասու անձեր` պատգամաւորներու հետ օրուան ընթացքին քննարկում իրականացնելու, նաեւ խորհրդարանի ընելիքներուն մասով իրավիճակը հասկնալու համար»:
Ընդդիմութեան համար կարեւոր չէ` հանդիպումը կ՛ըլլայ փակ, թէ բաց ձեւաչափով:
Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ըսաւ, որ, եթէ բաց ձեւաչափով հանդիպում կ՛ուզեն, ապա կառավարութեան հետ հարցուպատասխանին խորհրդարանին մէջ պիտի ըլլան բոլորը, իսկ եթէ փակ, ապա ինք պատրաստ է խօսելու համապատասխան նախարարութիւններուն հետ: Ազգային ժողովի փոխնախագահն ու Արծուիկ Մինասեանը այդ հարցը պիտի քննարկեն աշխատանքային կարգով: