Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատի, որուն հետ քննարկեց առողջապահութեան մարզի տագնապները, ինչպէս նաեւ դեղորայք հայթայթելու դժուարութիւնն ու դեղորայքի սղաճի հարցը:
Քննարկուեցաւ յատկապէս Մեթնի հիւանդանոցներուն եւ հայկական ընկերաբժշկական կեդրոններուն ու դարմանատուներուն կացութիւնը:
Հանդիպումը եղաւ առիթ մը քննարկելու նաեւ երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու քաղաքապետական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեամբ կառավարութեան դիրքորոշումը:


