Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Պէտք Է Թուլացնեն Լարուածութիւնը» Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը

Ապրիլ 13, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանի երէկ մեկնաբանած է մէկ օր առաջ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան Տեղ գիւղին վրայ գործուած յարձակումը, որուն պատճառով զոհուած է չորս հայ զինուոր:

«Ես տեղեկացայ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած բախումին մասին. իմ ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ զոհուածներու ընտանիքներուն», ըսած է ան:

Օսմանի Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է թուլացնելու լարուածութիւնը. «ԵԱՀԿ-ը կրնայ յառաջարկել իր ներուժը, որպէսզի կարելի ըլլայ կողմերուն միջեւ հաղորդակցութեան ստեղծումը եւ նման բախումներու կանխարգիլումը: Մենք պիտի տրամադրենք մեր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր կարելիութիւնները երկխօսութիւնը կարելի դարձնելու համար: Երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւնը կարեւոր է, երկու երկիրներն ալ արժանի են խաղաղութեան»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Օսմանիի հետ Պաքուի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է. «Հայաստանի ապակառուցողական դիրքորոշումին պատճառով Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ ուղիղ հաղորդակցութիւնները դադրեցուած են»:

«Միջազգային միջնորդները կը փորձեն Հայաստանը վերադարձնել բանակցային սեղանի շուրջ. այս ուղղութեամբ հետեւողական քայլեր կը ձեռնարկուին: Մենք Երեւանին կոչ ուղղած ենք վերադառնալու բանակցային սեղան», ըսած է ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր կարգին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթը կ՛իրականացուի 2 ուղղութեամբ: «Առաջին ուղղութիւնը Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանի հայ բնակիչներու վերահամարկումն է, երկրորդը` Հայաստանի հետ բանակցութիւնները խաղաղութեան համաձայնագիրի եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ», ըսած է Ալիեւ:

Նախորդը

Քլաար. «Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղուած Ջանքերը Ոեւէ Մէկուն Դէմ Ուղղուած Չեն»

Յաջորդը

Ընդդիմութիւնը Կ՛առաջարկէ Զինուած Ուժերու Ղեկավար Կազմի Եւ Իրաւասու Անձերու Մասնակցութեամբ Ազգային Ժողովին Մէջ Քննարկում Կատարել

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?