Գլխաւոր լուրեր

Միւնիխի Մէջ  Փաշինեան-Պլինքըն-Ալիեւ Հանդիպում

Միւնիխի Մէջ Փաշինեան-Պլինքըն-Ալիեւ Հանդիպում

Միւնիխի մէջ շաբաթ, 18 փետրուարին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը, որուն ներկայ էին նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տանֆրիտը եւ Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցով աւագ խորհրդական Լուի...

«Ժամանակ Չկայ Աւելորդ Ժողովներու, Կամ Երկարապատում Խօսակցութիւններու. Վնասը Բոլորին Է, Օժանդակութեան Կարիք Կայ` Հասնինք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Ժամանակ Չկայ Աւելորդ Ժողովներու, Կամ Երկարապատում Խօսակցութիւններու. Վնասը Բոլորին Է, Օժանդակութեան Կարիք Կայ` Հասնինք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր վարեց Արմէն Ապտալեան: Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ անցեալ հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ընկերակցութեամբ Հալէպ կատարած զօրակցական այցելութեան` ի տես Հալէպը հարուածած աղէտալի երկրաշարժին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ էր Հալէպ հասնելու առաջին տպաւորութիւնը, Յ....

«Ռատիօ Վատիկան»-ի Հայկական  Բաժանմունքն ու «Ազդակ»-ը  Կը Շարունակեն Համագործակցիլ

«Ռատիօ Վատիկան»-ի Հայկական Բաժանմունքն ու «Ազդակ»-ը Կը Շարունակեն Համագործակցիլ

«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցան Հայ կաթողիկէ համայնքի   Պէյրութի Թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ «Ռատիօ Վատիկան»-ի հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռոպեր Աթթարեան: Խորհրդակցութիւնը կը վերաբերէր տեղեկատուական խնդիրներուն, հայկական իրադարձութիւններուն «Ռատիօ Վատիկան»-ի լուսաբանումներուն: Ռոպեր Աթթարեան հաստատեց, որ «Ռատիօ Վատիկան»-ի հայկական բաժինը մեծապէս նկատի կ՛ունենայ «Ազդակ»-ի հրապարակումներն ու նիւթերը եւ զանոնք իբրեւ աղբիւր կ՛օգտագործէ իր լրատուութիւններու ընթացքին: Փոխադարձաբար «Ռատիօ...

Խմբագրական.   Հայկական Կողմը Շտապելու Պատճառ Պէտք Չէր Ունենար

Խմբագրական. Հայկական Կողմը Շտապելու Պատճառ Պէտք Չէր Ունենար

Երկրաշարժային դիւանագիտութեան հետեւող իրադարձութիւնները փոխօղակուած ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգեն: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ուշագրաւ բաժինը, առաւելաբար թուրք առաջին դիւանագէտին կատարած յայտարարութիւններն էին: Մասնաւորաբար` հետեւեալ բաժինը. «Հարաւային Կովկասի մէջ կը շարունակուի յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը: Համոզուած ենք, որ այս օրերուն տեղի ունեցած համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ այս հոլովոյթին: Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ բնականոնացման հոլովոյթները, կը կարծեմ, պիտի նպաստեն մեր...

Զախարովա. «Հայ-Ազրպէյճանական  Կարգաւորման Հոլովոյթին Մէջ  Միացեալ Նահանգներու  Միջնորդութիւնը Որեւէ Իրական  Քայլ Չի Պարունակեր»

Զախարովա. «Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Հոլովոյթին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Միջնորդութիւնը Որեւէ Իրական Քայլ Չի Պարունակեր»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողի խնդրանքով մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, թէ Մոսկուան խափանած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման ուղղուած ջանքերը: «Եթէ հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման ջանքերը խափանողներ կան, ապա անոնք ինքնին արեւմտեան երկիրներն են` Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը պատմութեան աղբանոցը ուղարկուած է, երբ ամերիկացի...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Կը Ցաւակցի Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Ցաւակցի Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ցաւակցեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին, անոր յղելով ցաւակցագիր մը` ի տես Սուրիան հարուածած երկրաշարժին եւ անոր պատճառած մարդկային հսկայական վնասներուն: Միւս կողմէ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը ուղղուեցաւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատուն` ցաւակցութիւն յայտնելու դեսպանատան գործավար Ալի Տողմանի: Իր կարգին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, իբրեւ Լիբանան-Սուրիա խորհրդարանական բարեկամական...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութիւնը Իր Թեմերով, Կառոյցներով,  Մարմիններով, Իր Բոլոր Կարելիութիւններով  Սուրիահայութեան Հետ Է»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Իր Թեմերով, Կառոյցներով, Մարմիններով, Իր Բոլոր Կարելիութիւններով Սուրիահայութեան Հետ Է»

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հովուապետական Զօրակցական Այցելութիւնը Սուրիահայութեան Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին լոյսին տակ, հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ հովուապետական զօրակցական այցելութեամբ շքախումբով հասաւ Հալէպ` գօտեպնդելու սուրիահայութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը յայտնելու անոր: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ղօղանջին ներքեւ, վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար...

«Իմ Ձայնս Միացնելով Սուրիոյ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու Հաւաքական Ձայնին, Կոչ Կ’ուղղեմ Միջազգային Համայնքին Վերջ Տալու Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցներուն Եւ Կարելի Փութով Օժանդակելու Սուրիոյ Ժողովուրդի Անհրաժեշտ Կարիքներուն». ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Իմ Ձայնս Միացնելով Սուրիոյ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու Հաւաքական Ձայնին, Կոչ Կ’ուղղեմ Միջազգային Համայնքին Վերջ Տալու Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցներուն Եւ Կարելի Փութով Օժանդակելու Սուրիոյ Ժողովուրդի Անհրաժեշտ Կարիքներուն». ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Կոչը Միջազգային Ընտանիքին՝ Երկրաշարժէն Ետք Սուրիահայութեան Հովուապետական Զօրակցական Այցելութեան Առիթով «Ինծի համար միշտ յատուկ ուրախութիւն եղած է ըլլալ Սուրիոյ մէջ. այն երկրին, որ Ցեղասպանութենէն ետք ընդունեց ջարդէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակներն ու իր հայրենիքը եւ հացն ու ջուրը բաժնեց իրենց հետ: Աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակները երբեք չեն մոռնար Սուրիոյ ժողովուրդին ցուցաբերած սէրը, վստահութիւնն ու զօրակցութիւնը...

Խմբագրական.   Վարդանանք-Վահանեանքը  Յանգեցան Նուարսակի Արժանապատիւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրին

Խմբագրական. Վարդանանք-Վահանեանքը Յանգեցան Նուարսակի Արժանապատիւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրին

Վարդանանցի նշումը մեր համազգային դիմադրողականութեան վերարժեւորման առիթ է ամէն բանէ առաջ: Վարդանանցը հաւատքի, ազգային արժէքներու, սկզբունքներու հանդէպ մեր ժողովուրդի արմատացուցած դիմադրողականութիւնն է: Մեր գոյաբանական խնդիրը ըստ ամենայնի, որովհետեւ իբրեւ ինքնուրոյն ազգ ապրելու եւ արարելու իրաւունքէն չէինք ուզած զիջիլ: Իսկ այստեղ արդէն անտեղիտալիութեան սկզբունքն է: Այն պահն է, երբ դադրած են մարտավարական խուսանաւումները, երբ գոյութեան սպառնալիքը համոզած է իր անխուսափելիութիւնը, երբ...

Չաւուշօղլու Եւ Միրզոյեան Համաձայնած Են Արագացնելու Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը

Չաւուշօղլու Եւ Միրզոյեան Համաձայնած Են Արագացնելու Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ իրենց հանդիպումէն ետք ունեցան մամլոյ ասուլիս մը: «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հաղորդումով Չաւուշօղլու յայտնած է. «Հայաստանը այս դժուար օրերուն մեզի իր մարդասիրական ձեռքը երկարած է եւ ցոյց տուած համերաշխութիւն եւ համագործակցութիւն: «Այսօր հանդիպած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: Երկրաշարժէն ետք ան մեզի...

Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչը  Հայաստանի Կողմէ 2 Ազրպէյճանցի Զինուորներու  Յանձնումը Կը Նկատէ Մարդասիրական Կարեւոր Քայլ

Քլաար Միրզոյեանի Թուրքիա Այցելութիւնը Պատմական Կ՛որակէ

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի` Թուրքիա մեկնելու մասին լուրին, այցելութիւնը որակելով պատմական: «Ասիկա պատմական այցելութիւն է, որ կը յաջորդէ կարիքի մէջ գտնուող դրացիին աջակցելու որոշումին: Յոյսով ենք, որ անիկա հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ սպասուող նոր զարգացումներու նախանշան ըլլայ», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Քլաար: 14...

Դրամատուներու Միութիւն. «Կը Մերժենք  Պաշտօնեաներուն Եւ Մասնաճիւղերուն  Վրայ Յարձակումները»

Աշխատաւորական Եւ Փոխադրութեան Համադաշնակցութիւններու Ճշդած Այսօրուան Ընդհանուր Գործադուլը Կ՛առկախուի

Լիբանանի տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի տագնապները հետզհետէ աւելի կը սրին, իսկ քաղաքական առումով ամէն բան կը մնայ տեղքայլի մէջ: Սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի սակը հասած է շուրջ 77.000 լ. ոսկիի` աղքատի սեղանէն խլելով նոյնիսկ բանջարեղէնով սնանելու կարելիութիւնը: Ճիշդ է, որ երկրի վիճակին բարելաւման նկատմամբ իր յոյսը օրըստօրէ կորսնցնող լիբանանցին հակուած է աւելի քան երբեք որդեգրելու յուսահատութեան ուղին, սակայն...

Կարմիր Խաչի Միջազգային Յանձնախումբի  Բերձորի Միջանցքի Վերաբերեալ Յայտարարութիւնը

Հայաստանէն Արցախ Տեղափոխուած Է 20, Իսկ Հակառակ Ուղղութեամբ` 23 Մարդ

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Հայաստանէն Արցախ տեղափոխուած է 20, իսկ հակառակ ուղղութեամբ` 23 մարդ: Արցախի տեղեկատուական շտապին համաձայն, անոնք Հայաստան տեղափոխուած են իրենց ընտանիքներու հետ վերամիաւորուելու համար: Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին հետ կապող միակ ճամբան փակուած է արդէն 64 օրէ ի վեր: Զայն 12 դեկտեմբեր 2022-էն փակած են իրենք զիրենք «բնապահպաններ» անուանող  խումբ մը ազրպէյճանցիներ, սակայն...

Միրզոյեան Եւ Քասփրչիք Քննարկած Են  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Միրզոյեան Եւ Քասփրչիք Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք երէկ տեղի ունեցած հանդիպումին քննարկած են Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, քննարկելով շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցեր, զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի շուրջ զարգացումներուն:

Խորհրդարանի Դիւանը Իր Քննարկումները  Պիտի Շարունակէ Յառաջիկայ Երկուշաբթի

Խորհրդարանի Դիւանը Իր Քննարկումները Պիտի Շարունակէ Յառաջիկայ Երկուշաբթի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին` ներկայութեամբ ընդհանուր քարտուղարներ Ալեն Աունի եւ Հատի Ապուլ Հասանի, ինչպէս նաեւ դիւանի անդամներ` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Ապտել Քերիմ Քապպարայի եւ Միշել Մուսայի: Նիստէն ետք խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր յայտնեց, որ խորհրդարանի դիւանը իր քննարկումները պիտի շարունակէ երկուշաբթի, 20 փետրուար 2023-ին, կէսօրէ ետք...

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Մեծաշուք  Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Մեծաշուք Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին երկուշաբթի, 13 փետրուար 2023-ին, կաթողիկոսանիստ վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ անդաստանի հոգեպարար արարողութիւնը, մեր Տիրոջ` Քրիստոսի կեանքի օրինակով մանուկներու տաճար ընծայումը եւ Քրիստոսի Լոյսը խորհրդանշող աւանդական խարոյկի հրավառութիւնը: Տեառնընդառաջի նախատօնակին առիթով ներկայ թէ առցանց հետեւող հաւատացեալներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդգծեց հայ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինը իր կրթական ու մշակութային առաքելութեամբ եւ  աշխարհատարած գործունէութեամբ անմասն չի մնար հայ ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններէն ու աղէտներէն: 6 փետրուար 2023-ի վաղ առաւօտեան տեղի ունեցած երկրաշարժը ցնցած է համայն աշխարհը, յատկապէս` շրջանի ժողովուրդն ու Միջին Արեւելքի երկիրները: Տասնամեակէ մը ի վեր ընթացող Սուրիոյ պատերազմի ահաւոր հետեւանքներուն վրայ աւելցաւ նոր ցաւ մը: Հալէպն ու հալէպահայութիւնը կրկին թիրախ են` այս անգամ բնութեան...

Խմբագրական.   Մարդասիրականի Անուան Տակ  Քաղաքական Եւ Ընտրական

Խմբագրական. Մարդասիրականի Անուան Տակ Քաղաքական Եւ Ընտրական

Թուրքիան եւ Սուրիան ցնցած երկրաշարժին առընթեր արձանագրուած որոշ քաղաքական երեւոյթներ պէտք է լուսարձակի տակ առնել եւ որոշ ընդգծումներ ընել: Նախ այն, որ մարդասիրականն ու քաղաքականը դժուար տարանջատելի եղան, յատկապէս երբ Սուրիոյ պարագային տարբեր երկիրներու օժանդակութիւն ապահովող օդանաւերը չհատեցին սուրիական օդային տարածքը: Աղէտեալ ժողովուրդը շարունակեց մնալ պատժամիջոցներու ենթակայ: Ուշացումով, Միացեալ Նահանգները ժամանակաւորապէս վերցուցին արգելքը, սակայն մինչ այժմ չուղարկեցին որեւէ օժանդակութիւն: Պարզ...

Page 251 of 796 1 … 250 251 252 … 796

Արխիւներ