Խլեֆի Կ՛ընդգծէ Լիբանանի Կայունութիւնն Ու Միասնականութիւնը Պաշտպանելու Կարեւորութիւնը
Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ազիզ Խլեֆի երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Պնաշյիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Խլեֆիի ընկերակցեցաւ անոր հետ ժամանած պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ Սահլաուի: Ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ եւ նախկին նախարար Ռոնի Արայժի: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերն ու շրջանային իրադարձութիւնները: Մարոնի...




















