14 յունիսին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նորընտիր անդամները` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան վեհափառ հայրապետին ներկայացուց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նորընտիր կազմը:
Այս առիթով Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքները յայտնեց ներկաներուն` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կազմի անդամ ընտրուելու առիթով: Վեհափառ հայրապետը նկատեց, որ հայրենիքի համար ծանր ժամանակաշրջանին անոնք կը ստանձնեն իրենց պատասխանատու առաքելութիւնը` մաղթելով, որ ամենայն նուիրումով ու նախանձախնդրութեամբ լծուին ծառայութեան ի շահ հայրենիքի եւ ի խնդիր ազգի արժանապատիւ, լուսաւոր գալիքի կերտման:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած անվտանգային խնդիրներուն, մասնաւորապէս կարեւոր նկատուեցաւ համազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք գործակցութեան սերտացումը` ի նպաստ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ հայրենիքի զօրացման:


