Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Միջնորդական Հակամարտութիւնը Եւ Միջազգային Երաշխիքները

June 16, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական լրատուամիջոցները սուր կերպով ընդգծեցին ամերիկեան միջամտութեան իրողութիւնը: Ըստ անոնց, Մոսկուան մտահոգ է, որ Միացեալ Նահանգները կը փորձեն  միջնորդական ծառայութիւններ պարտադրել Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան գործընթացին, նոյնիսկ սպառնալիքի միջոցով: Այս տեղեկատուութեան հրապարակման մէջ յղում կատարուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կապուած աղբիւրներու:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը անդրադարձած է հարցին` ընդգծելով, որ առաջին անգամն է, որ միջնորդի դեր վերցուցած կողմ մը կը սպառնայ հակամարտող կողմին: Աւելցուցած, որ Ուաշինկթընը պարտաւոր է մեկնաբանել այս տեղեկութիւնը:

Յայտնապէս ճնշումը կամ սպառնալիքը արցախեան կողմին ուղղուած է: Աւելի՛ն. ըստ լրատուամիջոցին, եթէ Արցախի ներկայացուցիչները մերժեն հանդիպիլ Պաքուի ղեկավարներուն հետ, Միացեալ Նահանգները կը սպառնան դիմել հակաահաբեկչական գործողութիւններու:

Երեւոյթը սովորական լրատուամիջոցի մը մեկնաբանական լրատուութեան չի վերաբերիր: Նոյն նիւթին մէջ կ՛ըսուի, որ լրատուամիջոցը յղում կատարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներուն: Արտաքին գործոց նախարարութենէն ոչ միայն հերքում չկայ, այլ բացատրութիւն պահանջուած է Ուաշինկթընէն:

Ուշագրաւ է, որ արծարծուած ամերիկեան սպառնալիքը կամ ճնշումը ուղղուած է արցախեան կողմին: Այս կ՛ենթադրէ, որ Պաքուն խնդիր չունի Ստեփանակերտի հետ հանդիպելու: Եթէ խնդիր չունի, ուրեմն Ազրպէյճանի ճշդած օրակարգով կը պայմանաւորուի հանդիպումը: Պաքուն կը շարունակէ յանկերգել, որ միակ օրակարգը Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու պիտի ըլլայ համարկումը:

Պաշտօնական Ստեփանակերտը չէ մեկնաբանած տեղեկութիւնը: Չմեկնաբանելը չհերքել է աւելի քան չհաստատել այս պարագային: Ուաշինկթընէն տակաւին չկայ արձագանգ կամ հերքում հրապարակուածին մասին: Կ՛ենթադրուի, որ կ՛ըլլայ անպայման:

Պէտք է մտաբերել Ուաշինկթընի հանդիպման յետաձգումը` Պաքուի առաջարկով: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները յետաձգումի որոշումին տուին թեքնիք, ոչ էական պատճառներ:

Քաղաքական ընթերցումները այս բոլորին մտածել կու տան  այլ շարժառիթներու մասին: Ուաշինկթընի հիմնական նպատակը ո՛չ Արցախի կարգավիճակն է, ո՛չ անվտանգութիւնը, ո՛չ ալ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները: Հետապնդուածը միջնոդութեան գործընթացի ղեկավարման ստանձնումն է:  Ստեփանակերտ-Պաքու ձեւաչափը նման պայմաններով Ստեփանակերտի բանակցային կողմի հանգամանքի ապահովման հետ կապ չունի: Ազրպէյճանի բացարձակ պայմանը յստակ է այս առումով: Կը բանակցին բացառապէս համարկումի օրակարգով:

Ամերիկեան  միջնորդութիւնը ռուսական միջնորդութեան չէզոքացումը կ՛ենթադրէ: Սպառնալիքը, որուն մասին կ՛ակնարկուի հրապարկումին մէջ, շատ հեռուները կ՛երթայ` «հակաահաբեկչական գործողութիւններ խոստանալով:

Չի բացառուիր, որ նման նիւթ հրապարակելը Մոսկուայի պատուէրն է: Բայց երբ չեն հերքուիր պաշտօնական յայտարարութիւնները, հաւաստիութիւնը տեղ կը շահի: Պարզ է, որ Մոսկուայի առաջին շահագրգռուածութիւնը միջնորդի հանգամանքը պահելն է եւ խաղաղապահ ուժերը այնտեղ տեղակայելը: Որոնց համար Մոսկուան կը շարունակէ յենիլ եռակողմ համաձայնութիւններուն վրայ:

Սակայն Պաքուն հիմնովին կը խախտէ եռակողմերը, եւ` այս հրապարակումին ճամբով պարզ կը դարձնէ, որ ամերիկեան պահանջներուն ընդառաջած է. փաստօրէն ճնշումն ու սպառնալիքը ուղղուած են Ստեփանակերտին:

Քաղաքական այս նախադրեալներով ալ կը բացատրուի միջազգային երաշխիքներով Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան ձեռնարկումի առաջադրանքը, որ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի շրջանակներէն կը շարունակէ հնչել:

«Ա.»

Նախորդը

Ազրպէյճան Յառաջխաղացման Փորձ Կը Կատարէ Հակարիի Կամուրջին Ուղղութեամբ Եւ Կ՛արգիլէ Բերձորի Միջանցքով Բոլոր Մարդասիրական Փոխադրումները

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 16 Յունիս 2023)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.