Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են Արցախի Միւս Բնակավայրերէն
Շուշիի շրջանի չորս գիւղեր` Մեծ Շէնը, Հին Շէնը, Եղցահողն ու Լիսագորը, արդէն չորս օրէ ի վեր կտրուած են Ստեփանակերտէն եւ Արցախի միւս բնակավայրերէն: Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին, շաբաթ օրը Լիսագորի հատուածին մէջ բարձունքի գրաւումից ետք ազրպէյճանական զինուժը ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առած է այդ ճամբան` զրկելով արցախցիները այլընտրանքային միակ կապէն: Լաչինի միջանցքի շրջափակման աւելի քան երեք ամիսներու ընթացքին այս դժուարանցանելի ճամբով...




















