Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Յառաջխաղացման Փորձ Կը Կատարէ Հակարիի Կամուրջին Ուղղութեամբ Եւ Կ՛արգիլէ Բերձորի Միջանցքով Բոլոր Մարդասիրական Փոխադրումները

June 16, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտուն Հայաստան-Արցախ սահմանագիծին` Հակարիի կամուրջի տարածքին մէջ լսուած են առաջին կրակոցները: Ժամը 8:40-ի սահմաններուն մէջ ազրպէյճանցի խումբ մը սահմանապահ զինուորներ յառաջխաղացման փորձ կատարած են կամուրջի ուղղութեամբ` փորձած են Հայաստանի տարածքին մէջ դրօշ տեղադրել: Հայաստանի սահմանապահ ծառայութենէն տեղեկացուցած են, որ ձեռնարկուած միջոցներուն շնորհիւ ազրպէյճանցի զինուորներու յառաջխաղացման եւ դրօշ տեղադրելու փորձը կանխուած է: Աւելի ուշ տարածուեցաւ տեսանիւթ մը, որու մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէս ազրպէյճանցիները, ենթադրաբար, ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ կ՛անցնին կամուրջը, Հայաստանի տարածք կը մտնեն, դրօշը ձողով կը փորձեն ամրացնել, ապա բոլորը կը ցրուին` հայկական դիրքէ արձակուած կրակոցէն ետք:

Պաշտօնական Պաքուն դրօշի տեղադրման ջանքերուն մասին չի խօսիր, այլ կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տարածքէն կրակած են Հակարիի անցակէտին ուղղութեամբ, ազրպէյճանցի սահմանապահ մը վիրաւորուած է:

Օրուան ընթացքին տարածուեցաւ այլ տեսանիւթ մը, ուր ազրպէյճանական դրօշը կը բարձրացուի նոյն հատուածին մէջ` այս անգամ պատկերներէն դատելով` ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար Լենցովի ներկայութեամբ: Թէ այս փորձը ինչո՛վ աւարտած է` յայտնի չէ: Փաստը այն է, որ այս պահուն կամուրջէն դէպի Սիւնիքի մարզ բերող հատուածին մէջ ազրպէյճանական դրօշ չկայ, կայ դրօշի ձողը:

Երէկ առաւօտեան Հակարիի կամուրջին մօտ տեղի ունեցած ազրպէյճանական սադրանքէն ետք Բերձորի միջանցքով բոլոր մարդասիրական ուղեւորափոխադրումներն ու բեռնափոխադրումները Ազրպէյճանի կողմէ արգիլուած են: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը:

«Մասնաւորաբար, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ 25 հիւանդ եւ անոնց հարազատներ կը տեղափոխուէին Արցախէն Հայաստան, սակայն Քաշաթաղի միջանցքին մէջ գործող ապօրինի ազրպէյճանական անցակէտին մէջ արգիլուած է մեքենաներու հետագայ տեղաշարժը` անոնց ստիպելով վերադառնալ Ստեփանակերտ:

«Բացի ատկէ, չեղեալ նկատուած է այսօր նախատեսուած Ստեփանակերտ-Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով տասնեակ անձերու ուղեւորափոխադրումը մարդասիրական հրատապ կարիքներէն մեկնելով, անիկա պէտք է տեղի ունենար ռուս խաղաղապահներու կողմէ:

«Կասեցուած է նաեւ մարդասիրական բեռնափոխադրման նպատակով Գորիս մեկնող ռուս խաղաղապահներու բեռնատարներու շարժը:

«Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները հերթական անգամ կ՛արձանագրեն, որ Քաշաթաղի միջանցքին մէջ տեղադրուած ապօրինի ազրպէյճանական անցակէտը ինքնին մեծագոյն վտանգ ու խոչընդոտ է Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ ազատ տեղաշարժի ապահովման հարցին մէջ: Այսօրուան միջադէպը վերստին կը հաստատէ այդ վտանգներու եւ խոչընդոտներու գոյութիւնը` լրացուցիչ կերպով սպառնալիքի տակ դնելով Արցախի ժողովուրդի սուր մարդասիրական կարիքներուն համար նոյնիսկ Կարմիր խաչի եւ ռուս խաղաղապահներու կողմէ մարդոց ու բեռներու խիստ սահմանափակ տեղաշարժը:

«Արցախի իշխանութիւնները կը վերահաստատեն իրենց դիրքորոշումը, որ անյապաղ ու անվերապահ կերպով պէտք է ապահովուի 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած Լաչինի միջանցքի դրութիւնը առանց ազրպէյճանական որեւէ միջամտութեան, ինչպէս նաեւ պէտք է կատարուի ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 փետրուար 2023-ի որոշումը այդ հարցին վերաբերեալ»:

 

 

Նախորդը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Նորընտիր Անդամները

Յաջորդը

Ակնարկ. Միջնորդական Հակամարտութիւնը Եւ Միջազգային Երաշխիքները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.