Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն ստորաբաժանումները 12 յունիսի ժամը 14:15-ին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Սոթքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ` կիրարկելով նաեւ ականանետ:
«Արմէնփրես» այս մասին տեղեկացած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն, որուն մէջ նաեւ կը նշուի, որ հայկական կողմը տուժածներ չունի:


