10 յունիսին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը Արցախի հետ շփման գիծի հարաւարեւմտեան ուղղութեամբ խախտած է հրադադարը` կիրարկելով հրաձգային զէնք եւ ականանետ, կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը` նշելով, որ ժամը 12:20-ի սահմաններուն մէջ ազրպէյճանական կողմը 60 մմ տրամաչափի ականանետէ 3 ական արձակած է պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ:
Հայկական կողմը, ըստ հաղորդագրութեան, կորուստներ չունի:
Հրադադարի խախտման մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան:
Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Կը Շարունակէ Խեղաթիւրել Իրականութիւնը
Արցախի պաշտպանութեան բանակը շաբաթ օր հերքեց Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, որ իբրեւ թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները 10 յունիսին պարբերաբար կրակ բացած են Արցախի Շուշիի եւ Ասկերանի շրջաններու բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մասնաւորապէս նշած է, որ հայկական կողմը գիւղատնտեսական աշխատանքներու անուան տակ փորձած է մնայուն ամրակայաններ տեղադրել ազրպէյճանական բանակի դիրքերուն դիմաց:
«Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, փորձելով հիմնաւորել իր ստորաբաժանումներուն կողմէ հրադադարի դրութեան իւրաքանչիւր օր արձանագրուող խախտումները, կը շարունակէ խեղաթիւրել իրականութիւնը, հերթական անգամ յայտարարելով Մարտակերտի, Մարտունիի, Ասկերանի եւ Շուշիի ուղղութեամբ իբրեւ թէ իրականացուող ճարտարապետական աշխատանքները խափանելու մասին», նշուած է Արցախ պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան մէջ: