Գլխաւոր լուրեր

Դեսպան Աթաբեկեան  Այցելեց Զօր. Ժոզեֆ Աունին

Դեսպան Աթաբեկեան Այցելեց Զօր. Ժոզեֆ Աունին

 22 մայիսին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբեկեան ռազմական կցորդ Ալեքսան Մուշեղեանի ուղեկցութեամբ այցելած է լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

«Յանուն Արցախի, Ընդդէմ Ազրպէյճանի».  Հանրահաւաք` Կոռնիձորի Եւ Արցախի Մէջ

«Յանուն Արցախի, Ընդդէմ Ազրպէյճանի». Հանրահաւաք` Կոռնիձորի Եւ Արցախի Մէջ

20 մայիսին Կոռնիձորի մէջ տեղի ունեցաւ  «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնած բազմահազարանոց հանրահաւաքը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի տարբեր մարզերէն եւ Երեւանէն ժամանած քաղաքացիներ, քաղաքական- հասարակական գործիչներ: Հանրահաւաքը սկսաւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Սիւնեաց թեմի հոգեւորականներու օրհնութեամբ եւ Տէրունական աղօթքով: Ելոյթներ ունեցան Սիսական գունդի հրամանատար Աշոտ Մինասեանը («Աշոտ երկաթ»), ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Գոռ Սարգսեանը, «Համախմբում» շարժման խորհուրդի անդամ Աւետիք Չալաբեանը,...

Ռուսիոյ Պատրիարքը Իր Միջնորդութիւնը  Կ՛առաջարկէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Կրօնական Ղեկավարներուն

Ռուսիոյ Պատրիարքը Իր Միջնորդութիւնը Կ՛առաջարկէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Կրօնական Ղեկավարներուն

Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլը իր միջնորդութիւնը առաջարկած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կրօնական ղեկավարներուն միջեւ երկխօսութեան համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ռուս պատրիարքը յայտարարած է Քազանի մէջ Ազրպէյճանի շիիներու ղեկավար, շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի հետ հանդիպումի ընթացքին: Ազրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն, Փաշազատէ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Քիրիլ պատրիարքին` «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկարամեայ տագնապը կրօնականի չվերածելու,...

Պայտըն. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն  Աջակցիլ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ  Կայուն Եւ Արդար Խաղաղութեան»

Պայտըն. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Աջակցիլ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Կայուն Եւ Արդար Խաղաղութեան»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ազրպէյճանի անկախութեան օրուան` 28 մայիսին ընդառաջ շնորհաւորական նամակ յղած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Պայտըն իր նամակին մէջ գրած է, որ Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու գործընկերութիւնը շրջանին մէջ զարգացում ապահոված է: Սպիտակ տան ղեկավարը նշած է, որ երկու երկիրները միասնաբար կը պայքարին թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ եւ կը...

Երեսփոխանական Գրասենեակին Հրաւէրով Տագնապը Դիմագրաւելու Հանդիպում

Երեսփոխանական Գրասենեակին Հրաւէրով Տագնապը Դիմագրաւելու Հանդիպում

Երեսփոխանական գրասենեակին հրաւէրով, ուրբաթ, 19 մայիսին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ կեանքին մէջ գործող ընկերային ծառայութեան կեդրոններու, միութիւններու եւ համայնքային բաժանմունքներու ներկայացուցիչներու հանդիպում: Հրաւէրին ընդառաջած էին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, ընկերային բաժանմունքի ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Հայ կաթողիկէ համայնքէն Թալին Թերզեան եւ «Հիւմանթաս» կեդրոնէն Անի Գալուստ, Հայ աւետարանական համայնքի ընկերային ծառայութեան կեդրոնէն եւ Հայ ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան,...

Մոսկուայի Մէջ  Միրզոյեան-Լաւրով-Պայրամով Հանդիպում

Մոսկուայի Մէջ Միրզոյեան-Լաւրով-Պայրամով Հանդիպում

Երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ եռակողմ հանդիպումը, որմէ առաջ տեղի ունեցան Լաւրով-Պայրամով եւ Լաւրով-Միրզոյեան երկկողմանի հանդիպումներ: Լաւրով իր հայ պաշտօնակիցին հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Մոսկուայի քայլերուն գլխաւոր նպատակը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է: «Եւ, ինչպէս արդէն...

Անդրադառնալով Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին`  «Յատկապէս Գոհ Ենք Շրջանին Մէջ Եւրոպական  Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Հարցով  Արձանագրուած Յառաջընթացէն»  Կ՛ըսէ Փաթել

Փաթել. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Ուղիղ Երկխօսութեան` Անկախ Բանակցութիւններու Վայրէն»

Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան, անկախ անկէ, թէ ո՛ր հարթակի վրայ կ՛ընթանան բանակցութիւնները: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել: «Կողմերուն միջեւ ուղիղ բանակցութիւնները սկզբունքօրէն կարեւոր են` անկախ անկէ, թէ անոնք ո՛ւր տեղի ունեցած են` Արլինկթընի, Պրիւքսելի, թէ Մոսկուայի մէջ», յայտարարած է Փաթել`...

Միքաթի. «Սուրիացի Տեղահանուածներու  Տունդարձը Կարելի Է Իրականացնել Արաբական  Ճիգերու Մէկտեղումով, Միջազգային  Հովանաւորութեամբ Եւ Սուրիոյ Հետ Գործակցութեամբ»

Միքաթի. «Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը Կարելի Է Իրականացնել Արաբական Ճիգերու Մէկտեղումով, Միջազգային Հովանաւորութեամբ Եւ Սուրիոյ Հետ Գործակցութեամբ»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ Ժետտայի մէջ նախագահեց Արաբական 32-րդ վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը բերող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան: Վեհաժողովին ընթացքին Միքաթի արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Արաբական այս վեհաժողովը վէրքեր բուժելու վեհաժողով է: Ան հաստատեց, որ Լիբանան կը յարգէ միջազգային բանաձեւերը, եղբայր երկիրներու շահերն ու անոնց գերիշխանութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ դէպի այդ երկիրներ արգիլուած նիւթերու արտածումը կասեցնելու...

Ռիատ Սալամէի Ձերբակալման  Հրամանագիր` «Ինթըրփոլ»-էն

Ռիատ Սալամէի Ձերբակալման Հրամանագիր` «Ինթըրփոլ»-էն

Երէկ առաւօտեան «Ինթըրփոլ»-ը իր կարգին ձերբակալման հրամանագիր մը արձակեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ: Հրամանագիրը հասաւ Լիբանանի ընդհանուր դատախազութեան, եւ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ յայտնեց, որ իրենք կը սերտեն այդ հրամանագիրը գործադրելու միջոցները` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի ճշդեն դատական լսումի նիստ մը, որուն հիման վրայ պիտի դիմեն օրինական միջոցառումներու: Ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի իր կարգին յայտնեց,...

Ժետտայի Մէջ Գումարուեցաւ Արաբական  32-րդ Վեհաժողովը. Մասնակիցները Ողջունեցին  Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձը

Ժետտայի Մէջ Գումարուեցաւ Արաբական 32-րդ Վեհաժողովը. Մասնակիցները Ողջունեցին Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձը

Երէկ կէսօրէ ետք, Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ ընթացք առաւ Արաբական 32-րդ վեհաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը: Վեհաժողովին հիւրաբար խօսք մը արտասանեց նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի: ՍԱՆԱ-ի համաձայն, Ասատ եւ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը վեհաժողովի սկիզբէն առաջ ձեռնուած են: Ալճերիոյ վարչապետ Այման պըն Ապտել Ռահման վեհաժողովի բացման խօսքին մէջ ողջունեց Սուրիոյ Արաբական լիկայի...

Հրանդ Մարգարեան. «Դէպի Կոռնիձոր՝ Կարեւոր Գործի Մը Սկիզբը Դնելու Հաւատքով»

Հրանդ Մարգարեան. «Դէպի Կոռնիձոր՝ Կարեւոր Գործի Մը Սկիզբը Դնելու Հաւատքով»

20 մայիսին «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութիւնը ընդդէմ Ազրպէյճանի հանրահաւաք մը կազմակերպած է Հայաստանի սահմանային Կոռնիձոր գիւղին մէջ: Այս առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու նախկին ներկայացուցիչ, «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Հրանդ Մարգարեան 106,5 լրատուական ձայնասփիւռի «Թարմ ուղեղով» հաղորդաշարին տուած է հարցազրոյց մը: Հարցազրոյցին մէջ Հրանդ Մարգարեան կ՛ըսէ, որ Կոռնիձորի հանրահաւաքը  խաղաղ հանրահաւաք է եւ կարճ պիտի ըլլայ: «Մեզի համար կարեւորը...

«Հայուն Փրկութիւնը Իր Խելքին Մէջ Է»

Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութիւններու Քաղաքական Ուժերու Միացեալ Յայտարարութիւնը

Երէկ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու աւելի քան երեք տասնեակ քաղաքական ուժեր եւ կուսակցութիւններ հրապարակեցին հետեւեալ յայտարարութիւնը. Պրիւքսելեան վերջին հանդիպման աւարտին յայտարարուած արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Ռէյքեավիքում Ն. Փաշինեանի կողմից հնչեցրած մօտեցումները խորը մտահոգութիւն են առաջացրել հայ ժողովրդի մօտ: Աշխարհաքաղաքական ստեղծուած իրավիճակում հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւնների արհեստական արագացումը, այն էլ ճնշումների եւ սպառնալիքների ներքոյ, թէ՛ ձեւով, թէ՛ բովանդակութեամբ չի բխում հայ ժողովրդի շահերից: Այսպէս....

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը`  Նախագահ Յարութիւնեանին.  «Ստեղծեցէ՛ք Պաշտպանութեան Պետական Կոմիտէ`  Ընդգրկելով Վարդանեանը Եւ Բաբայեանը,  Այլապէս Կա՛մ Հրաժարական, Կա՛մ Վստահութեան Հանրաքուէ»

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը` Նախագահ Յարութիւնեանին. «Ստեղծեցէ՛ք Պաշտպանութեան Պետական Կոմիտէ` Ընդգրկելով Վարդանեանը Եւ Բաբայեանը, Այլապէս Կա՛մ Հրաժարական, Կա՛մ Վստահութեան Հանրաքուէ»

Նախքան Արցախի Ազգային ժողովի 18 մայիսին գումարուած հերթական նիստի աշխատանքներուն անցնելը` Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան հանդէս եկած է հանրապետութեան նախագահին ուղղուած յայտարարութեամբ, որով առաջարկած է ստեղծել պաշտպանութեան պետական կոմիտէ եւ անոր կազմին մէջ ընդգրկել Ռուբէն Վարդանեանը եւ Սամուէլ Բաբայեանը: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն, Արթուր Թովմասեան նշած է. «Պարո՛ն Նախագահ, եթէ այդ բնորդը  չաշխատի, հիմա կարող...

Յ. Բագրատունի Այցելեց  Բանակի Հրամանատարին

Յ. Բագրատունի Այցելեց Բանակի Հրամանատարին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ` Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի, երէկ այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապները, երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր:

Միքաթի Հասաւ Ժետտա

Միքաթի Հասաւ Ժետտա

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հասաւ Ժետտա, ուր պիտի նախագահէ 32-րդ Արաբական վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը բերող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը: Միքաթի դիմաւորուեցաւ Մեքքայի իշխանի տեղակալ Պատըր պըն Սուլթանի, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի, Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆաուզի Քապպարայի եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի կողմէ: Միւս կողմէ, Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան առումով...

Ակնարկ.  Երկրորդ Փուլի Արդիւնքէն Անկախ

Ակնարկ. Երկրորդ Փուլի Արդիւնքէն Անկախ

Թուրքիոյ  համապետական ընտրութիւններու խորհրդարանական պատկերը պարզ է: Կայ յստակ համաձայնական մեծամասնութիւն: Էրտողանի վերընտրուելու պարագային այս մեծամասնութիւնը աւելի կ՛ամրապնդէ նախագահական համակարգով ղեկավարուող Թուրքիան: Ներքին առումով Էրտողանը կ՛ունենայ օրէնսդիրի հեզասահ համաձայնութիւնները նախագահական գերլիազօրութիւնները կատարելու ընթացքին: Քըլըչտարօղլուն խոստացած էր ընտրուելու պարագային հետամուտ ըլլալ Սահմանադրական հիմնական փոփոխութիւններ իրականացնելու եւ համակարգը դարձնելու խորհրդարանական, փոխհակակշիռ հաստատութիւններու կայացման առաջադրանքով: Քաղաքագիտական կանխատեսումները ընդհանրապէս կեդրոնացած էին արդէն երկրորդ փուլի...

Սոթքի Ուղղութեամբ Ազրպէյճանի Զինեալ  Ուժերու Ստորաբաժանումներու Կրակոցին  Պատճառով Նահատակուած Է Զինուոր Մը

Սոթքի Ուղղութեամբ Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերու Ստորաբաժանումներու Կրակոցին Պատճառով Նահատակուած Է Զինուոր Մը

Սոթքի ուղղութեամբ 17 մայիսին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու կրակոցին պատճառով նահատակուած է զինուոր Էտկար Վահանի Սուլէյմանեանը (ծնեալ` 2003-ին): «Արմէնփրես»-ին այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորուստի ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ նահատակուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները 17 մայիսի ժամը 16:15-ի սահմաններուն մէջ կրակ բացած էին Սոթքի ուղղութեամբ...

19 Մայիսին Մոսկուայի Մէջ Հայ-Ազրպէյճանական  Ոչ Դէմ Առ Դէմ Բանակցութիւններ

19 Մայիսին Մոսկուայի Մէջ Հայ-Ազրպէյճանական Ոչ Դէմ Առ Դէմ Բանակցութիւններ

19 մայիսին Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենան առանձին հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններ` խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ: Երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները պիտի քննարկեն Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարները` հաշուի առնելով շրջանին մէջ տինամիք իրավիճակը: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: Ըստ անոր, տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ռայի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

Երեքշաբթի, 16 մայիս 2023-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մարոնի եկեղեցւոյ Ռայի պատրիարքին անձնական ներկայացուցիչը` Փոլ Սայահ արքեպիսկոպոսը: Հանդիպման ընթացքին խօսակցութիւնը առաւելաբար կեդրոնացաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցին վրայ: Արքեպիսկոպոսը վեհափառ հայրապետին զեկուցեց անցնող շաբթուան ընթացքին Պքերքէի ունեցած խորհրդակցութիւնները յիշեալ հարցին գծով: Որոշուեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ պատրիարքին միջեւ խորհրդակցութիւնները շարունակել:    

Ժետտայի Մէջ.   Պու Հապիպ Եւ Մըքտատ Շեշտեցին Սուրիացի  Տեղահանուածներուն Տունդարձի Կարեւորութիւնը

Ժետտայի Մէջ. Պու Հապիպ Եւ Մըքտատ Շեշտեցին Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձի Կարեւորութիւնը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ Ժետտայի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովին: Այս շրջագիծին մէջ Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պու Հապիպ եւ Մըքտատ շեշտեցին Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի կարեւորութիւնը: Մըքտատ...

Page 235 of 796 1 … 234 235 236 … 796

Արխիւներ