Գլխաւոր լուրեր

Խօսելով Այսօր Քիշնեւի Մէջ  Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին Մասին`  Միշել. «Կարեւոր Է Զերծ Մնալ Առաւելապաշտական  Դիրքորոշումներէն Եւ Երկխօսութեան Նպատակ Ունենալ»

Խօսելով Այսօր Քիշնեւի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին Մասին` Միշել. «Կարեւոր Է Զերծ Մնալ Առաւելապաշտական Դիրքորոշումներէն Եւ Երկխօսութեան Նպատակ Ունենալ»

Կը սպասեմ Քիշնեւի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Հայաստան-Ազրպէյճան կարգաւորման բանակցութիւններու շարունակութեան: Այս մասին իր թուիթըրեան էջին վրայ գրած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել: «Կարեւոր է միայն գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը վերահաստատելու եւ սահմաններու սահմանազատման ուղղութեամբ յառաջընթացի համար, ինչպէս նաեւ սահմանամերձ տարածքներու վտանգները նուազեցնելու համար», նշած է ան: Միշել գրած...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Նուրհան  Պատրիարքին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Նուրհան Պատրիարքին Հետ

Երկուշաբթի, 29 մայիս 2023-ին, Արամ վեհափառ հայրապետը Ժընեւէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի հետ: Վեհափառ հայրապետին եւ պատրիարքին խորհրդակցութեանց առանցքը հանդիսացաւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան պատկանող «Կովերու պարտէզ»-ին շուրջ վերջերս ծագած խնդիրը: Վեհափառ հայրապետը պատրիարքին ուշադրութեան յանձնեց այս հարցին գծով մեր ժողովուրդին եւ շրջանին հետ առնչութիւն ունեցող երկիրներուն մօտ յառաջացած մտահոգութիւնը: Պատրիարքը վստահեցուց վեհափառ հայրապետին, որ «Կովերու...

«Տէր Ենք Մեր Հայրենիքին». Հանրահաւաք  Եւ Երթ` Հայաստանի Հանրապետութեան  Հիմնադրութեան 105-Ամեակին Առիթով

«Տէր Ենք Մեր Հայրենիքին». Հանրահաւաք Եւ Երթ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 105-Ամեակին Առիթով

28 մայիսին Երեւանի մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանի յարակից հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Տէր ենք մեր հայրենիքին» խորագիրով հայկական պետականութեան վերականգնման 105-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը: Ձեռնարկի ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան խօսք առնելով` յայտարարեց, որ իրենք պիտի պայքարին` թոյլ չտալու համար, որ օրուան իշխանութիւնը երկիրը յանձնէ թշնամիին: «Հայաստանի իշխանութեան ղեկին յայտնուած խմբակը չ՛արտայայտեր հայ ժողովուրդի...

Լիբանանահայութիւնը Մայիսեան Փառատօնին  Ընդմէջէն Վճռեց Հաւատարիմ Մնալ Պետականութեան Արժէքներուն Եւ Յաղթահարել Այսօրուան Վիճակը

Լիբանանահայութիւնը Մայիսեան Փառատօնին Ընդմէջէն Վճռեց Հաւատարիմ Մնալ Պետականութեան Արժէքներուն Եւ Յաղթահարել Այսօրուան Վիճակը

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին  եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 28 մայիս 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած Մայիսեան փառատօն: Մայիսեան փառատօնը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակներուն ծածանումով` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներուն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ազգային Շահերուն  Եւ Պետական Շահերուն Միջեւ Բաժանման  Գիծեր Հաստատելը Խոտոր  Կը Համեմատի Մեր Պատսութեան»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ազգային Շահերուն Եւ Պետական Շահերուն Միջեւ Բաժանման Գիծեր Հաստատելը Խոտոր Կը Համեմատի Մեր Պատսութեան»

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հանրապետական Մաղթանք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան Նուիրուած  Կիրակի, 28 մայիս 2023-ին Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ ս. եւ անմահ պատարագի մատուցմամբ, հանրապետական մաղթանքի կատարումով եւ Սարդարապատի հերոսամարտին զոհուած հերոսներու հոգիներուն հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-ամեակը` հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին: Ապա Հայաստանի անկախութեան եւ վեհափառ հայրապետին անուանակոչութեան տօներուն առիթով կոկիկ յայտագիր...

«Մենք Պարտաւո՛ր Ենք Յարգելու Անկախութեան  Հռչակագիրը Եւ Ատով Իսկ Վերակերտելու Մայիս 28-եան  Աւանդներուն Հարազատ Ազգային Պետականութիւն»  Շահան Գանտահարեան

«Մենք Պարտաւո՛ր Ենք Յարգելու Անկախութեան Հռչակագիրը Եւ Ատով Իսկ Վերակերտելու Մայիս 28-եան Աւանդներուն Հարազատ Ազգային Պետականութիւն» Շահան Գանտահարեան

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105-Ամեակի Տօնակատարութիւն Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէին, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-ամեակին առիթով, ուրբաթ, 26 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ռուբէն» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105-ամեակի  տօնակատարութիւն: «Ռուբէն» կոմիտէի անունով բացման խօսքը արտասանեց Թամար Մամիկոնեան, որ ըսաւ, թէ փառաւոր յաղթանակի եւ հպարտութեան օր է մայիս 28-ը, իսկ 1918-ն թուական մըն է,...

53 Նորագիրներ Միացան  Դաշնակցութեան Շարքերուն

53 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն

Նախորդ շաբթուան ընթացքին ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի շարքերէն եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու կոմիտէներէն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն միացան 53 նորագիրներ: Կոմիտէներէն Կուսակցական Շարքերուն Միացան 26 Անձեր Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-ամեակին առիթով, ուրբաթ, 26 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կոմիտէներէն կուսակցական շարքերուն միացող 26 անձերու երդման արարողութիւնը: Օրուան կնքահայր ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Յակոբ Խաչերեան նկատել տուաւ, որ երդման...

Խմբագրական.  Կասեցնելու Համար Գահավիժումը  (Մայիս 28-ի Խորհուրդներու Կենսագործման Համար)

Խմբագրական. Կասեցնելու Համար Գահավիժումը (Մայիս 28-ի Խորհուրդներու Կենսագործման Համար)

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-րդ տարեդարձը կը նշենք  ծանրագոյն պայմաններու մէջ: Պաշտօնական Երեւանի կողմէ յայտարարուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ճանչնալու Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Ընդհանուր միտումը, յայտարարութիւններուն եւ իրադարձութիւններուն ընթացքը մտածել կու տային, որ ի վերջոյ նման դիրքորոշում պիտի հնչէր պաշտօնապէս: Նախ` նշաձողի իջեցման յորդորներ, ապա` ինքնորոշման իրաւունքի բառակապակցութեան դուրս մղում պաշտօնական հռետորաբանութենէն, յետոյ` կեդրոնացում անբովանդակ իրաւունքներու եւ Արցախի...

Կոչ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

2023 թ. մայիսի 22-ի մամլոյ ասուլիսում ՀՀ վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձը անթաքոյց յայտարարեց Արցախը եւ Տաւուշի ու Արարատի մարզերի նախկին անկլաւները Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ ճանաչելու մասին, ինչը ՀՀ վարչախմբի կողմից հետեւողական կերպով իրականացուող հակապետական եւ հակազգային քաղաքականութեան հերթական դրսեւորում է։ Թուրք-ադրբեջանական տանդեմի հետ ձեռք ձեռքի տուած Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւնը ծրագրուած կերպով փորձում է կոտրել մեր ժողովրդի դիմադրութեան ոգին՝ անխուսափելի...

Սերկէյ Միրոնով Հանդիպում Ունեցած Է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներու Հետ

Սերկէյ Միրոնով Հանդիպում Ունեցած Է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներու Հետ

«Արդար Ռուսիա. յանուն ճշմարտութեան» կուսակցութեան նախագահ, Պետական տումային մէջ կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Սերկէյ Միրոնով հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի հետ: Սերկէյ Միրոնով շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրերուն այցելութեան համար` յիշեցնելով, որ «Արդար Ռուսիա. յանուն ճշմարտութեան» կուսակցութիւնը եւ ՀՅԴ-ն վաղեմի բարեկամութիւն ունին, եւ առաջարկած...

Արայիկ Յարութիւնեան Կոչ Կ՛ուղղէ Հայաստանի Իշխանութիւններուն` Ձեռնպահ Մնալու Արցախը Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Ճանչնալու Որեւէ Գործողութենէ

Արայիկ Յարութիւնեան Կոչ Կ՛ուղղէ Հայաստանի Իշխանութիւններուն` Ձեռնպահ Մնալու Արցախը Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Ճանչնալու Որեւէ Գործողութենէ

«Ողջունելով Արցախի Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հնչեցուած միտքերուն վերաբերեալ` կ՛ընդգծեմ, որ մեզի համար անընդունելի է Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, մեր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ ատոր իրագործման փաստը անտեսող որեւէ յայտարարութիւն եւ փաստաթուղթ», նախանցեալ օրուան իր ուղերձին մէջ յայտարարած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան: Արցախը չէ եղած եւ պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, քանի որ ատիկա է...

Երեսփոխաններ Ֆատի Ալամէ Եւ Յակոբ Բագրատունի Տեսակցեցան Արժանթինի Դեսպանին Հետ

Երեսփոխաններ Ֆատի Ալամէ Եւ Յակոբ Բագրատունի Տեսակցեցան Արժանթինի Դեսպանին Հետ

Արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ եւ յանձնախումբի զեկուցաբեր, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Մաուրիսիօ Ալիսի հետ` ներկայութեամբ խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Քրիսթին Մաալուֆի: Ժողովականները խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ հասարակաց յարաբերութեանց եւ անոնց զարգացման յանգող միջոցներուն շուրջ, յատկապէս`...

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մայիսի 22-ի մամլոյ ասուլիսում կատարուած յայտարարութիւնը, որի մէջ նա վերահաստատել է իր պատրաստակամութիւնը` Արցախը ներառելու Ազրպէյճանի կազմում, խիստ վրդովմունք ու զայրոյթ է առաջ բերել Արցախի Հանրապետութիւնում: Նիկոլ Փաշինեանը, փաստօրէն, իր այդ յանձնառութեամբ կոպտօրէն խախտում է Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագրի եւ Սահմանադրութեան ամրագրումներն Արցախի մասին, առանձնապէս, Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհրդի 1992 թուականի յուլիսի 8-ի որոշման հրամայական...

Հայաստանի Ու Արցախի Նախկին Նախագահները  Անընդունելի Կը Նկատեն Փաշինեանի Յայտարարութիւնը

Հայաստանի Ու Արցախի Նախկին Նախագահները Անընդունելի Կը Նկատեն Փաշինեանի Յայտարարութիւնը

Հայաստանի երրորդ եւ Արցախի նախկին նախագահները անընդունելի կը նկատեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները, թէ Երեւանը պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնալու իբրեւ Ազրպէյճանի մաս: «Մշտապէս, ներառեալ անցեալ հինգ տարիները, բոլոր առիթներով ես յայտարարած եմ` Արցախը պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ», շեշտած է Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան: «Ես եւ իմ գլխաւորած քաղաքական ուժը` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, մեր բոլոր յայտարարութիւններուն, ելոյթներուն եւ...

Խմբագրական. Հակապետական Յայտարարութիւններ

Խմբագրական. Հակապետական Յայտարարութիւններ

Պրիւքսելեան հանդիպումներէն բխած Շարլ Միշելի յայտարարութեան հիմնական նորութիւնը` Հայաստան-Ազրպէյճան տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումին առընթեր, թուանշաններով տարածքներու յստակացումն էր: Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսով վերահաստատուեցաւ այդ մէկը, ինչ որ համազօր է Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելուն: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հնչած յայտարարութիւնները նոր բաժին եւս աւելցուցին հայկական կողմէն արձանագրուող հիմնական զիջումներուն վրայ: Սահմանազատման եւ սահմանագծման համար նկատի կ՛առնուի 1975-ի քարտէսը, ուր առանց որեւէ իրաւական հիմքի ...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Զօրակցի Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Կեցուածքին՝ Մերժելով Արցախը Ազրպէյճանի Հողային Ամբողջականութեան Մաս Նկատելու Բոլոր Տեսակի Փորձերը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Զօրակցի Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Կեցուածքին՝ Մերժելով Արցախը Ազրպէյճանի Հողային Ամբողջականութեան Մաս Նկատելու Բոլոր Տեսակի Փորձերը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Սուրբ Աթոռը, աշխարհատարած թեմերով, ազգային իշխանութիւններով ու յարակից կառոյցներով ու միութիւններով, իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի յայտարարութեան` մերժելով Արցախի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս նկատելու որեւէ մօտեցում ու ճիգ ոեւէ մէկուն, եւ այս պարագային յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ու իշխանութեան կողմէ։ Արդարեւ, 10 Դեկտեմբեր 1991-ին համաժողովրդային քուէարկութեամբ Արցախը ինքնիշխանութեան իր հաւաքական կամքը...

Ակնարկ.  Ուքրանիոյ Ներկայութիւնը Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին

Ակնարկ. Ուքրանիոյ Ներկայութիւնը Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին

Ուքրանիոյ նախագահին Արաբական վեհաժողովին յայտնուիլը անակնկալ էր: Ժողովի ձեւաչափն ու օրակարգը նկատի ունենալով նոյնիսկ հակաօրինաչափ երեւոյթի համազօր էր անոր ժամանումը Ժետտա եւ մասնակցութիւնը Արաբական լիկայի սպասուած վեհաժողովին: Նախապէս Զելենսքիի մասնակցութեան մասին յայտարարութիւններ չկային: Գրեթէ նոյն օրն էր, որ անոր մասնակցութեան լուրը պաշտօնականացաւ: Ուքրանիոյ նախագահը  արաբական երկիրներուն կոչ ուղղեց օգնելու ուքրանացի ժողովուրդին` վստահեցնելով, որ իր երկիրը երբեք պիտի չընդունի ռուսական ախորժակները:...

Հայաստանի Իշխանութիւնները Կ՛ուղղուին  Երկրորդ Յանձնուողականութեա՞ն

Հայաստանի Իշխանութիւնները Կ՛ուղղուին Երկրորդ Յանձնուողականութեա՞ն

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին վերահաստատեց այն, ինչ որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ համաձայնած էր Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ վերջին հանդիպման ընթացքին` Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու իմաստով: Այսպիսով Հայաստանի իշխանութիւնները եկան ընդգծելու, որ իրենք արդէն պատրաստ են երթալու երկրորդ յանձնուողական համաձայնագիրի կնքումին` Արցախը վերջնականապէս ընդունելու Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Փաշինեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ...

Բերձորի Միջանցքին Վրայ Ազրպէյճանի Կողմէ  Անցարգելի Հաստատման Վերաբերեալ  Միջազգային Կեցուածքներ

Երեւան Բերձորի Միջանցքի Ազրպէյճանական Անցակէտին Հարցով 2-րդ Անգամ Դիմած Է Լա Հէյի Դատարան

Հայաստանը Բերձորի միջանցքի ազրպէյճանական ապօրինի անցակէտին հարցով 2-րդ անգամ դիմած է Լա Հէյի դատարան: Այս մասին Պետական պատկերասփիւռէն ըսաւ Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան: «Հայաստան կը պահանջէ որոշումին մէջ ներառել նաեւ անցակէտին առնչուած խնդիրը, որովհետեւ փետրուարէն ետք կացութիւնը փոխուած է, եւ անցակէտին առնչուած նոր միջոցի անհրաժեշտութիւն կայ: Ազրպէյճանին մինչեւ մայիսի վերջ ժամանակ տրուած է հայկական կողմի միջնորդութեան...

Ժետտայի Վեհաժողովի  «Կանաչ Լոյս»-էն Ետք.  Դիւանագիտական Ուշագրաւ  «Զօրաշարժ»` Լիբանանի Մէջ

Ժետտայի Վեհաժողովի «Կանաչ Լոյս»-էն Ետք. Դիւանագիտական Ուշագրաւ «Զօրաշարժ»` Լիբանանի Մէջ

Լիբանանցիք մեծ յոյսեր կը կապեն վերջերս Սէուտական Արաբիոյ ժետտա քաղաքին  մէջ գումարուած Արաբական 32-րդ վեհաժողովին, որ արգասիքն էր միջարաբական «զերօ հարցերու» հեռանկարով սկսած սէուտական արտաքին քաղաքականութեան: Փաստօրէն, Սէուտական Արաբիոյ, յատկապէս անոր գահաժառանգի` իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի ցուցաբերած բարեկարգչական ու փոփոխութեան պատրաստակամութեան առթած մթնոլորտի լոյսին տակ անցնող շաբաթներուն իրականացաւ Չինաստանի հովանաւորած Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ անկիւնադարձային հանդիպումը: Իսկ աւելի քան...

Page 234 of 796 1 … 233 234 235 … 796

Արխիւներ