Գլխաւոր լուրեր

Ռուստամեան. «ՀԱՊԿ-ը Կամ Ռուսիան  Ոչինչ Կրնան Ընել, Եթէ Հայաստանը  Իր Իրաւունքները Չի Պաշտպաներ»

Ռուստամեան. «ՀԱՊԿ-ը Կամ Ռուսիան Ոչինչ Կրնան Ընել, Եթէ Հայաստանը Իր Իրաւունքները Չի Պաշտպաներ»

«Երբ ազրպէյճանական զօրքերը Հայաստանի տարածք ներխուժեցին, ՀԱՊԿ-ը պատրաստ էր համապատասխան քայլերու ձեռնարկելու եւ կը սպասէր Հայաստանի արձագանգին. Հայաստանը քաղաքական գնահատական պահանջեց Ազրպէյճանի գործողութիւններուն` զայն դարձնելով նախապայման ՀԱՊԿ-ի համար», այս մասին 16 մայիսին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան: Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ Ռուսիան եւ ՀԱՊԿ-ը չեն կատարեր...

Սարաֆեան. «Հայաստանի Օրակարգին Վրայ  Այս Պահուն ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Հարց Չկայ»

Սարաֆեան. «Հայաստանի Օրակարգին Վրայ Այս Պահուն ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Հարց Չկայ»

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան հաստատած է, որ Հայաստանը Ռուսիայէն չէ ստացած անհրաժեշտ սպառազինութիւնը, ինչի համար վճարած է միլիոնաւոր տոլարներ: «Աշխատանքները կ՛ընթանան, սպառազինութիւնները, իրօք, չեն հասած Հայաստան: Կը Փորձենք շարունակել աշխատանքները, աւելցնելիք որեւէ բան չկայ», ըսած է արտաքին գործոց փոխնախարարը: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ռուսական կողմին որքան գումար վճարուած...

Արաբական Վեհաժողովէն  Լիբանանին Համար Յատուկ Որոշո՞ւմ

Արաբական Վեհաժողովէն Լիբանանին Համար Յատուկ Որոշո՞ւմ

Ուրբաթ, 19 մայիս 2023-ին, Ժետտայի մէջ գումարուելիք Արաբական վեհաժողովին ընթացքին լիբանանեան ակնկալութիւններն ու Լիբանանը յատուկ ուշադրութեան արժանացնելու տեղեկութիւնները հետզհետէ կը շեշտուին: Օրըստօրէ աւելի յստակ կը դառնայ բոլորին համար, որ Արաբական վեհաժողովէն բխելիք եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը պիտի բովանդակէ Լիբանանին վերաբերող յատուկ որոշում մը, որուն լոյսին տակ կարելի պիտի ըլլայ լուծել Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները: Կը նախատեսուի նաեւ, որ Արաբական վեհաժողովին ընթացքին վարչապետի պաշտօնակատար...

Ֆատի Ալամէ Եւ Յ. Բագրատունի  Հանդիպում Մը Ունեցան Ինտոնեզիական  Պատուիրակութեան Մը Հետ

Ֆատի Ալամէ Եւ Յ. Բագրատունի Հանդիպում Մը Ունեցան Ինտոնեզիական Պատուիրակութեան Մը Հետ

Արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ եւ յանձնախումբի զեկուցաբեր, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցան Ինտոնեզիոյ եւ Լիբանանի խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան պատուիրակութեան մը հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ինտոնեզիոյ դեսպան Հաճրիանթօ Թահարան եւ դեսպանատան անձնակազմէն խմբակ մը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի...

Ակնարկ.  Թիւերով Ականապատումը

Ակնարկ. Թիւերով Ականապատումը

Պրիւքսելեան հանդիպումներէն կարելի է արձանագրել քանի մը կէտ: Նախ այն, որ Պրիւքսելի միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւնները կը վերականգնուին այս ձեւով: Ազրպէյճանը, փաստօրէն դէմ ըլլալով Փարիզի միջնորդական մասնակցութեան, առկախած էր քառակողմ ձեւաչափը, որմէ ետք ընդհանրապէս սառած էր նաեւ պրիւքսելեան միջնորդութիւնը: Ազրպէյճանական արգելքը վերցուած է փաստօրէն, որովհետեւ Պրիւքսելի վերագործարկումով չ՛աւարտիր այս նոր գործընթացը: Յայտարարուած է արդէն, որ շուտով Քիշնեւի մէջ կը հանդիպին կողմերու...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը

Պրիւքսելում տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումից յետոյ Եւրոպական խորհրդի նախագահ Շարլ Միշելը պաշտօնապէս յայտարարել է, որ Հայաստանը ճանաչել է Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը 1991 թուականի Ալմա Աթայի Հռչակագրի հիման վրայ. 86.6 հազար քառ. քմ տարածքով: Յայտարարութիւնը տեղի է ունեցել Ազրպէյճանի կողմից Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնների նկատմամբ ուժի շարունակական կիրառման եւ յարձակողապաշտութեան, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան տեղահանութեան, ցեղային զտման եւ ցեղասպանութեան ենթարկելու ահագնացող սպառնալիքների...

Եռակողմ Հանդիպումին Քննարկուած Է  Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններուն  Առնչուող Հարցերու Լայն Շրջանակ

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Վերահաստատած Են Իրենց Հաւատարմութիւնը Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութեան

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ իր հանդիպումէն ետք հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ընդգծած է, թէ ունեցած են բաց, անկեղծ եւ արդիւնքի հասնելու միտուած քննարկում: «Անոնք կեդրոնացած են յառաջընթացի վրայ` Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման առումով: Ղեկավարները կը կիսեն Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւնը: Ես բարձր կը գնահատեմ անոնց համապատասխան ջանքերը: Միասին մենք քննած ենք...

Ազրպէյճան Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է  Կարգաւորելու Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

Պաքու Պրիւքսելեան Հանդիպումին Վերաբերեալ Յայտարարութիւն Տարածած Է

«Պրիւքսելեան ձեւաչափ»-ով հերթական հանդիպումը կարեւոր է կողմերուն միջեւ բարձրագոյն մակարդակով երկխօսութիւնը խրախուսելու տեսանկիւնէն: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` 14 մայիսին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումին վերաբերեալ: Այս մասին հաղորդեց ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը: «14 մայիսին, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ այս ձեւաչափով Եւրոպական...

Պու Հապիպ Պուխարիի Հետ  Քննարկեց Արաբական Վեհաժողովին  Նախապատրաստութիւնները, Իսկ Նախագահական  Ընտրութեան Թղթածրարը Կը Մնայ Անորոշ

Պու Հապիպ Պուխարիի Հետ Քննարկեց Արաբական Վեհաժողովին Նախապատրաստութիւնները, Իսկ Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը Կը Մնայ Անորոշ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց Արաբական վեհաժողովին նախապատրաստութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Միւս կողմէ, հակառակ վերջին 10 օրուան ընթացքին արձանագրուած շարժումին եւ այցելութիւններու շարքին, Լիբանանի մէջ նախագահական դատարկութեան փուլը դժբախտաբար կը շարունակուի, իսկ նախագահական ընտրութեան թղթածրարի ճակատագիրը կը մնայ անորոշ, որովհետեւ...

Եռակողմ Հանդիպումին Քննարկուած Է  Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններուն  Առնչուող Հարցերու Լայն Շրջանակ

Եռակողմ Հանդիպումին Քննարկուած Է Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններուն Առնչուող Հարցերու Լայն Շրջանակ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Պրիւքսելի մէջ տեղի  ունեցած եռակողմ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են շրջանային փոխադրական եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ գերիներու, անհետ կորսուածներու եւ այլ...

Քրեմլին. «Ռուսիա-Հայաստան-Ազրպէյճան  Համաձայնութիւններու Գործադրութիւնը  Պիտի Արտօնէ Հասնիլ Լուծման. Ստորագրուած  Փաստաթուղթերը Այլընտրանք Չունին»

Քրեմլին. «Ռուսիա-Հայաստան-Ազրպէյճան Համաձայնութիւններու Գործադրութիւնը Պիտի Արտօնէ Հասնիլ Լուծման. Ստորագրուած Փաստաթուղթերը Այլընտրանք Չունին»

Ռուսիա-Հայաստան-Ազրպէյճան եռակողմ համաձայնութիւններու գործադրութիւնը պիտի արտօնէ Հարաւային Կովկասի մէջ լուծման հասնիլ. ստորագրուած փաստաթուղթերը, իբրեւ կացութեան լուծման հիմք, այլընտրանք չունին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Ան լրագրող Փաւել Զարուպինի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է. «Ռուսիան, գիտէք, ամբողջովին հաւատարիմ է այն եռակողմ փաստաթուղթերուն, որոնք ստորագրուած են երկու տարի առաջ: Մենք կը մեկնինք...

Գրիգորեան. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու  Քննարկումներ Եղած Են»

Գրիգորեան. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Քննարկումներ Եղած Են»

Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան «Նովոյա Կազեթա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի փոխյարաբերութիւններուն` չժխտելով, որ կազմակերպութենէն դուրս գալու քննարկումներ եղած են: «ՀԱՊԿ-էն կ՛ակնկալէինք, որ կը գործէ անցեալ տարուան սեպտեմբերին` հայկական տարածքին մէջ Ազրպէյճանի ուղղակի յարձակումի ժամանակ: Չգործեց», ըսած է Գրիգորեան: Լրագրողի ճշդող հարցումին, թէ արդեօք ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու մասին խօսք եղա՞ծ է, Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան...

Քվին. «Գերեվարուածները Պէտք Է Հայրենադարձուին,  Զոհուածներու Աճիւնները Պէտք Է  Վերադարձուին Հարազատներուն»

Քվին. «Գերեվարուածները Պէտք Է Հայրենադարձուին, Զոհուածներու Աճիւնները Պէտք Է Վերադարձուին Հարազատներուն»

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվին հանդիպում ունեցած է անհետ կորսուած զինուորներու եւ գերեվարուածներու ընտանիքներու անդամներուն հետ: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը: «Գերեվարուածները պէտք է հայրենադարձուին, իսկ տագնապի երկու կողմերու զոհերուն աճիւնները կարելիութեան պարագային պէտք է վերադարձուին անոնց հարազատներուն», նշուած է դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:  

Ակնարկ.  Յետընտրական Ցնցումներու Տեսութիւնը

Ակնարկ. Յետընտրական Ցնցումներու Տեսութիւնը

Թուրքիոյ մէջ կիրակի տեղի ունենալիք համապետական ընտրութիւնները ամէնէն անկանխատեսելին են թերեւս Թուրքիոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ: Բեւեռացած է հասարակութիւնը, եւ ամբողջ լուսարձակները կեդրոնացած են գործող նախագահին հեռանալո՞ւ, թէ՞ մնալու հաւանականութիւններուն վրայ: Թուրքիան աշխարհին կը ներկայանայ ընտրական մշակոյթի ժողովրդավարական դիմագիծով, երկրորդ փուլի կայացման հաւանականութիւնը բարձր ցուցադրելով եւ գործող իշխանութեան վերընտրուելու  եւ այդ առաջադրանքով դիրքերը չարաշահելու տեսութիւնը փորձել հեռացնելով: Ժողովրդավար այս շղարշը անշուշտ...

Արարատ Միրզոյեան. «Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան  Ճամբուն Վրայ Կարեւոր Է Լեռնային Ղարաբաղի  Տագնապի Քաղաքական Լուծումը»

Մոսկուայի Մէջ Պայրամով-Միրզոյեան Հանդիպումը 19 Մայիսին` «Եթէ Որեւէ Փոփոխութիւն Չըլլայ»

Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը նախատեսուած է 19 մայիսին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան: «Հանդիպումը նախատեսուած է 19 մայիսին, եթէ որեւէ փոփոխութիւն չըլլայ», ըսած է Յովհաննիսեան: Մոսկուայի հանդիպումէն առաջ 14 մայիսին նախատեսուած է երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով հանդիպում Պրիւքսելի մէջ: Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք Մոսկուայի...

Աւստրալիոյ Թասմանիա Նահանգի  Խորհրդարանը Ճանչցաւ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Աւստրալիոյ Թասմանիա Նահանգի Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ վերջինիս կողմէ ձեւաւորուած «Արդարութեան միացեալ նախաձեռնութիւն» բազմազգեան միաւորման հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ Աւստրալիոյ Թասմանիա նահանգի խորհրդարանը 11 մայիսին ճանչցած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը: Այդպիսով Թասմանիան դարձաւ աւստրալիական երրորդ նահանգը, որ Նիւ Սաութ Ուէյլզ եւ Հարաւային Աւստրալիա նահանգներէն ետք կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Համապատասխան օրինագիծը նահանգային խորհրդարանի քննարկման ներկայացուած է խորհրդարանական...

Նախագահական Ընտրութեան Գծով Վերապահ Ու  Խանդավառ Մթնոլորտին Մէջ.  Սերտ Ճիգեր` Երկրի Հրատապ  Հարցերու Լուծման Գծով

Նախագահական Ընտրութեան Գծով Վերապահ Ու Խանդավառ Մթնոլորտին Մէջ. Սերտ Ճիգեր` Երկրի Հրատապ Հարցերու Լուծման Գծով

Վերջին օրերու քաղաքական իրադարձութիւնները նոր հորիզոններ բանալու միտող ջանքերու տպաւորութիւն ձգեցին լիբանանեան քաղաքական, կուսակցական թէ պաշտօնական շրջանակներուն, եւ առհասարակ` հանրային կարծիքին մօտ:  Դիւանագիտական աշխուժ եռուզեռը խոստմնալից քայլերու տպաւորութիւն ձգեց: Արդարեւ, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ շարունակեց իր հանդիպումները Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչակից անձնաւորութիւններու թէ մարմիններու հետ: Այս ծիրին մէջ, երէկ ուշագրաւ էր դեսպան Պուխարիի այցելութիւնը նախագահական թեկնածու երեսփոխան Միշել...

Ակնարկ.   Խաղաթուղթերու Բացայայտման Նախաշեմին

Ակնարկ. Խաղաթուղթերու Բացայայտման Նախաշեմին

Ֆրանսական մամուլը յատուկ լուսարձակի տակ առած է կառավարութեան ներգրաւումը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններու թղթածրարին: Ցուցանիշը այդ բոլորին միայն Ֆրանսայի դեսպանին կողմէ կատարուող մագոգային հանդիպումները չեն: Ֆրանսական մամուլը, յղում կատարելով Ֆրանսայի դիւանագիտական աղբիւրներու, կը խօսի ամէնէն շատ հաւանական համախոհութիւն գոյացնելու տուեալներ ունեցող թեկնածուի մասին: Այստեղ արդէն քննադատական սլաքները կ՛ուղղուին գործող կառավարութեան, որովհետեւ նոյն այդ աղբիւրները կը կեդրոնանան Հըզպալլայի առաջադրած թեկնածու Ֆրենժիէի վրայ:...

Ազրպէյճանի Զինուժը Հրետանային  Եւ Ականանետային  Կրակ Բացած Է Սոթքի Հայկական  Դիրքերուն Ուղղութեամբ

Ազրպէյճանի Զինուժը Հրետանային Եւ Ականանետային Կրակ Բացած Է Սոթքի Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

Երէկ առաւօտեան ժամը 6:00-էն, Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հրետանային եւ ականանետային միջոցներէ կրակ բացած են Սոթքի մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, կը հաղորդէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Մինչեւ երեկոյ տեւած լարուածութեան եւ բախումներուն պատճառով հայկական կողմը ունեցաւ 4 վիրաւոր կը յայտնէ նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը: Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները ձեռնարկեցին համապատասխան պաշտպանական-կանխարգելիչ միջոցառումներ, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Ազրպէյճանի...

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Պատասխանած Է Նիկոլ Փաշինեանի  Պրիւքսելեան Յայտարարութեան

Երեւանը Կոչ Կ՛ուղղէ Պաքուին Դադրեցնելու Հայաստանի Վրայ Ճնշում Գործադրելու Անհիմն Փորձերը

Պաշտօնական Երեւանը կոչ ուղղեց Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դադրեցնելու բանակցային գործընթացը ուժի կիրարկումով խաթարելու եւ ատով Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու անհիմն, չարդարացուած եւ ամօթալի փորձերը: Սոթքի մէջ ազրպէյճանական այսօրուան գործողութիւնները Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը սադրիչ որակեց` ընդգծելով, որ սա միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներէն մէկուն` ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման հերթական խախտում է, որ ցոյց կու տայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու, որոնց շարքին...

Page 236 of 796 1 … 235 236 237 … 796

Արխիւներ