Հայկական կողմը համաձայնութիւն տուաւ Մոսկուայի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպման ռուսական առաջարկին: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր կարգին հաստատած է Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու յառաջիկայ հանդիպումը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան մէկ օր առաջ անդրադառնալով այդ հանդիպման կարելիութեան յայտնած էր. «Բաւական լաւ կարելիութիւններ կան: Երբ այդ հանդիպման պատրաստութեամբ զբաղող փորձագէտներէն յստակ թուական ստանանք, անպայման տեղեկութիւնը կը փոխանցենք»:
Միւս կողմէ, Ալիեւ բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ համաշխարհային լրատուամիջոցներու ֆորումի ընթացքին յայտարարեց. «Հայաստան արդէն ընդունած է, որ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի տարածքն է, եւ անոր իշխանութիւնները արդէն բացայայտ կը յայտարարեն այդ մասին»:
Ան նաեւ յայտարարած է, որ եկած է հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման փուլը:
«Եթէ Հայաստանը հրաժարի Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներէն, ապա մինչեւ տարեվերջ հաւանական է խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրում: Եթէ Հայաստանը չհրաժարի իր տարածքային յաւակնութիւններէն, ապա խաղաղութիւն պիտի չըլլայ, եւ ատիկա շրջանին համար լաւ բեմագրութիւն չէ», յայտարարած է ան:
Ալիեւ նաեւ յայտնեց. «Յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին մենք աւելի քան 150 հազար մարդ պիտի վերադարձնենք Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի շրջաններ»:
«Միայն Ղարաբաղի շրջանին մէջ մինչեւ 2026 թուական կ՛ակնկալուի 140 հազար մարդու վերադարձ: Յոյսով եմ, որ յաջորդ տարի առաջին բնակիչները պիտի գան ու պիտի հաստատուին Շուշի քաղաքին մէջ», ըսած է Ազրպէյճանի ղեկավարը:


