ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Լոզանի դաշնագիրի 100-ամեակի քրտական յատուկ յանձնախումբի մը կազմակերպութեամբ, 22 եւ 23 յուլիսին, Լոզանի մէջ յատուկ խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ: Սոյն խորհրդաժողովին, աշխարհի տարբեր երկիրներէն շուրջ 300 քիւրտեր մասնակցեցան, եւ երկու օրերու ընթացքին քննարկուեցան Լոզանի դաշնագիրի բացասական հետեւանքները: Ելոյթ ունեցողներուն մեծ մասը, զուգահեռներ անցընելով Սեւրի եւ Լոզանի դաշնագիրներուն միջեւ, անդրադարձան Սեւրով ձեռք բերուածները Լոզանի դաշնագիրով ստուերուած եւ առ այսօր չգործադրուած կէտերուն:
Խորհրդաժողովին զուգահեռ, եւրոպական տարբեր երկիրներէն եկած քիւրտ երիտասարդներ, Լոզանի փողոցներուն մէջ քրտական դրօշներով ու ցոյցերով, կը փորձէին ուշադրութիւն հրաւիրել Լոզանի դաշնագիրով կատարուած անարդարութեան վրայ:
Իրերայաջորդ բանախօսները կ’ընդգծէին այն փաստը, որ Լոզանի դաշնագիրով Քիւրտիստանը չորս մասի բաժնուեցաւ, իսկ այսօր անհրաժեշտութիւն է քիւրտ ժողովուրդի միասնականութեան հաստատումը եւ քաղաքական կուսակցութիւններու միակամ ու մէկ դրօշի տակ աշխատանքային համադրումը` ի խնդիր վաղուան յաղթանակին:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ եւ Դաշնակցութեան ուղղուած յատուկ հրաւէրին ընդառաջելով` խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ Նայիրի Մկրտիչեան: Ան իր խօսքին մէջ (քրտերէն) նախ խօսեցաւ հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու բարեկամութեան մասին, ապա նշեց ճակատագրակից ըլլալու եւ միեւնոյն թշնամիին կողմէ հալածուելու փաստը: Ապա աւելցուց. «Սեւրի օրինական պայմանագիրը, որ այդպէս ալ ուժի մէջ չմտաւ, ապօրինաբար դադրեցաւ գործել Լոզանի պայմանագիրով: Լոզանի պայմանագիրը ստորագրած դաշնակից պետութիւններու երակներուն մէջ հոսեցաւ գարշահոտ նաւթը, անոնց սրտին մէջ ամէն բանէ աւելի վառ էր դեղին ոսկիի կամ կանաչ տոլարի տենչը, որ մոռցնել տուաւ արդարութիւնը: Գործեց նիւթական շահերու գռեհիկ պաշտպանութիւնը, ամերիկեան կաշառքը եւս հրաշալի արդիւնքներ տուաւ` ազատախոհ ձեւացող երկիրները պաշտպանեցին Թուրքիան եւ աշխատեցան անոր պատմութիւնը սրբել մեծ արատներէն»:
Լոզանի հետեւանքով հայկական հարցի կրած վնասները թուելէ ետք, Ն. Մկրտիչեան ըսաւ. «Այսօր ալ այնտեղ կը խօսի ու կը գործէ նիւթական շահերու գռեհիկ պաշտպանութիւնը, այսօր ալ ազատախոհ ձեւացող երկիրները կը պաշտպանեն Թուրքիան եւ կը շարունակեն պատմութենէն սրբել անոր բարբարոսութիւնը: Այսօր ալ Թուրքիան իր եղբօր` Ազրպէյճանի հետ կը փորձէ ընկճել հայ ժողովուրդը, կոտրել արցախցիի կամքը` շրջափակման մէջ պահելով 120.000 հայեր, որոնք կը մերժեն լքել իրենց պապենական հողը:
«Այս բոլորը 20-րդ դարասկիզբի Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգական իրականութիւնը կը յիշեցնեն: Ազրպէյճանը բացայայտօրէն ցեղասպանի վարքագիծ կը դրսեւորէ` Արցախի բնիկ ժողովուրդը դրդելով լքել իր հողը: Դարձեալ անարդարութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք, դարձեալ լուռ է միջազգային հանրութիւնը, լուռ են մարդասիրութեան ջատագովները: Ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ չեն կիրարկուիր, Ազրպէյճանն ու Թուրքիան` անտեսելով միջազգային իրաւունքը, կը շարունակեն իրենց բնորոշ վարքագիծը յանուն փանթուրքական ծրագիրներու իրագործման:
«Սակայն հայու յարատեւ պայքարն ու անկոտրում կամքը այլընտրանք չունի: Ինչքան ալ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը ձեռք-ձեռքի տուած փորձեն հայկական Արցախէն վերացնել հայկական հետքերն ու սեփական հայրենիքէն դուրս մղել մեր քաղաքակրթութիւնը` մէկ է, չեն յաջողիր: Արցախը հայկական է եւ պիտի մնայ հայկական»:
Խորհրդաժողովին ելոյթ ունեցաւ նաեւ ասորիներու ներկայացուցիչը, որ անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ այլ փոքրամասնութիւններու կրած զրկանքներուն եւ ջարդերուն:
24 յուլիսին խորհրդաժողովի մասնակիցները, իբրեւ զայրոյթի ու բողոքի արտայայտութիւն, գացին այնտեղ, ուր ստորագրուած էր Լոզանի դաշնագիրը: