Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Ոչ Մէկ Քաղաքական Ուժ Մեծամասնութեան Տիրացաւ

September 19, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի օր տեղի ունեցած Երեւանի ընտրութեանց նախնական արդիւնքներով աւագանի կազմ անցած ուժերէն որեւէ մէկը չկրցաւ կազմել մեծամասնութիւն եւ չի կրնար ստանալ քաղաքապետի աթոռը:

Աւելի քան 234 հազար ընտրողներու ձայները բաշխուած են հետեւեալ ձեւով. «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը ստացած է աւելի քան 75 հազար քուէ կամ ձայներուն 32,5 տոկոսը, «Ազգային առաջընթաց»-ը` աւելի քան 43 հազար քուէ կամ ձայներուն 18,9 տոկոսը, «Մայր Հայաստան» դաշինքը` 15,4 տոկոսը, «Հանրապետութիւն»-ը` 11,3 տոկոսը, «Հանրային ձայն»-ը` 9,7 տոկոսը: Միւս կուսակցութիւններուն հաւաքած ձայները անցողիկ 4 տոկոսէն պակաս էին:

Վերջնական արդիւնքները Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը պիտի հրապարակէ 24 սեպտեմբերին` քուէարկութենէն 1 շաբաթ ետք, այդ ժամանակ պարզ պիտի ըլլայ նաեւ ամէն մէկ քաղաքական ուժի ստացած տեղի վերջնական բաշխումը, մինչ այդ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ եղած բանաձեւի ու քուէարկութեան նախնական թիւերու միջոցով կարելի է ստանալ հետեւեալ պատկերը. Երեւանի աւագանի 65 տեղերէն 24-ը կը ստանայ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը, 14-ը` «Ազգային առաջընթաց»-ը, 12-ը` «Մայր Հայաստան»-ը, 8-ը` «Հանրապետութիւն»-ը եւ 7-ը` «Հանրային ձայն» կուսակցութիւնը:

«Շեմը յաղթահարած քաղաքական ուժերը պիտի սպասեն մինչեւ գործող աւագանիի լիազօրութիւններու աւարտը` 10 հոկտեմբեր: 10 հոկտեմբերին նորընտիր աւագանին պէտք է գումարէ առաջին նիստը, եթէ որեւէ քաղաքական ուժ չունի 50+ աթոռ, ապա այդ պարագային արդէն աւագանին պէտք է երկշաբաթեայ ժամկէտի մէջ ընտրէ քաղաքապետ», յայտնեց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Վահագն Յովակիմեան:

Եթէ այս 2 շաբթուան ընթացքին աւագանիի անդամները չկարողանան համաձայնութեան գալ եւ ընտրել քաղաքապետ, աւագանիի ընտրութիւններու նոր թուական պիտի որոշուի: Հիմա քաղաքական ուժերը կը խօսին հաւանական համաձայնական դաշինքներու մասին:

 

Նախորդը

Կարմիր Խաչը Բերձորի Միջանցքին Եւ Ակնայի Ճամբով Մարդասիրական Օգնութիւն Հասցուցած Է Ստեփանակերտ

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.