Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրի Քիմ. «Միացեալ Նահանգները Պիտի Չհանդուրժեն Լեռնային Ղարաբաղի Հայ Ժողովուրդին Նկատմամբ Ցեղային Զտման Որեւէ Փորձ»

Սեպտեմբեր 15, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի պաշտօնակատար Եուրի Քիմ կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանի կառավարութեան բանալու Լաչինի միջանցքը` մարդասիրական փոխադրումներու համար:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Եուրի Քիմ այս մասին ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ճգնաժամի գնահատում» խորագիրով լսումներուն ընթացքին:

Եուրի Քիմ նշեց, որ վերջին քանի մը ամիսներուն աշխուժօրէն աշխատած են` հասցէագրելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակը:

«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Լաչինի միջանցքի փակումով եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին վրայ անոր փակման հետեւանքներով: Անընդհատ կ՛ըսենք, որ այդ միջանցքը պէտք է բացուի առեւտրային, մարդասիրական եւ սեփական ինքնաշարժներու տեղաշարժին համար», ըսաւ ան:

Քիմ ընդգծեց մարդասիրական մատակարարումները վերականգնելու հրատապութիւնը:

Ան նշեց, որ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը, Կովկասեան բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Լուի Պոնոն, «Եու. Էս. Էյտ»-ի գործընկերները, ինք եւ շատ գործընկերներ աշխուժօրէն ներգրաւուած են այս հարցին մէջ` ճնշում գործադրելու Լաչինի միջանցքի, ինչպէս նաեւ մարդասիրական, առեւտրային եւ մասնաւոր երթեւեկութեան համար այլ ուղիներու անյապաղ եւ անխափան բացման համար` հրատապ անհրաժեշտ պարագաներու անցումը թոյլ տալու նպատակով: Քիմ նաեւ ըսաւ, որ Լուի Պոնօ կրկին շրջանին մէջ է` ճնշում գործադրելու, որպէսզի մատակարարումները դէպի Լեռնային Ղարաբաղ թոյլատրուին անյապաղ եւ սահուն կերպով:

Ան շեշտեց, որ իրենք կոչ կ՛ուղղեն Ազրպէյճանի կառավարութեան արագ վերականգնելու սեփական եւ մարդասիրական փոխադրական միջոցներու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով, նաեւ կը գիտակցին լրացուցիչ երթուղիներու կարեւորութեան:

Ըստ անոր, շրջանին մէջ փոխադարձ վստահութեան բացակայութիւնը ամենալուրջ խնդիրներէն մէկն է: «Մենք պետք է շարունակենք խրախուսել բոլոր կողմերը կառուցողական աշխատելու», նշեց Քիմ:

Ան շեշտեց. «Միացեալ Նահանգները պիտի չհանդուրժեն Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցեղային զտման որեւէ փորձ, գործողութիւն կամ այլ վայրագութիւն`  ըլլայ ատիկա կարճաժամկէտ կամ երկարաժամկէտ»:

Ծերակուտական Ճէյմս Ռիսչն ալ նշեց, որ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ մէջ շարունակուող անկայունութիւնը պարզ կը դարձնեն Հարաւային Կովկասի մէջ Միացեալ Նահանգներու ուժեղ քաղաքականութեան անհրաժեշտութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Ապտոլլահեան. «Շրջանին Մէջ Օտար Ուժերու Որեւէ Ներկայութիւն, Շրջանին Մէջ Տիրող Կացութիւնը Յաւելեալ Բարդացնող Ազդակ Է»

Յաջորդը

Փեսքով. «Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Կացութեան Մէջ Կը Շարունակէ Մնալ Անվտանգութեան Յուսալի Երաշխաւորը»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?