Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քառակողմ Հանդիպումով Անգարայի Առաջադրածը

Սեպտեմբեր 18, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահը Արցախի հակամարտութեան օրակարգով նախաձեռնողականութիւն դրսեւորած է: Առաջարկած է քառակողմ ձեւաչափով` Ռուսիա, Թուրքիա, Հայաստան եւ Ազրպէյճան հանդիպում կայացնել: Տրուած ըլլալով, որ առաջարկողը Թուրքիոյ նախագահն է, ապա ուրեմն կ՛ենթադրուի, որ հանդիպումը կայանալու պարագային անիկա պիտի ըլլայ Թուրքիոյ մէջ:

Օրակարգը եթէ Արցախի հիմնախնդիրն է, ուրեմն պէտք է փորձել դիտարկել, թէ ի՛նչ կը պատահի արցախեան դաշտին մէջ:

Պարզ դարձաւ, որ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները համաձայն եղած են միաժամանակեայ` Բերձորով եւ Ակնայով դէպի Ստեփանակերտ մարդասիրական բեռնատարներու մուտքին: Արցախի իշխանութիւններուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ իրենք որոշած են Կարմիր խաչի Ստեփանակերտի գրասենեակի եւ խաղաղապահ առաքելութիւն  իրականացնող ռուսական զօրախումբի հրամանատարութեան համատեղ առաջարկը` Բերձորի միջանցքով եւ Ակնայի ճանապարհով մարդասիրական բեռներու համաժամանակեայ տեղափոխումը իրականացնել:

Այս լրատուութեան կը յաջորդէր երկրորդ մը, որուն համաձայն աշխատանքներ կը տարուին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչներու հանդիպումը կազմակերպելու ուղղութեամբ: Աշխատանքները կը տարուին «միջնորդներ»-ու կողմէ: Այստեղ չէ հասցէագրուած միջնորդը: Բայց երբ երկու լուրերու յաջորդականութեան տրամաբանութիւնը նկատի ունենանք, ապա պարզ կը դառնայ Կարմիր խաչին հետ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան այս անգամ դիւանագիտական բաժինը: Այլ խօսքով` բեռնատարներուն Ստեփանակերտ ժամանումը կ՛իրականանայ ռուս խաղաղապահներով, իսկ Արցախ-Ազրպէյճան հանդիպումը կը կազմակերպուի նոյն միջնորդին քաղաքական դէմքերով:

Կը թուի, որ Ստեփանակերտ-Պաքու հանդիպման համար պիտի աշխուժանան նաեւ այն կողմերը, որոնք միջազգային երաշխաւորման գործիքակազմի ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէին:

Ռուսական գործօնի ներգրաւումը թէ՛ մարդասիրական օժանդակութիւններու Ստեփանակերտ ժամանման եւ թէ՛ Պաքու-Ստեփանակերտ հանդիպումները նախապատրաստելու ուղղութիւններով նախ անմիջական արձագանգ կը գտնեն Անգարայի մէջ:

Այս հանգամանքներով ալ պէտք է բացատրել Թուրքիոյ նախագահին նախաձեռնութիւնը` քառակողմ հանդիպում իրականացնելու առումով:

Անգարան Մոսկուան ներառելով, Մոսկուան հակակշռելու քայլ կ՛առնէ եւ կը փորձէ նախաձեռնողականութեամբ հանդէս գալ:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութենէն դժգոհ էր Անգարան, որ մնայուն փորձ կը կատարէր միջնորդի կարգավիճակ ապահովելու:

Հիմա քառակողմ ձեւաչափ առաջադրելով Անգարան փորձ կը կատարէ ոչ միայն համամիջնորդի դեր ստանձնելու, այլ նաեւ` գլխաւոր միջնորդի:

Միջնորդի դեր ստանձնելու պատրաստակամութիւն տարբեր առիթներու յայտնած էր նաեւ Իրանը, որ թէ՛ կը յայտարարէ, որ Հայաստանի հետ իր սահմանային իրավիճակը կարմիր գիծ է, թէ՛ կը հաստատէ, որ Պաքուի հետ իր խնդիրները լուրջ չեն:

Պաքուն յայտնապէս կը խանդավառուի քառակողմով: Մոսկուան իր միջնորդական առանձնաշնորհեալ կարգավիճակէն զիջում կ՛ընկալէ առաջարկի ընդունումը:

Կարեւոր է Երեւանի պատասխանը, որ ցարդ խուսանաւումով կը բնութագրուի իբրեւ առաջին արձագանգ:

Քառակողմով Անգարան կը փոխաղերսէ Պաքու-Երեւան եւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացները:

Մինչեւ քառակողմին համաձայնիլը կամ չհամաձայնիլը, ռուսական գործօնի վերահսկողութեամբ մարդասիրական բեռնատարները կը ժամանեն Արցախ: Գուցէ նաեւ Մոսկուայի միջնորդութեամբ կը մեկնարկեն Ստեփանակերտ-Պաքու խօսակցութիւնները:

«Ա.»

Նախորդը

Արցախը Համաձայնած Է Բերձորի Միջանցքով Եւ Ակնա-Ստեփանակերտ Ճամբով Մարդասիրական Բեռներու Միաժամանակեայ Տեղափոխման

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Ամերիկաներու Եւ Աւստրալիոյ Մարմինների Ռայոնական Ժողովի

RelatedPosts

«Ապահովութեան Ուժերը Հրահանգ Ստացած Էին  Ճնշելու «Բոլորս Արցախ Ենք» Ցոյցը».   «Յուսախաբ Ենք Զօրակցութեան  Միակողմանի Կեցուածքներէն»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Գաղութային

«Ապահովութեան Ուժերը Հրահանգ Ստացած Էին Ճնշելու «Բոլորս Արցախ Ենք» Ցոյցը». «Յուսախաբ Ենք Զօրակցութեան Միակողմանի Կեցուածքներէն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Սեպտեմբեր 30, 2023
Արցախի Բնակչութեան Շուրջ 80 Առ Հարիւրը`  Ամբողջութեամբ Տեղահանուած. Ազրպէյճան  Կը Ձերբակալէ Բարձրաստիճան Զինուորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Բնակչութեան Շուրջ 80 Առ Հարիւրը` Ամբողջութեամբ Տեղահանուած. Ազրպէյճան Կը Ձերբակալէ Բարձրաստիճան Զինուորականներ

Սեպտեմբեր 30, 2023
Փեսքով Արձագանգած Է Արցախի Հանրապետութեան Գոյութեան Դադրեցման Մասին Յայտարարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Ռուս Խաղաղապահներու Առաքելութեան Երկարաձգման Կարելիութիւնը Կը Քննարկուի Պաքուի Հետ»

Սեպտեմբեր 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In