Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճան Ներկայացուցած Է Պլինքըն-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Իր Տարբերակը

Ազրպէյճան Ներկայացուցած Է Պլինքըն-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Իր Տարբերակը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը յայտնած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններուն: «Նիուզ» կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդեն, որ Պլինքըն ընդգծած է Բերձորի միջանցքով տեղաշարժի կարեւորութիւնը: Պաքուի պնդումով` ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ «ուրիշ» այլընտրանքային ճամբաներ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեպանը

Երկուշաբթի, 31 յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ,  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Վեհափառ հայրապետը դեսպանը տեղեակ պահեց միջեկեղեցական աշխարհին ճամբով, յատկապէս Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին կողմէ Արցախի գծով կատարուելիք յայտարարութիւններուն մասին: Դեսպանը, իր կարգին, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ներկայացուց վեհափառ հայրապետին Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի մէջ վերջին օրերուն...

Ռիատ Սալամէ Կեդրոնական Դրամատունէն Մեկնեցաւ  Տօնախմբութեամբ, Իսկ Մանսուրի Ստանձնեց Իր Պաշտօնը

Ռիատ Սալամէ Կեդրոնական Դրամատունէն Մեկնեցաւ Տօնախմբութեամբ, Իսկ Մանսուրի Ստանձնեց Իր Պաշտօնը

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ երէկ կէսօրին Կեդրոնական դրամատունէն մեկնեցաւ տօնախմբութեամբ եւ ծափողջոյններով, աւարտելէ ետք երեք տասնամեակ երկարող իր պաշտօնավարութիւնը: Միւս կողմէ, Կեդրոնական դրամատան Ա. փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրի հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ օրէնքին համաձայն, ինք այսօրուընէ սկսեալ կը ստանձնէ Կեդրոնական դրամատան գործադիր իշխանութիւնը` աւելցնելով, որ դրամատան ելեւմտական քաղաքականութիւնը պիտի փոխուի, այլ խօսքով` պետութիւնը ֆինանսաւորելու քաղաքականութիւնը վերջ...

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կոչ Կ՚ուղղէ Ազրպէյճանին Անմիջապէս Վերաբանալու Բերձորի (Լաչին) Միջանցքը

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կոչ Կ՚ուղղէ Ազրպէյճանին Անմիջապէս Վերաբանալու Բերձորի (Լաչին) Միջանցքը

Անցնող օրերուն, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կապ հաստատեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) պատասխանատուներու մարմիններուն հետ, որպէսզի միջազգային համայնքին անգամ մը եւս ուշադրութեան յանձնեն Արցախը Հայաստանին կապող Բերձորի (Լաչին) միակ միջանցքը անմիջապէս վերաբանալու հրամայականը եւ դատապարտեն Ազրպէյճանի կողմէ կատարուող այս անմարդկային արարքը։ Արդարեւ, Ե.Հ.Խ.ը կոչով մը հանդէս եկաւ, ուր ան կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ...

Խմբագրական.  «Ճանաչում Յանուն Փրկութեան»-ը  Կրնայ Դառնալ Համահայկական Օրակարգ

Խմբագրական. «Ճանաչում Յանուն Փրկութեան»-ը Կրնայ Դառնալ Համահայկական Օրակարգ

Արցախի ամբողջական պաշարումին դէմ մինչ այժմ կը դրսեւորուին յայտարարողական մակարդակի կոչեր, պահանջներ, ահազանգներ: Ազրպէյճան ոչ միայն իր ստորագրութեամբ ամրագրուած եռակողմ համաձայնութիւնները չի յարգեր, այլ նաեւ չ՛ենթարկուիր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի թէ Միջազգային արդարադատութեան դատարանի որոշումներուն: Պաքուն գիտակից է, որ ներկայ պայմաններուն մէջ անպատժելի է, հետեւաբար կը դիմէ սանձարձակ գործողութիւններու: Երեւանը յայտարարած է, որ Արցախը կը ճանչնայ իբրեւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան...

Միջազգային Կարմիր Խաչի Կոմիտէի`  Վագիֆ Խաչատրեանի Առեւանգման  Վերաբերեալ Յայտարարութիւնը

Միջազգային Կարմիր Խաչի Կոմիտէի` Վագիֆ Խաչատրեանի Առեւանգման Վերաբերեալ Յայտարարութիւնը

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն հաղորդագրութիւն հրապարակեց շաբաթ օր Բերձորի միջանցքին մէջ տեղադրուած ազրպէյճանական անցակէտին մէջ Արցախի 68-ամեայ բնակիչ Վագիֆ Խաչատրեանի առեւանգման վերաբերեալ: Առանց մանրամասնութիւններ յայտնելու` միջազգային կազմակերպութիւնը միայն կը տեղեկացնէ, որ Բերձորի միջանցքով 15 հիւանդ տեղափոխելու ընթացքին անոնցմէ մէկը «ձերբակալուած է»: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն չի բացատրեր, թէ որո՛նք, ի՛նչ հիմնաւորումով եւ ինչպէ՛ս «ձերբակալած» են բժշկական դարմանումի կարօտ Խաչատրեանը: Նշելով,...

Հայ Դատի Հետապնդման Մարտավարական Նոր Քայլերու Ճշդում` Հայութեան Համար Բաւական Անորոշ Աշխարհաքաղաքական Պայմաններու Մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի Հրաւէրով Գումարուած Է ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Նիստ

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով 28 յուլիսին գումարուած է ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի առցանց նիստ` քննարկելու Արցախի Հանրապետութեան շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու կողմէ իրականացուող աշխատանքներու լայն շրջագիծը: Մասնաւորապէս` քննարկուած են տարբեր աշխարհամասերու մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ առանձին երկիրներու մէջ հայութեան շահերու պաշտպանութեան ուղղուած աշխատանքներու ընթացքը: Բացման խօսքին մէջ...

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Բանակումը Աւարտեցաւ Հայութեան «Խրոխտ, Խիզախ Եւ Միշտ Պատրաստ» Կամաւոր Բանակը Մնալու Յանձնառութեամբ

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Բանակումը Աւարտեցաւ Հայութեան «Խրոխտ, Խիզախ Եւ Միշտ Պատրաստ» Կամաւոր Բանակը Մնալու Յանձնառութեամբ

Ինը օրուան սկաուտական յայտագիրներէ, մրցանքներէ, մշակութային ճոխ առօրեայէ եւ բանակավայրէն դուրս կատարուած այցելութիւններէ ետք, շաբաթ, 29 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ իր աշխատանքները աւարտեց համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումը, յիշատակելի նոր էջ մը աւելցնելով 105-ամեայ ՀՄԸՄ-ի արդի պատմութեան մէջ: Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարուեցաւ ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Աւագեանի,...

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Լիզպոնի 5 Հերոսներուն Անձնուէր Արարքին 40-Ամեակը

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Լիզպոնի 5 Հերոսներուն Անձնուէր Արարքին 40-Ամեակը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կազմակերպութեամբ 27 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ լիբանանահայութիւնը խուռներամ շարքերով ոգեկոչեց իր ծոցէն ծնունդ առած, իրեն ծառայութեան մէջ երբեք չզլացած, բայց եւ այնպէս համայն հայութեան սրբազան Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ իրենց եսը զոհած, մենքը առաջնակարգ նկատած 5 հերոսներուն` Սեդրակ Աճէմեանի, Սիմոն Եահնիեանի, Արա Քըրճըլեանի, Վաչէ Տաղլեանի եւ Սարգիս Աբրահամեանի անձնազոհական արարքին 40-ամեակը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ...

Արցախի Ազգային Ժողովի  Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Ուղերձը

Հիմնուելով ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան, ՄԱԿ-ի 1948 թուականի Մարդու իրաւունքների համընդհանուր հռչակագրի, ՄԱԿ-ի 1948 թուականի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ պատժելու մասին» ուխտի, «Մարդու իրաւունքների եւ հիմնարար ազատութիւնների պաշտպանութեան մասին» 1950 թուականի եւրոպական ուխտի, «Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերի վերացման մասին» 1965 թուականի միջազգային ուխտի եւ Մարդու իրաւունքների միջազգային իրաւունքի եւ Մարդասիրական իրաւունքի բնագաւառում այլ միջազգային պայմանագրերի, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 1974 թուականի «Նախայարձակման սահմանումը»...

Ֆրանսա Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Ազատ Արձակելու  Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիները

Ֆրանսան Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերականգնելու Բերձորի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժը, Արցախի Բնակչութեան Կազի Եւ Ելեկտրականութեան Շարունակական Մատակարարումը

Ֆրանսան իր ափսոսանքը կը յայտնէ Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին յամառ փակման վերաբերեալ, որ կը հակասէ զինադադարի համաձայնագիրներով ստանձնած պարտաւորութիւններուն ու կը վնասէ բանակցային հոլովոյթին: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Ֆրանսայի եւրոպական եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Փարիզ իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատարի` 26 յուլիսի յայտարարութեան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վրայ ազդող մարդասիրական իրավիճակի...

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակին  Նուիրուած Երիտասարդական Հսկում

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երիտասարդական Հսկում

26 յուլիս 2023-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ` Լիզպոնի վերանորոգուած պանթէոնին շուրջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակին նուիրուած երիտասարդական հսկում: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անունով խօսք առաւ Վարանդ Կիրակոսեան, որ անդրադարձաւ 40 տարի առաջ 5 հերոսներուն` Սեդրակին, Սիմոնին, Սագոյին, Արային եւ Վաչէին դիմած քայլին եւ դիտել տուաւ, որ անոնց համար դանակը հասած էր...

Ֆրանսական Դեսպանատան Մէջ Հանդիպում.   Յ. Բագրատունի. «Երկխօսութիւն Չկատարելու  Պարագային Երկիրը Պիտի Առաջնորդուի Դէպի  Բախում Եւ Քայքայում»

Ֆրանսական Դեսպանատան Մէջ Հանդիպում. Յ. Բագրատունի. «Երկխօսութիւն Չկատարելու Պարագային Երկիրը Պիտի Առաջնորդուի Դէպի Բախում Եւ Քայքայում»

Լը Տըրիան. «Սեպտեմբերի Խորհրդակցութիւնները Նախագահի Ընտրութեան Վերջին Առիթը Կը Նկատուին» ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ առաւօտեան ժամը 8:30-ին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի համար յատուկ ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկիրը յուզող քաղաքական տագնապը, որուն շրջագիծին մէջ Լը Տըրիան ներկայացուց Լիբանանի...

Ակնարկ.   Ֆինանսական Ոլորտի Փլուզման Վտանգը Եւ Անորոշ Ծրագիրները

Ակնարկ. Ֆինանսական Ոլորտի Փլուզման Վտանգը Եւ Անորոշ Ծրագիրները

Պաշտօնական Փարիզի յատուկ պատուիրակին պէյրութեան այցելութեան հետ կապուած մեկնաբանութիւնները տարատեսակ են եւ հետագայ իրադարձութիւններու հունաւորման առումով յստակ ուղիներ չեն մատնանշեր: Բնականաբար կան քաղաքականացուած մօտեցումներ` այցելութեան ընդմէջէն իւրաքանչիւր կողմի առաջադրանքին ենթահողի պատրաստութիւն տեսնելու ուղղութիւններով: Պատուիրակը ի՛նք շեշտած է, որ ինքը միայն Փարիզը չի ներկայացներ, այլ նաեւ` Տոհայի հնգեակը, որ ստանձնած է Լիբանանի թղթածրարը: Այս այցելութիւնը փաստահաւաքի բնութագիր ունի եւ տուեալ թեկնածուի...

Խմբագրական.  Լիզպոնն Ու Անկախութեան Հռչակագիրը (Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Լիզպոնն Ու Անկախութեան Հռչակագիրը (Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակին Առիթով)

Լիզպոնի գործողութեամբ փոխանցուած ուղերձները միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման հրամայականին չէին վերաբերեր: Հերոսները կ՛արծարծէին տարածքային պահանջատիրութիւն, հայրենազուրկ գոյավիճակը մերժելու եւ ազատագրութեան դատին նուիրուելու փաստացի եւ գերագոյն զոհաբերութեան օրինակով: Լիզպոնի գործողութենէն հինգ տարի ետք ծայր կ՛առնէր տարածքներու ազատագրութեան առաջին փուլը` արցախեան շարժումը, որ ազատագրական պայքար էր, ըստ էութեան,  ազրպէյճանական բռնատիրութեան դէմ եւ Հայաստանի հետ միաւորման նպատակը կը հետապնդէր: Հայրենիքի ազատագրութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան...

Լիզպոնի Վերանորոգ Պատգամը` «Միայն Զէնքով Կայ Հայոց Փրկութիւն»

Լիզպոնի Վերանորոգ Պատգամը` «Միայն Զէնքով Կայ Հայոց Փրկութիւն»

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ 40 տարի առաջ այս օրը հայութեան նկատմամբ կատարուած թրքական ոճիրը անտեսող «քաղաքակրթուած» աշխարհը ցնցուեցաւ Լիզպոնի մէջ անձնազոհութեան բացառիկ գործողութեամբ, երբ հինգ հայ հերոսներ գիտակից մահով ընտրեցին նահատակութեան ուղին` որակական նոր մղում տալով Հայ դատի հետզհետէ ծաւալող ուժական պայքարին: Ցնցուեցաւ նաեւ ամբողջ հայաշխարհը հանգիստի իր թմբիրին մէջ, Լիզպոնի անձնազոհերը եկան վերյիշեցնելու, որ յուշագիրներն ու խաղաղ դիւանագիտութիւնը իմաստազուրկ են, երբ...

«Արցախի Մեր Ժողովուրդը Ծնո՛ւնդն Է Արցախին»  Կը Շեշտէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Արցախի Մեր Ժողովուրդը Ծնո՛ւնդն Է Արցախին» Կը Շեշտէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Հայրապետական Պատգամը Յղեց Արցախի Զօրակցական Հաւաքներուն Բարբարոս Ազրպէյճանի կողմէ շուրջ ութ ամիսներէ ի վեր շրջափակման մէջ գտնուող Արցախը կը դիմագրաւէ սննդեղէնի, դեղորայքի եւ մարդկային տարրական պահանջներու լուրջ դժուարութիւններ: Սփիւռքի մեր հայորդիները, կազմակերպութիւնները եւ եկեղեցին լծուած են արցախահայութեան ինքնիշխանութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու ու պահպանելու աշխատանքներուն: Արդարեւ, երեքշաբթի, 25 յուլիս 2023-ի երեկոյեան, Երեւանի Ազատութեան եւ Արցախի...

ՀՅ Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչը Լոզանի Մէջ  Մասնակցեցաւ Լոզանի Դաշնագիրի 100-Ամեակին  Առիթով Կազմակերպուած Խորհրդաժողովին

ՀՅ Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչը Լոզանի Մէջ Մասնակցեցաւ Լոզանի Դաշնագիրի 100-Ամեակին Առիթով Կազմակերպուած Խորհրդաժողովին

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Լոզանի դաշնագիրի 100-ամեակի քրտական յատուկ յանձնախումբի մը կազմակերպութեամբ, 22 եւ 23 յուլիսին, Լոզանի մէջ յատուկ խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ: Սոյն խորհրդաժողովին, աշխարհի տարբեր երկիրներէն շուրջ 300 քիւրտեր մասնակցեցան, եւ երկու օրերու ընթացքին քննարկուեցան Լոզանի դաշնագիրի բացասական հետեւանքները: Ելոյթ ունեցողներուն մեծ մասը, զուգահեռներ անցընելով Սեւրի եւ Լոզանի դաշնագիրներուն միջեւ, անդրադարձան Սեւրով ձեռք...

Դեսպան Աթաբէկեան Պու Հապիպէն Կը Պահանջէ  Վերահաստատել Լիբանանի Զօրակցական  Կեցուածքը` Լաչինի Միջանցքը Վերաբանալու

Դեսպան Աթաբէկեան Պու Հապիպէն Կը Պահանջէ Վերահաստատել Լիբանանի Զօրակցական Կեցուածքը` Լաչինի Միջանցքը Վերաբանալու

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ: Հանդիպումին ընթացքին դեսպան Աթաբէկեան Պու Հապիպէն պահանջեց վերահաստատել Լիբանանի զօրակցական կեցուածքը` Լաչինի միջանցքը վերաբանալու: Իր կարգին, Պու Հապիպ լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային եւ առողջապահական տագնապին, առեւտուրի արգելակումին, ինչպէս նաեւ ապրուստի ճնշող պայմաններուն արձանագրած վատթարացումին մասին,...

Համաժողովրդական Հանրահաւաքներ`  Երեւանի Եւ Ստեփանակերտի Մէջ

Համաժողովրդական Հանրահաւաքներ` Երեւանի Եւ Ստեփանակերտի Մէջ

Երէկ` 25 յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան պետական օրհներգով Ստեփանակերտի Վերածնունդի եւ Երեւանի Ազատութեան հրապարակներուն վրայ տեղի ունեցան համաժողովրդական հանրահաւաքներ` Արցախի ապաշրջափակման եւ անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու պահանջով: «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հաղորդումով` Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն հանրահաւաքի մասնակիցներուն օրհնութեան խօսքով  դիմեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան: «Այսօրուան իրականութիւնը կու գայ անգամ մը եւս մեզ յիշեցնելու, որ Արցախեան շարժումը չէ...

Page 223 of 796 1 … 222 223 224 … 796

Արխիւներ