Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ աւարտեց լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներուն, երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն, երեսփոխաններուն եւ հոգեւոր պետերուն հետ իր հանդիպումները, որոնց գլխաւոր նպատակն է լուծել նախագահական ընտրութեան վերաբերող թնճուկը:
Աւարտելէ ետք իր այցելութիւնները, Լը Տըրիան երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Լը Տըրիան մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Աւելի ուշ Պըրրի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի եւ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի թեկնածութիւնները արդէն իսկ մէկ կողմ դրուած են, եւ երրորդ թեկնածու մը առաջադրելու հաւանականութիւնը առկայ է:
«Լը Տըրիանի հետ գործակցութիւնը բացառիկ է ու հեզասահ, եւ մենք նոյն ուղեգիծին վրայ կը մնանք», ըսաւ ան:
Պըրրի հաստատեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը միայն իր պահանջը չէ, այլ` արաբական եւ միջազգային պահանջ, որովհետեւ անիկա միակ միջոցն է այս տագնապէն դուրս գալու:
Լը Տըրիան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Քննարկուեցան ֆրանսացի պատուիրակին ունեցած եռօրեայ հանդիպումներուն արդիւնքները:
Միքաթիի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հաստատուեցաւ, որ խորհդակցութիւններուն արդիւնքները դրական են եւ նախագահական ընտրութիւնը մօտալուտ է:
Կը նախատեսուի, որ ֆրանսական դեսպանատունը հրապարակէ Լը Տըրիանի այցելութիւններուն մասին հաղորդագրութիւն մը:
Նոյն հաղորդագրութեան համաձայն, Լը Տըրիան որոշած է շարունակել իր առաքելութիւնը` այս ամսուան աւարտին դարձեալ վերադառնալով Լիբանան եւ ֆրանսական դեսպանատան մէջ հանդիպումներ ունենալով քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ:
Պէտք է աւելցնել, որ ֆրանսացի պատուիրակը նախանցեալ երեկոյեան այցելած էր Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի բնակարանը, Եարզէ, ուր ներկայ գտնուած էին նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն:
Կէս ժամուան դռնփակ նիստէն ետք, անոնք ուղղուեցան աւելի ընդարձակ դահլիճ մը, ուր հրաւիրուած էին սիւննի երեսփոխանները, որոնցմէ բացակայեցան երեսփոխաններ Իպրահիմ Մնայմնէ, Ուսամա Սաատ, Ժիհատ Սամատ, Եանալ Սոլհ, Մըլհեմ Հուժէյրի եւ Հալիմա Քաաքուր:
Հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Տըրիան շեշտեց երկխօսութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Լը Տըրիան հաստատեց, որ կացութիւնը ապառողջ է, եւ ինք Պէյրութ կը գտնուի զօրակցելու լիբանանցիներուն եւ օժանդակելու անոնց` երկրին մղած գոյութենական պայքարին մէջ:
Պուխարի շեշտեց նաեւ, որ իրենց հանդիպումին նպատակն է լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը եւ համագործակցութիւնը ամրապնդել: