ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Լուպնան» ռատիոկայանին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն, յատկապէս նախագահական ընտրութեան տագնապը լուծելու մասին առնուած քայլերուն:
Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի վերջընթեր այցելութեան` նշելով, որ օրին Լը Տըրիան կատարեալ անկեղծութեամբ հաստատած է, որ ժամանակ չունինք, եւ ասիկա վերջին առիթն է:
«Ան յայտնեց, որ Լիբանան փուլ գալու սեմին կը գտնուի, հետեւաբար դուք պէտք է համաձայնութիւն մը գոյացնէք նախագահական թեկնածուի մէջ շուրջ: Լը Տըրիան ո՛չ անցեալ եւ ո՛չ ալ վերջին այցելութեան ընթացքին թեկնածուի մը անուան մասին խօսեցաւ: Սակայն իր կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին ֆրանսացի պատուիրակը բառացիօրէն ըսաւ, որ ըստ երեւոյթին թեկնածուներ Ժիհատ Ազուրի եւ Սլէյման Ֆրենժիէի անունները որդեգրելու իմաստով դժուարութիւն կայ, եւ թերեւս պէտք է մտածէք երրորդ թեկնածուի մը մասին: Երբ հարց տուի անոր երրորդ թեկնածուին մասին, Լը Տըրիանի պատասխանը եղաւ այն, որ Ֆրանսա անուններ չէ առաջադրած եւ պիտի չառաջադրէ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց նաեւ, որ Լը Տըրիան յորդորած է նախագահական յաջորդ թեկնածուին շուրջ համախոհութիւն գոյացնել` աւելցնելով, որ ֆրանսացի պատուիրակը հաստատած է, որ Պէյրութ պիտի վերադառնայ սեպտեմբերի աւարտին կամ հոկտեմբերի սկիզբը` խնդրելով, որ ներդրում ունենանք` յաջողցնելու համար խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած երկխօսութիւնը, որպէսզի համախոհական թեկնածուի մը կարելի ըլլայ յանգիլ:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Լը Տըրիան քաջածանօթ է ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի կեցուածքին` թէ՛ երկխօսութեան եւ թէ՛ նախագահական ընտրութեան մասին: «Մեր նախընտրութիւնն է, որ հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրուի քուէներու մեծագոյն համեմատութեամբ, եւ ընդհանրապէս համոզուած չենք, որ խորհրդարանին կէս առաւել մէկին քուէները ստացող նախագահը կրնայ կառավարել երկիրը` նկատի ունենալով նախկին փորձառութիւնները:
«Փորձառութիւնը ցոյց տուած է, թէ գրեթէ համախոհութեամբ ընտրուած հանրապետութեան նախագահներու նստաշրջանին պարագային անոնց դէմ բուռն արշաւներ արձանագրուեցան` իշխանութենէն հեռանալու, կ՛երեւակայէ՞ք ի՛նչ կրնայ ըլլալ, եթէ միայն մէկ յաւելեալ քուէով ընտրուած նախագահին դէմ նման արշաւ սկսի: Կամայ թէ ակամայ լիբանանցի ժողովուրդին կէսը հանրապետութեան նախագահին դէմ կ՛ըլլայ: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով Լը Տըրիան յանձնարարեց հանրապետութեան նոր նախագահին շուրջ ամէնէն ընդարձակ համեմատութիւնը գոյացնել եւ աւելցուց, որ այդ համախոհութիւնը գոյացնելը լիբանանեան խորհրդարանին պարտականութիւնն է` առանց արտաքին ուժերուն վստահելու», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ արտաքին աշխարհէն նախաձեռնութիւններու ակնկալութիւնը վտանգաւոր է, որովհետեւ որոշումի մայրաքաղաքները քաղաքական իրենց նպատակներն ու շահերը ունին: «Այս իմաստով Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու դիւանագիտութեան պետերը հաստատեցին, որ արտաքին աշխարհին մի՛ վստահիք, որովհետեւ Լիբանան անոնց համար առաջնահերթութիւն չէ», աւելցուց Յ. Բագրատունի:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ երկրին շահերուն ի խնդիր աշխատելու կարեւորութիւնը: Ան շեշտեց, որ այսօր օտար երկիրները յանձնառու կը մնան Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին` աւելցնելով, որ պահ մը երեւակայենք, որ անոնք յանձնառու չեն, եւ անոնց շահերուն կը ծառայէ Լիբանանի ապակայունութիւնը, «հոս մեր դերակատարութիւնը ո՞ւր կը մնայ: Յիշենք նաեւ 13 ապրիլ 1975-ի փոխադրակառքը, որ պայթեցուց երկիրը, ուր լարուածութիւնը այնքան ամուր ենթահող ունէր, սակայն արտաքին աշխարհին հաշուոյն կու գար պայթեցնել Լիբանանը: Այսօր երբ 1975-ի նախօրեակէն շատ աւելի վատ է Լիբանանի կացութիւնը` ընկերային, տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապներուն եւ համայնքայնութեան բարձր համեմատութեան ներքեւ, եթէ արտաքին ուժերը նախանձախնդիր չմնան երկրին ապահովական կայունութեան, ի՛նչ պիտի ըլլայ մեր դերակատարութիւնը», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ կարգախօսները ինչքա՛ն ալ գեղեցիկ ըլլան, եթէ լիբանանցիները իրարու հետ երկխօսութեան սեղանի շուրջ չհանդիպին, ապա պիտի ստիպուին երկխօսութիւն կատարելու, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք, 7 մայիսի դէպքերէն ետք:
«Անհրաժեշտ է եւ կարեւոր, որ ներքին լիբանանեան առումով երկխօսութիւնը մերժող կեցուածքները փարատին, որպէսզի կարելի ըլլայ համաձայնութիւն գոյացնել: Երկխօսութիւնը միակ միջոցն է իրարու քով գալու եւ խօսակցելու», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:
Իսկ անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ երկխօսութենէն բացի այլ միջոց կը նկատուի սահմանադրութիւնը, եւ երկխօսութեան փոխարէն կարելի է ուղղուիլ խորհրդարան եւ նախագահ ընտրել, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Այսօր ատիկա կարելի չէ, որովհետեւ ընտրութիւն կատարելու օրինաթիւ պիտի չգոյանայ խորհրդարանին մէջ, իսկ երկխօսութիւն կատարելը երկրին սահմանադրութեան հակադրուելու համազօր չէ: Տոհայի մէջ բոլորս ալ մասնակցեցանք երկխօսութեան, եւ ոչ ոք սահմանադրութեան դէմ էր: Սակայն մենք կրցանք համախոհութեան յանգիլ եւ անկէ ետք դարձեալ հանդիպիլ ու որոշումներ տալ, սակայն այդ որոշումները կառավարութիւններուն կողմէ չգործադրուեցան», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները նախ պէտք է գիտակցին, որ տիրող կացութիւնը ողբերգական է, ապա պէտք է կամք ունենան ողբերգական այդ կացութենէն դուրս գալու:
Երրորդ թեկնածուի մը մասին մտմտալու կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ խորհրդակցութիւններն ու փնտռտուքը պէտք է միասին կատարուին` լիբանանցի պատասխանատուներուն միջեւ, եւ ոչ թէ առանձինն: «Դժբախտաբար այնպիսի կացութեան մէջ ենք, որ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի թեկնածութեան շուրջ համաձայնող քաղաքական ուժերը անլուրջ են, ինչպէս որ էին երեսփոխան Միշել Մուաուատի պարագային: Անոնց նպատակը անուններ այրելն է», աւելցուց ան:
Երկխօսութիւնը կտրականապէս մերժող քաղաքական ուժերուն կողմէ ներկայացուած այն տեսակէտին, որ այլեւս անցեալին նման երկխօսութեան եւ համաձայնութիւններու մէջ չեն փափաքիր մտնել, որովհետեւ երկիրը ամէն բան կորսնցուցած է, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Երկիրը ամէն ինչ չէ կորսնցուցած, եւ պէտք է ընդառաջել խորհրդարանի նախագահին երկխօսութեան առաջարկին: Մնացեալ բոլոր դռները փակ են, միակ միջոցը Պըրրիի հրաւիրած երկխօսութիւնն է, որմէ անմիջապէս ետք ան խոստացած է խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան իրերայաջորդ նիստերու հրաւիրել: Պէտք է փորձել այս կարելիութիւնը: Եթէ Աստուած մի՛ արասցէ ունենանք քաղցկեղէ տառապող հիւանդ մը, որուն համար դեղորայքի կարիք կայ, աշխարհին միւս ծայրէն կ՛ապահովենք այդ դեղորայքը` համոզուած ըլլալով հանդերձ, որ այդ բուժումը կրնայ 99,9 առ հարիւրով չփրկել հիւանդը, սակայն կը փորձենք, չէ՞: Այդ է ըսածս. փորձե՛նք»:
Երեսփոխան Բագրատունի վերահաստատեց, որ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է` աւելցնելով, որ անոր այլընտրանքը պիտի ըլլայ սադրանքը:
«Բոլորին համար յստակ է, որ մարդիկ այլեւս այս իրավիճակը չեն հանդուրժեր: Տակաւին սուրիացի տեղահանուածներու հոսքը կը շարունակուի, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ զինեալ բախումները կասեցնելու համար 20 զինադուլ յայտարարուած է: Այս բոլորը յիշողութեանս մէջ կ՛արթնցնեն քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակին տիրող մթնոլորտը», ըսաւ ան:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի թեկնածութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ զօր. Աունի թեկնածութիւնը մերժելի չէ: «Զօր. Աուն զինուորական է, որ բազմաթիւ զոհողութիւններ կատարած է, եւ խրամատներուն մէջ զոհողութիւններ կատարողը երկիրը փրկելու գործողութեան կրնայ ձեռնարկել` գործելով քաղաքական կեանքին մէջ: Սակայն այնքան ատեն որ ան իր թեկնածութիւնը չէ առաջադրած, ապա պէտք չէ անոր անունը այրենք», յայտնեց Յ. Բագրատունի:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը կարեւորութեամբ շեշտեց երկրի տագնապին լուծման մասին լիբանանցի գործընկերին հետ ստեղծուելիք փոխադարձ խորհրդակցութիւնը` մերժելով արտաքին ուժերու հետ կատարուող խորհրդակցութիւնները:
Լիբանանը դաշնակցային պետութեան մը վերածելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ պէտք է մտածել պետութեան գերագոյն շահերը ապահովելու մասին: «Եթէ ազգային միասնականութեամբ կարելի չէ այդ շահերը իրագործել, դաշնակցային դրութեան մէջ ինչպէ՞ս պետութիւն կրնանք ունենալ», հարց տուաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ եթէ լիբանանցի պատասխանատուները իսկապէս լուրջ են, պէտք է նստին երկխօսութեան` հեռու մնալով խուսանաւումներէ եւ բարձր կշռոյթի հռետորաբանութենէ, առանց անհամ անուանումներու, ինչպէս` հիմնադիր խորհրդաժողով, նոր ժամանակաշրջան եւ այլն: Ան աւելցուց, որ նախորդ երկխօսութեան նիստերուն եւս խօսուած է զէնքի հարցին եւ պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին:
Պաղեստինեան Այն Հելուէ եւ Նահըր Պարետ գաղթակայաններուն մէջ զինեալ բախումներուն նոյն բնոյթի ըլլալուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ինք նմանութիւններ չի տեսներ անոնց միջեւ:
Իսկ անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու նոր հոսքին` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ կարելի չէ ըսել, եթէ անիկա կազմակերպուած է թէ ոչ, «սակայն անկասկած տնտեսական տագնապին պատճառով կատարուած է: Համաձայն եմ այն մտավախութեան, որ տեղահանուածներու նոր ալիքին մէջ գտնուողները մեծաւ մասամբ երիտասարդներ են, որոնք մարզուած են զէնքի գործածութեան: Բայց եւ այնպէս բանակը բազմիցս հաստատեց, որ 375 քմ սահմանային երկայնքին վրայ ունի 37 կէտեր, ուր 8 հազար զինուորներ կը հսկեն սահմաններուն, սակայն ոչ շուրջօրեայ դրութեամբ: Կառավարութիւնը կը յայտարարէ, թէ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ այս իմաստով, սակայն ՄԱԿ-ն է, որ կը քաջալերէ տեղահանուածները հիւրընկալելու երեւոյթը: Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին մէջ ներկայացուած են երեսփոխանական բոլոր պլոքները, եւ հոն կայ համախոհութիւն` տեղահանուածներուն մնայուն ներկայութիւնը մերժելու եւ կառավարութենէն, Եւրոպական Միութենէն եւ միջազգային ընտանիքէն պահանջելու յարգել Լիբանանի գերիշխանութիւնը, Լիբանանին յանձնելու տեղահանուածներուն վերաբերող բոլոր տեղեկութիւնները», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ տեղահանուածներուն հոսքը քաջալերողը ՄԱԿ-ն է: