Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի 95-Ամեակի Նշում` Երեւանի Մէջ

September 18, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

15 սեպտեմբերին Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ կայացաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, Գերագոյն  մարմինի անդամներ եւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորներ, Համազգայինի` տարբեր երկիրներու մէջ գործող մասնաճիւղերու, կրթական, հրատարակչական եւ մշակութային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Դաւիթ Յակոբեան, «Թէքէեան» միութեան ղեկավար Ռուբէն Միրզախանեան, բարերարներ, արուեստագէտներ եւ այլն:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան` կարեւոր նկատելով Համազգայինի անցած նուիրական ուղին ու առաքելութիւնը: Ան իր խօսքին մէջ յիշեց եւ արժեւորեց այն նուիրեալ մտաւորականները, ազգային գործիչները, որոնք ստեղծեցին այնպիսի կուռ կառոյց, որուն անցած ճանապարհը թէեւ դժուար, բայց նուիրական է ու վեհ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անունով ելոյթ ունեցաւ Կիրօ Մանոյեան:

Համազգային թատրոնի դերասան Արման Նաւասարդեան կարդաց Լեւոն Շանթի «Շղթայուածը» թատերախաղէն հատուած մը:

Ցուցադրուեցաւ Համազգայինի աշխարհասփիւռ կառոյցի մասին պատմող տեսանիւթ, որուն մէջ ներկայացուած էին Համազգայինի կատարած հայապահպանական աշխատանքները, գրասենեակներու որդեգրած ճանապարհը:

Ցուցադրուեցաւ նաեւ «Հայ հոգին» տեսահոլովակը, որ համավարակի օրերուն կեանքի կոչուած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ` համախմբելով աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ ապրող երգիչներ ու երաժիշտներ (խօսք` Մուշեղ Իշխանի, երաժշտութիւնը` Արմենուհի Կարապետեանի):

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան «Կադանս» համոյթը, «Կոմիտաս» քառեակը, Մաւր Մկրտչեանը, «Կիլիկիա» թրիոն:

 

 

Նախորդը

«Պիտի Չարտօնենք Արգելափակել Հայաստանի Հետ Մեր Կապը» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Յաջորդը

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Մասնակցեցաւ Ընտրողներու 28,46 Տոկոսը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.