Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարմիր Խաչը Բերձորի Միջանցքին Եւ Ակնայի Ճամբով Մարդասիրական Օգնութիւն Հասցուցած Է Ստեփանակերտ

September 19, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն Բերձորի միջանցքին եւ Ակնայի ճամբով բեռնակառքերով անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն հասցուցած է Ստեփանակերտ: Այս մասին հաղորդեց ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը: Ըստ ազրպէյճանական աղբիւրին, բեռնակառքերը բեռնաւորուած էին ալիւրով եւ դեղերով:

«Մենք շատ գոհ ենք, որ որոշում տուողները եկած են մարդասիական համախոհութեան, եւ այս հոլովոյթը կայացած է: Մենք յոյսով ենք, որ մարդասիրական համախոհութիւնը պիտի արտօնէ շարունակական հիմքերով անհրաժեշտ օգնութիւն տրամադրել կարիքաւորներուն», նշած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչը:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն մարդասիրական գործունէութիւն կը ծաւալէ անցեալ տարուան դեկտեմբերէն: Դեկտեմբերէն մինչեւ այսօր աւելի քան 800 մարդ տարհանուած է բուժուելու նպատակներով:

«Նաեւ այս բժշկական տարհանումներուն ընթացքին որոշ բժշկական պարագաներ առաքուած են Լաչինի ճամբով: Բայց եւ այնպէս, վերջին շրջանին մեծածաւալ բժշկական պարագաներ կամ մեծածաւալ մարդասիրական օգնութիւն կարելի չէր մատակարարել: Այսօր յաջողեցանք իրականացնել այս առաքելութիւնը: Որպէսզի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն իր գործունէութիւնը իրականացնէ, որոշում տուողներու համաձայնութիւնը պէտք է ըլլայ», նշած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչը:

Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ իր կարգին «Էքս»-ի վրայ գրած է. «Այսօր շուրջ ժամը 7:00-ին ապահովուած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի բեռնակառքերու միաժամանակեայ անցումը Ազրպէյճանի Աղտամ-Խանքենդի (Ակնա-Ստեփանակերտ, «Ա.») եւ Լաչին-Խանքենդի (Բերձոր-Ստեփանակերտ) ճամբով: Աղտամ-Ասկերան-Խանքենդի ճամբան բաց է եւ կը գործէ, եւ այդպէս ալ պէտք է մնայ»:

Ռուս խաղաղապահները աւելի ուշ իրենց կարգին «Թելեկրամ»-ի վրայ յայտնեցին. «Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին ուղեկցութեամբ առաջին բեռնակառքերը անցած են Ակնա-Ստեփականերտ ճամբէն եւ անոնք կը գտնուին Ստեփանակերտ: Ներկայիս Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պահեստանոցին մէջ բեռնաթափում կը կատարուի:

«Բեռը կը ներառէ մանկական շորիկներ, ներարկման փաթեթներ եւ բժշկական իրեր: Ներկայիս, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին ուղեկցութեամբ, Լաչինի միջանցքով դէպի Ստեփանակերտ կը շարժի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի երկրորդ շարասիւնը, որ առաջինին զուգահեռ անցած է կամուրջի «Լաչին» անցակէտէն: Ռուսիոյ եւ անոր խաղաղապահներու ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ սկսիլ մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը», կը նշուի հրապարակումին մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան տեղեկատուական շտապը իր կարգին հաղորդեց. «18 սեպտեմբերին ըստ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Ստեփանակերտի գրասենեակի եւ Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն կատարող ռուսական զօրախումբի հրամանատարութեան հետ ձեռք բերուած համաձայնութեան, Բերձորի միջանցքով` Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիով, Ստեփանակերտ տեղափոխուած է շուրջ 23 թոն հայկական արտադրութեան ալիւր, իսկ Ակնա-Ստեփանակերտ ճամբով` արտասահմանեան (ռուսական, զուիցերիական) արտադրութեան բժշկական եւ մաքրութեան պարագաներ, որոնք փորձաքննութենէ ետք պիտի յատկացուին համապատասխան գերատեսչութիւններուն եւ պիտի օգտագործուին ըստ կարիքներու»:

Քանի մը օր ետք կրկին նոյն ուղղութիւններով Ռուսիոյ Ռոսթով քաղաքէն բեռներու տեղափոխում կը նախատեսուի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մեքենաներով:

Յիշեցնենք, որ Արցախի իշխանութիւնները կիրակի օր համաձայնեցան Ակնայի ճամբով եւ Բերձորի միջանցքով մարդասիրական բեռներու միաժամանակ տեղափոխման:

Նախորդը

Արթուր Յարութիւնեան Նշանակուեցաւ Արցախի Պետական Նախարար

Յաջորդը

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Ոչ Մէկ Քաղաքական Ուժ Մեծամասնութեան Տիրացաւ

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.