Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան. «Շրջանին Մէջ Օտար Ուժերու Որեւէ Ներկայութիւն, Շրջանին Մէջ Տիրող Կացութիւնը Յաւելեալ Բարդացնող Ազդակ Է»

Սեպտեմբեր 15, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 13 սեպտեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ի շարունակութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի միջեւ օրեր առաջ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան` երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Անդրադառնալով շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն` Միրզոյեան նշած է գործընկերներու Հայաստանի հետ սահմանին վրայ կացութեան սրումը զսպելուն ուղղուած ջանքերու եւ ուղերձներու, Ազրպէյճանին կառուցողական դաշտ վերադարձնելու կարեւորութիւնը: Շրջանին մէջ երկարատեւ կայունութեան հասնելու ծիրին մէջ ընդգծուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու հասցէագրման անհրաժեշտութիւնը:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կողմերը նաեւ քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:

Երկուստեք վերահաստատուած է երկխօսութիւնը տարբեր հարթակներու վրայ եւ ձեւաչափերով շարունակելու պատրաստակամութիւնը:

Իրանեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ապտոլլահեան Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմափորձերուն ակնարկելով յայտնած է. «Շրջանին մէջ օտար ուժերու որեւէ ներկայութիւն, շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը յաւելեալ բարդացնող ազդակ է»:

«Պէտք է տագնապներուն արմատական լուծում գտնել շրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման համար», ըսած է Ապտոլլահեան` նշելով. «Երկխօսութիւններն ու շրջանային մեքանիզմները, ներառեալ «3+3» մեքանիզմը, համապարփակ խաղաղութեան հաստատման աւելի ազդու ուղիներն են»:

Միրզոյեան իր կարգին յայտնած է. «Իրանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը շինիչ ու կարեւոր է»: Ան նաեւ նշած է. «Հարաւային Կովկասի մէջ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն անընդունելի է»:

«Սփութնիք Արմենիա»-ն` «Միրանփրես»-ին յղում կատարելով նախապէս հաղորդած էր, որ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած էր. «Շրջանին եւ անոր սահմաններուն մէջ որեւէ փոփոխութիւն Իրանի համար կարմիր գիծեր են»:

Ռայիսին ընդգծած է, որ «3+3» ձեւաչափէն դուրս հաղորդակցութիւնը, օտարերկրացիներու հետ համագործակցութիւնը, անոնց հետ ռազմափորձեր կատարելը եւ կասկածելի ուղեւորութիւնները միայն կը բարդացնեն կացութիւնը:

Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Իրանը պատրաստ է օգնելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանին գոյութիւն ունեցող խնդիրները լուծելու գործին մէջ:

Նախորդը

«Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահը Կարծես Չի Լսեր, Թէ Եւրոպական Խորհրդարանը Լեռնային Ղարաբաղի Մասին Ի՛նչ Կ՛ըսէ» Կը Գրէ Նաթալի Լուազօ

Յաջորդը

Եուրի Քիմ. «Միացեալ Նահանգները Պիտի Չհանդուրժեն Լեռնային Ղարաբաղի Հայ Ժողովուրդին Նկատմամբ Ցեղային Զտման Որեւէ Փորձ»

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?