Կիպրոսի Մէջ. Ցուցական Աքթ` «Շրջափակման Դիմաց Շրջափակում» Նշանաբանով
Կիպրահայ խումբ մը ազգայիններ, նկատի ունենալով Արցախի մէջ տիրող քաղաքական ճգնաժամը եւ մօտ ութ ամիս Ազրպէյճանի կողմէ խորացող շրջափակումը, անցեալ ուրբաթ օր դիմեցին ցուցական աքթի մը: Մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ, Ազրպէյճանի «Կապալա» ֆութպոլի խումբը, Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցաշարքի ծիրին մէջ հանդիպեցաւ Կիպրոսի «Օմոնիա» խումբին հետ: Իբրեւ նշանաբան ունենալով «Շրջափակման դիմաց շրջափակում»-ը` մրցումի աւարտին 50 կամաւորներ փակեցին այն դարպասը, որմէ ազերիներու հանրակառքը պիտի...




















