Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

1 Յունուար 2024-էն Արցախի Հանրապետութիւնը Կը Դադրի Գոյութիւն Ունենալէ. Բռնի Տեղահանուած Արցախցիներուն Թիւը Հասաւ Աւելի Քան 75 Հազարի

September 29, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն մինչեւ 1 յունուար 2024 պէտք է լուծարուին Արցախի բոլոր պետական հիմնարկները եւ կազմակերպութիւնները, եւ Արցախի Հանրապետութիւնը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ:

Համաձայնագիրով` Արցախի բնակչութիւնը, ներառեալ շրջանէն դուրս գտնուող բնակչութիւնը, սոյն հրամանագիրի ուժի մէջ մտնելէն ետք կը ծանօթանայ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած վերահամարկման պայմաններուն` անկախ եւ անհատական որոշում կայացնելու նպատակով` ապագային Արցախ մնալու (վերադառնալու) կարելիութեան մասին:

Հրամանագիրն ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն անմիջապէս ետք:

Հրամանագիրի բնագիրին ծանօթանալ կարելի չէ, քանի որ Արցախի նախագահի պաշտօնական կայքը այլեւս չի գործեր: Հրամանագիրը հրապարակած է Արցախի տեղեկատուական շտապը:

Երէկ երեկոյեան ժամը 20:00-ի դրութեամբ Արցախէն բռնի տեղահանուած 76 հազար 407 անձ  մուտք գործած է Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Բաղդասարեան:

Նախանցեալ օր պաշտօնական Պաքուն հաստատեց, որ Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար, գործարար Ռուբէն Վարդանեանը Ազրպէյճանի սահմանապահներուն կողմէ ձերբակալուած է Հակարիի կամուրջի անցակէտին վրայ:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ազրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութեան հաղորդագրութիւնը, տեղեկացուց, որ «Վարդանեանը տեղափոխած են Պաքու»: «Վարդանեանը փոխանցուած է համապատասխան պետական մարմիններուն` անոր վերաբերեալ որոշում տալու համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Երէկ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանին Պաքուի մէջ մեղադրանք առաջադրուած է:

Ըստ Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան, Վարդանեանին մեղադրանք առաջադրուած է երեք յօդուածներով` «ահաբեկչութեան ֆինանսաւորում, օրէնքով չնախատեսուած զինուած կազմաւորումներու կամ խումբերու ստեղծման եւ գործունէութեան մէջ մասնակցութիւն եւ քաղաքացիութիւն չունեցող անձի ապօրինի ժամանում Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն»:

Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը կը նշէ, որ Վարդանեանը չորս ամիսով կալանաւորուած է:

Միւս կողմէ, Արցախի նախագահի խորհրդական, Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան երէկ յայտարարեց Ստեփանակերտէն Շուշի մեկնելու իր որոշումին մասին:

Իր յայտարարութեան մէջ Բաբայեանը նախ շեշտեց, որ ընդգրկուած է Ազրպէյճանի սեւ ցուցակին մէջ, ապա տեղեկացուց, որ ազրպէյճանական կողմը պահանջած է իր ժամանումը Պաքու` համապատասխան հետաքննութեան համար:

«Այս որոշումը, բնականաբար, մեծ ցաւ, անհանգստութիւն ու ընկճուածութիւն պիտի պատճառէ նախ եւ առաջ իմ մերձաւորներուս, բայց վստահ եմ, որ անոնք պիտի հասկնան:

Իմ չներկայանալը կամ աւելի վատ` փախուստը լուրջ վնաս պիտի հասցնէ մեր բազմաչարչար ժողովուրդին, շատ ու շատ մարդոց, եւ ես` իբրեւ ազնիւ մարդ, աշխատաւոր, հայրենասէր եւ քրիստոնեայ, չեմ կրնար ատիկա թոյլ տալ», Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր Բաբայեան:

 

 

Նախորդը

Քոլոնա. «Ֆրանսան Սիւնիքի Մարզին Մէջ Հիւպատոսութիւն Պիտի Բանայ»

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ Ուսումնական Խորհուրդին. Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութեան Հաւաք` Առ Ի Զօրակցութիւն Արցախին Եւ Արցախահայութեան

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.