Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փաշինեան Խոստովանեցաւ, Որ Ամբողջ Ընթացքին Հայաստանը Միտումնաւոր Կը Պատրաստէին Ռուսիայէն Հեռանալու» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Սեպտեմբեր 26, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 24 սեպտեմբեր 2023-ի անկախութեան մասին ուղերձը կը պարունակէ անընդունելի յարձակումներ Ռուսիոյ վրայ եւ չի կրնար մերժումէն բացի բան յառաջացնել: Այս մասին կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Փորձ կը կատարուի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան մէջ ձախողութիւններու պատասխանատուութենէն ազատելու` մեղքը բարդելով Մոսկուայի վրայ: Փաշինեանի վերջին մտորումները կը հաստատեն մեր նախապէս կատարած եզրակացութիւնները, թէ Արեւմուտքէն ներշնչուած եւ Երեւանի կողմէ հրահրուած հոլովոյթները, սեփական երկրի եւ մեր դաշնակցային յարաբերութիւններու համար կործանարար հոլովոյթները ոչ թէ դրուագային, այլ համակարգային բնոյթ կը կրեն:

«Կառավարութեան ղեկավարը, ըստ էութեան, խոստովանած է, որ այս ամբողջ ընթացքին հանրապետութիւնը միտումնաւոր կը պատրաստէին Ռուսիայէն հեռանալու: Անոնց քայլերը, որոնք կոչուած են ստեղծելու Հայաստանի զարգացման նոր` արեւմտեան ուղղուածութիւն, անհամոզիչ կերպով կ՛արդարացուին Ռուսիոյ եւ ՀԱՊԿ-ի ենթադրեալ սխալներով: Միեւոյն ժամանակ կը մոռցուի, որ մեր պետութիւնները մեծ մասամբ համընկնող շահեր ունին անվտանգութեան եւ զարգացման հարցերուն մէջ, իսկ Միացեալ Նահանգները եւ ՕԹԱՆ-ի այլ երկիրներ իրենց նպատակ դրած են ոչ միայն ռազմավարական վնաս հասցնել Ռուսիոյ, այլ նաեւ ապակայունացնել մեր ընդհանուր եւրասիական շրջանը:

«Ռուսիան միշտ հաւատարիմ եղած է իր դաշնակցային պարտաւորութիւններուն, յարգած է հայկական պետականութիւնը եւ երբեք հանրապետութիւնը չէ կանգնեցուցած ընտրութեան առջեւ` մեզի հետ կամ մեր դէմ: Մոսկուան մեծածաւալ օգնութիւն ցուցաբերած է եւ կը շարունակէ ցուցաբերել եղբայրական Հայաստանին անվտանգութեան, տնտեսութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ: 2020 թուականի աշնան Ռուսիոյ եւ անձամբ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջանքերով կարելի դարձաւ կանխարգիլել Հայաստանի լիակատար պարտութիւնը: Եթէ Փաշինեանը շաբաթներ առաջ համաձայնէր զինադադարին, ապա պարտութիւնը նուազ ծանր պիտի ըլլար: Ի վերջոյ ռուս խաղաղապահներու անձնուրաց, երբեմն սեփական կեանքի գնով գործունէութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ուղղակիօրէն կը հաստատէ Ռուսիոյ շարունակական յանձնառութիւնը կատարելու իր չափազանց դժուար առաքելութիւնը` ի շահ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան հասնելու, ինչի մասին Փաշինեանը նախընտրեց լռել», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

«Շրջանային հարցերուն մէջ Փաշինեանը` Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի նոյեմբերի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցի լուծումը ապագայ սերունդներուն ձգելու ճենթլմենական համաձայնութիւնը պահպանելու փոխարէն, տեղի տուաւ Արեւմուտքի յորդորներուն: Փրակայի եւ Պրիւքսելի մէջ որոշած է գործել 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ` ճանչնալով Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը: Ասիկա սկզբունքօրէն փոխած է այն պայմանները, որոնց տակ ստորագրուած է 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի դիրքը: Հայաստանի ղեկավարութեան անհեռատեսութեան պատճառով կարելի չեղաւ կեանքի կոչել Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդման ոլորտին մէջ շարք մը համաձայնութիւններ, մասնաւորաբար, Փաշինեանի կողմէ չստորագրուեցաւ վեց երկիրներու բոլոր արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ արդէն համաձայնեցուած որոշումը` ՀԱՊԿ-ի դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու հանրապետութեան` Ազրպէյճանի հետ սահմանակից շրջաններ:

«Իրավիճակը թէժացուց Երեւանի կողմէ 9 նոյեմբեր 2020 թուականէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական զինեալ կազմաւորումներու ներկայութեան յամառ ժխտումը, ինչն ալ դարձաւ սեպտեմբերեան վերջին սրման առանցքային պատճառներէն մէկը: 20 սեպտեմբերին խաղաղապահներու միջնորդութեամբ ձռեք բերուած համաձայնութիւնը Հայաստանի մնացեալ ստորաբաժանումներու դուրսբերման եւ «Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակ»-ի ամբողջական զինաթափման մասին` ծանր զէնքերու եւ սպառազինութեան դուրսբերմամբ, բացայայտեց իրական պատկերը եւ նախադրեալներ ստեղծեց լարուածութեան կայուն մեղմացման համար:

«Հիմնականին մէջ հայկական ղեկավարութեան անհետեւողական դիրքորոշման պատճառով, վերջին Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ կշռութաւոր աշխատանքին գերադասեց դէպի Արեւմուտք վազելը, կանգ առաւ 2020-2022 թուականի բարձր մակարդակով եռակողմ համաձայնութիւններու համալիրի իրականացումը: Փախցուած է թանկարժէք ժամանակը, որուն ընթացքին կարելի էր էապէս յառաջ շարժիլ խաղաղութեան պայմանագիրի համաձայնեցման, սահմանազատման եւ շրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման առումով, ինչ որ Հայաստանի համար պիտի դառնար անվտանգութեան ապահովման լրացուցիչ գործօն: Յատկանշական է նաեւ, որ Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ Փրակայի եւ պրիւքսելեան յիշեալ հանդիպումներուն մէջ Հայաստանի վարչապետը, ճանչնալով Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, չէ յիշած ղարաբաղահայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան մասին: Այսօր ալ Երեւանը հաստատուն շահագրգռուածութիւն չունի օգնելու լուծել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները. խօսքը զինադադարի դրութեան պահպանման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման, մարդասիրական կացութեան բարելաւման, Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ կայուն երկխօսութեան հաստատման մասին է:

«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խումբի անպատասխանատու մօտեցումը յառաջացուցած է հայ հասարակութեան մէկ մասին հասկնալի դժգոհութիւնը, որ արտայայտուած է ժողովրդական բողոքի ցոյցերով. պնդումները, թէ զանոնք ոգեշնչած է Ռուսիան, իրականութեան հետ կապ չունին:

«Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը պէտք է քաջ գիտակցի, որ Մոսկուան նման բաներով չի զբաղիր, ի տարբերութիւն Արեւմուտքի, որ բաւական հմուտ է «գունաւոր յեղափոխութիւններ» կազմակերպելու գործին մէջ, սակայն տարօրինակ պատահականութեամբ նախընտրեց չնկատել Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցարարներու հետապնդման բազմաթիւ փաստերը: Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս յայտնի է, Միացեալ Նահանգներու դեսպանը սերտ կապեր կը պահպանեն իշխանութեան հետ: Այս լոյսին տակ, ակնյայտօրէն իշխանութիւններուն դրդումով, հայաստանեան մամուլին մէջ ծաւալած է իսկական հակառուսական արշաւ:

«Համոզուած ենք, որ Երեւանի ղեկավարութիւնը մեծ սխալ կը գործէ` միտումնաւոր փորձելով քանդել Հայաստանի եւ Ռուսիոյ բազմաբնոյթ ու դարաւոր կապերը եւ երկիրը դարձնելով Արեւմուտքի աշխարհաքաղաքական խաղերու պատանդը: Մենք վստահ ենք, որ Հայաստանի բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը ատոր կը գիտակցի», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Յայտնած Է Արցախի Մէջ Քանի Մը Հայ Բերման Ենթարկելու Մասին

Յաջորդը

Հազարաւոր Արցախցիներ Տեղահանուեցան Արցախ Աշխարհէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Կը Շարունակեն Նստացոյցը
Հայկական

Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակեն Նստացոյցը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?