Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զանգուածային Տեղահանութիւնը Արցախէն Հայաստան Աւելի Մեծ Թափով Կը Շարունակուի. Երէկ Գիշերուան Տուեալներով Արցախը Լքեց 28.160 Հոգի

Սեպտեմբեր 27, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան գործադիր կեդրոնէն ստացուած տուեալներուն համաձայն, Արցախէն բռնի տեղահանուած քաղաքացիներու տեղաբաշխման կայաններուն մէջ երէկ երեկոյեան հաշուառուած է 20 հազար 270 անձ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի մամլոյ բանբեր Նազելի Բաղդասարեան:

«Հաշուառումէն յետոյ տեղի կ՛ունենայ տեղաբաշխում: Քաղաքացիները սկիզբը մուտք կը գործեն Կոռնիձորի մարդասիրական կայան, այնուհետեւ Գորիսի մէջ տեղի կ՛ունենայ հաշուառումը: Գորիսի մէջ արդէն իսկ լուծուած է 650 անձի կեցութեան հարց, Սիսիանի մէջ` 169, Տաթեւի մէջ` 171, Կապանի մէջ` 324, Մեղրիի մէջ` 19: Սիւնիքի մարզին մէջ ընդհանուր առմամբ տեղաբաշխուած է 1298 տեղահանուած անձ: Վայոց Ձորի մարզին մէջ տեղահանուած անձերէն 532-ի կեցութեան հարցը լուծուած է, Գեղարքունիքի մարզին մէջ` 752-ի, Տաւուշի մէջ` 268-ի», ըսաւ Բաղդասարեան:

Ան նշեց, որ ընդհանուր առմամբ պետութիւնը 2850 անձի կեցութեան հարց հոգացած է:

Երէկ ժամը 8:00-ի տուեալներով հաղորդուեցաւ, որ Արցախէն հեռացած է 28.160 անձ:

Ստեփանակերտ-Կոռնիձոր ճանապարհը գերծանրաբեռնուած է: Մարդիկ օրերով կը մնան ճամբան, շատ պարագաներու անոնց հետ կապ հաստատել կարելի չըլլար:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան հասարակության հետ կապի եւ լրատուութեան ծառայութեան պետ Յունան Թադեւոսեան:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, աւելորդ խնդիրներէ, դէպքերէ ու պատահարներէ խուսափելու համար կը խնդրենք չշտապել: Խցանումներու պատճառով կարելի չէ այս պահուն իրականացնել տեղափոխումը` նոյնիսկ շրջաններէն: Ստեփանակերտի բնակչութեան տեղափոխման հարցով պէտք է դիմել քաղաքապետարան, շրջաններուն մէջ` վարչակազմերուն: Կը խնդրենք ըմբռնումով մօտենալ. կառոյցը (գործնական շտապ եւ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւն) կը զբաղի անհետ կորսուածներու հարցերով, ըստ այդմ` որոնողափրկարարական աշխատանքներով», նշած է Թադեւոսեան:

Այս միջոցին հաղորդուեցաւ, որ Եղցահողը ամբողջութեամբ դատարկուած է արդէն իր բնակիչներէն: 150 բնակիչները լքած են գիւղը:

Համայնքապետ Արտակ Յակոբեանը, որ արդէն ապաստանած է Հայաստանի Աբովեան քաղաքին մէջ, կը պատմէ, որ գիւղը ազրպէյճանական յարձակումէն ամբողջութեամբ գետնին հաւասարած է:

«Մարդիկ բացարձակօրէն ոչինչ կրցան իրենց հետ վերցնել, գիւղը այնպիսի վիճակի մէջ էր… Այս պահուն ո՛չ տուն կայ, ո՛չ փողոց կայ, ո՛չ դպրոց, ո՛չ համայնքապետարան: Իւրաքանչիւր տան վրայ 10 արկ ինկած է: Զինադադարը կնքուած էր, բայց մեր գիւղը դեռ 24 ժամ կը ռմբակոծուէր: Ռուս խաղաղապահները  կ՛ըսէին` մենք հրաման չունինք ձեզի օգնելու», ըսած է Յակոբեան:

Արցախէն զոհուածներու 125 աճիւն 26 սեպտեմբերին տեղափոխուած է Հայաստան:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարար Անահիտ Ավանեսեան` աւելցնելով, որ յառաջիկային պիտի սկսին նոյնականացման գործընթացները:

«Այս պահուն կրցած ենք աճիւններու տեղափոխման հարց լուծել: Յառաջիկային պիտի սկսին նոյնականացման աշխատանքերը: 125 աճիւն այսօր տեղափոխուած է Հայաստան` դատաբժշկական փորձագիտական կեդրոններ», նշեց ան:

Երէկ ընդդիմադիր Ազգային կոմիտէն յետաձգեց երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ նախատեսուած հանրահաւաքը` Արցախէն տեղահանուածներու մարդասիրական հարցերով զբաղելու համար:

Յայտնենք, որ 25 սեպտեմբերին Ասկերանի շրջանին մէջ վառելանիւթի պահեստանոցին մէջ տեղի ունեցած մեծ պայթումին հետեւանքով 290 վիրաւոր տարբեր աստիճանի այրուածքներով փոխադրուած են բժշկական կեդրոններ եւ ռուս խաղաղապահներու բժշկական ստորաբաժանում: 7 վիրաւորի կեանքը կարելի չէ եղած փրկել, եւ անոնք հիւանդանոցին մէջ մահացած են: 13 չճանչցուած մարմին տեղափոխուած է «Դատաբժշկական փորձաքննութեան գրասենեակ»: Պայթումէն վնասուած տասնեակ վիրաւորներ տակաւին կը գտնուին ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ:

Նախորդը

Անդրադառնալով Ասկերանի Շրջանին Մէջ Պայթումին` «Ֆրանսան Պատրաստ Է Շտապ Միջոցներ Ուղարկել» Կ՛ըսէ Քոլոնա

Յաջորդը

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?