Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միլլըր. «Ազրպէյճան Պատասխանատու Է Խաղաղ Բնակիչները Պաշտպանելու Եւ Բոլորին Նկատմամբ Մարդկային Վերաբերմունք Ապահովելու, Ներառեալ Անոնց, Որոնց Զինեալ Ըլլալէն Կը Կասկածի»

Սեպտեմբեր 27, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգները մտահոգուած են ստեղծուած կացութեամբ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր` արձագանգելով Արցախէն մարդոց դէպի Հայաստան զանգուածային արտագաղթին:

«Առաջնային առումով կարեւոր կը նկատենք, որ պահպանուի զինադադարը, որ այժմ գոյութիւն ունի, որ հետագայ ռազմական գործողութիւններ չըլլան: Երկրորդ` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի մարդասիրական կարիքները բաւարարուին եւ երրորդ` Ազրպէյճանն ու Հայաստանը հասնին կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրի», ըսած է Միլլըր:

Անոր համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը, համապատասխան ընտրութիւն կատարելու պարագային, պէտք է կարենայ խաղաղ եւ արժանապատիւ պայմաններու մէջ մնալ իր տուներուն մէջ` իր իրաւունքներու եւ անվտանգութեան յարգումով:

«Անոնք, որոնք կ՛ուզեն հեռանալ եւ վերադառնալ, պէտք է ստանան ապահով անցում, որուն պիտի վերահսկէ չէզոք, անկախ երրորդ կողմը: Իսկ Ազրպէյճանը պատասխանատուութիւն կը կրէ խաղաղ բնակիչները պաշտպանելու եւ բոլորին նկատմամբ մարդկային վերաբերմունք ապահովելու համար, ներառեալ անոնց, որոնց կը կասկածի զինեալ ըլլալու համար: Մենք կը կարծենք, որ պէտք է ըլլայ միջազգային առաքելութիւն` ապահովելու թափանցիկութիւն, հաւաստիացում եւ վստահութիւն Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն եւ միջազգային ընտանիքին, որ անոնց իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը պիտի պաշտպանուին, ինչպէս որ հրապարակաւ յայտարարած է Ազրպէյճանը», ըսած է Միլլըր:

«Կը կարծենք` կարեւոր է, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը հասնին կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրի», ըսած է ան:

«Ատիկա բան մըն է, որ մեր կարծիքով, հասանելի է, եթէ երկու կողմերն ալ պատրաստ ըլլան բարդ փոխզիջումներ կատարելու: Ակնյայտ է, որ մենք նման բան չենք տեսած վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին: Նախագահ Ալիեւն ու վարչապետ Փաշինեանը յայտարարած են, որ յաջորդ շաբաթ կը պատրաստուին հանդիպիլ: Մենք կը կարծենք, որ կարեւոր է, որ անոնք պիտի հանդիպին եւ ի վերջոյ կամրջեն իրենց երկու երկիրներուն միջեւ անջրպետը», նշած է Միլլըր:

Ան չէ մեկնաբանած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Նախիջեւան այցելութիւնը եւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին շուրջ քննարկումները:

Միլլըր նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ «այդ հարցին մէջ կ՛աշխատին Թուրքիոյ կառավարութեան հետ: Ասիկա այն հարցերէն մէկն էր, որ արտաքին գործոց նախարար Պլինքընը քննարկած է իր թուրք պաշտօնակիցին հետ անցեալ ուրբաթ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ժամանակ: Մենք յոյս ունինք, որ մեր բոլոր դաշնակիցներն ու գործընկերները կրնան կառուցողական դեր խաղալ տեւական համաձայնութեան հասնելու գործին մէջ, ներառեալ, ի հարկէ, Թուրքիան: Սակայն որոշակի առաջարկի վերաբերեալ մեկնաբանութիւն չունիմ»:

 

Նախորդը

Փաուըր. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Պէտք Է Միջազգային Ներկայութիւն Ըլլայ»

Յաջորդը

Անդրադառնալով Ասկերանի Շրջանին Մէջ Պայթումին` «Ֆրանսան Պատրաստ Է Շտապ Միջոցներ Ուղարկել» Կ՛ըսէ Քոլոնա

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?