Դիմադրութեան եւ Իսրայէլի միջեւ բախումները երէկ աւելի եւս սաստկացան: Ամբողջ օրուան ընթացքին երկու կողմերուն միջեւ ռմբակոծումները բուռն թափով շարունակուեցան` պատճառելով նաեւ քաղաքային զոհ մը եւ վիրաւորներ:
Մարուն Ռասի մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով մահացաւ 80 տարեկան կին մը` Նուհատ Մհաննա, ինչպէս նաեւ վիրաւորուեցաւ անոր ամուսինը:
Իսկ Պընթ Ժպէյլի մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով վիրաւորուեցաւ Սալահ Ղանտուր անունով քաղաքացի մը:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան հրետանին ամբողջ օրուան ընթացքին ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ գիւղաքաղաքները, որոնց շարքին Եարուն, Այթարուն, Այթա Շաապ, Ֆարտիս Քֆարհամամ եւ Քֆարքիլա:
Կէս գիշերին Դիմադրութիւնը «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը` իբրեւ պատասխան իսրայէլեան բանակին կողմէ Մարքապա գիւղաքաղաքի ռմբակոծումին, որ պատճառած էր վիրաւորներ` լիբանանցի քաղաքացիներու շարքին:
Առաւօտեան ժամը 5:20-ին, Հըզպալլա հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Պրանեթի անտառները` հրկիզելով զանոնք:
Դիմադրութեան մարտիկները յետմիջօրէին համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Տովիւ եւ Աւիւիմ դիրքերը` արձանագրելով ուղղակի թիրախներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կէսօրուան ժամը 12:15-ին հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուցած է զինուորներու համախմբում մը Մազարեհ Շեպաայի իսրայէլեան դիրքին վրայ, ինչպէս նաեւ ժամը 12:45-ին անօդաչու թռչող սարքերով թիրախ դարձուցած է Մազարեհ Շեպաայի մէջ վերակառուցուած իսրայէլեան երկու նոր դիրքեր եւ քանդած զանոնք:
Դիմադրութիւնը ժամը 1:30-ին համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Ժարտահ դիրքը, իսկ ժամը 3:30-ին թիրախ դարձուց իսրայէլեան Ռամիմ դիրքը, ուր կը գտնուէր իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը:


