Կովկասի մէջ անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը պայմանաւորուած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համապարփակ եւ կայուն համաձայնագիրի ստորագրութեամբ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր:
«Մենք կ՛աջակցինք այդ ուղղութեամբ տարուող անկեղծ ջանքերուն եւ որքան կարելի է շուտ դրական արդիւնք կը ցանկանք», յայտարարած է Կիւլեր եւ ողջունած Երեւանի եւ Պաքուի ձեռնարկած «փոխադարձ վստահութեան բարձրացման ուղղուած» քայլերը:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը միեւնոյն ժամանակ յիշեցուցած է, որ միայն այս տարի Անգարան ու Պաքուն 14 միացեալ ռազմափորձեր կատարած են:
Անգարան Աւարտած Է «Էֆ-16»-ներու Շուրջ
Ուաշինկթընի Հետ Բանակցութիւնները
Կիւլեր նաեւ յայտնած է, որ Անգարան աւարտած է «ԷՖ-16» հալածիչներու շուրջ Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները` աւելցնելով, որ այժմ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներէն այդ հարցին վերաբերեալ «դրական եւ յստակ քայլեր» կ՛ակնկալէ:
«ԷՖ-16» հալածիչներու վաճառքի հարցը Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու անցած օրերուն տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան գլխաւոր նիւթերէն էր. Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ Սպիտակ տան ղեկավարը դրական արձագանգած է վաճառքի հարցին:
2019-ին, երբ Թուրքիան Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը գնեց, Միացեալ Նահանգներ որոշեցին Թուրքիան դուրս ձգել ամերիկեան հալածիչներու արտադրութեան ծրագիրէն եւ մինչեւ օրս չեն տրամադրած գնուած շուրջ 100 օդանաւերը:


