Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, մեկնաբանելով շարք մը հայ պաշտօնատարներու այն յայտարարութիւնները, թէ ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ չեն պաշտպանած բնակչութիւնը` արտօնելով ցեղային զտման իրականացում, նշած է, որ այդ յայտարարութիւնները «ապակառուցողական են եւ չեն համապատասխաներ իրականութեան»:
Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հետ երկխօսութիւնը:
«Մենք այս յայտարարութիւններուն վերաբերեալ ռուսական կողմի դիրքորոշումը բազմիցս ներկայացուցած ենք: Նշած ենք, որ անոնք միայն նոր խնդիրներ կը բերեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ եւ վստահաբար որեւէ բանի չեն նպաստեր` ո՛չ երկկողմանի օրակարգի ամրապնդման, ո՛չ շրջանային խնդիրներու լուծման:
«Ցաւօք, կ՛երեւի այնտեղ ատիկա մէկու մը ձեռնտու է: Չեմ գիտեր` ատիկա Հայաստանի՞ մէջ մէկու մը ձեռնտու է, թէ՞ արտասահմանի մէջ մէկու մը: Մեկնաբանելով այդ յայտարարութիւնները` պիտի ըսեմ, որ անոնք փաստերը խեղաթիւրելու փորձեր են` պատասխանատուութեան տակէն դուրս գալու համար», ըսած է Զախարովա:


