Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Տաւոսի մէջ տեղի ունեցող Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականներու 4-րդ հանդիպման շրջագիծին մէջ 14 յունուարին հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայընի հետ:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակէն, զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ այդ յարաբերութիւններու օրակարգը աւելի եւս զարգացնելու հարցեր:
Կը նշուի, որ կողմերը նաեւ միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքին վերաբերեալ:


