Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեանը` Փաշինեանի Յայտարարութեան Մասին. «Հրապարակային Խոստովանութիւն Էր, Որ Ինք Ձախողեցուցած Է Իր «Խաղաղութեան Օրակարգ»-ը

January 15, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան պատասխանած է անցեալ շաբաթավերջին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կատարած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ «Երկիր» կայքի հարցումներուն:

Արձագանգելով Փաշինեանի յայտարարութիւններուն, որոնք կատարուեցան ի պատասխան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Սաղաթէլեան ըսաւ, որ «ատիկա հրապարակային խոստովանութիւն էր այն մասին, որ ինք ձախողեցուցած է իր «խաղաղութեան օրակարգը» եւ երկիրը կանգնեցուցած է նոր պատերազմի առաջ: Ատիկա Նիկոլ Փաշինեանի շրթներով արձանագրում մըն էր այն մասին, որ Ազրպէյճանը Արցախով չէ բաւարարուած, զօրքերը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն դուրս պիտի չբերէ, աւելի՛ն` նոր տարածքային յաւակնութիւն ունի Հայաստանի նկատմամբ. այն ամէնը, ինչի մասին մենք կ՛ըսենք աւելի քան երեք տարիէ ի վեր: Երեք տարի մեր ժողովուրդը խաբած են, թէ` մեզ պահեցէք իշխանութեան վրայ, եւ մենք խաղաղութիւն կը բերենք, հիմա ալ կ՛ըսեն` չ՛ըլլար, քանի որ Ազրպէյճանը խաղաղութիւն չ՛ուզեր: Բայց զաւեշտը այն է, որ վերջաւորութեան Նիկոլը կ՛ըսէ` միեւնոյն է` պիտի երթանք այդ ճանապարհով»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս իրավիճակին մէջ ի՞նչ պէտք է ընել, Սաղաթէլեան ըսաւ, որ անվտանգութիւն եւ խաղաղութիւն ունենալու համար պէտք է կազմակերպել երկրի համալիր պաշտպանութիւնը եւ վարել արդիւնաւէտ արտաքին քաղաքականութիւն, բան մը, ինչ որ իշխանութիւնները բազմաթիւ անգամներ ապացուցած են, որ չեն կրնար ընել: «Խնդիրը, որ մինչեւ հիմա չենք կրցած լուծել, կը շարունակէ մնալ նոյնը: Մենք մեր ժողովուրդին պէտք է հանգամանալից բացատրենք, որ ասոնք խաղաղութեան անուան տակ մեզ կը տանին նոր ցեղասպանութեան եւ Արցախէն յետոյ երկրորդ հայկական պետականութեան կորուստի: Եթէ այդ վտանգի գիտակցութիւնը մեր ժողովուրդի մեծամասնութեան կարողանանք տեղ հասցնել, կը կարողանանք նաեւ արագօրէն լուծել բոլոր հարցերը», ընդգծեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Նախորդը

Գրիգորեան Եւ Օ՛Պրայըն Քննարկած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ընթացքը

Յաջորդը

Չարիքին Կարելի Չէ Յաղթել Չարիքով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.