Իրանի յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Սալամի եւ պահակագունդի Երուսաղէմ փաղանգի հրամանատար զօր. Իսմայէլ Քաանի Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի, Համասի ընդհանուր քարտուղար Իսմայէլ Հանիէի, Անսար Ալլահի նախագահ Մոհամետ Ապտել Սալամի եւ իսլամական Ժիհատի պատասխանատուին հետ:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական, ընկերային եւ զինուորական իրադարձութիւնները` Կազայի մէջ, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան ճակատներուն դերակատարութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ բոլոր ճակատներուն վրայ շարունակելու դիմադրութիւնն ու պայքարը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ամբողջական յաղթանակի յանգիլ` Պաղեստինեան դատին լուծման առումով:


