19 մայիսին տեղի ունեցած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի, արտաքին գործերու նախարարի եւ այլ պաշտօնատար անձերու ողբերգական մահուան առիթով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ սէյիտ Ալի Խամենէիին ցաւակցական հեռագիր մը յղած է ՀՅԴ Բիւրոն:
Ցաւակցական խօսքին մէջ ափսոսանք յայտնուած է այս մեծ կորուստին առիթով: Մասնաւորապէս նշուած է, որ «նախագահ պարոն Ռայիսին կարեւոր դեր ունեցած է Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ»:
ՀՅԴ Բիւրոն իր ցաւակցութիւնը յայտնած է «Իրանի ղեկավարութեան, ժողովուրդին եւ կառավարութեան, յատկապէս հանգուցեալներու ընտանիքներուն, այս ցաւալի կորուստին համար» եւ անոնց մաղթած է աստուածային համբերութիւն:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
20 մայիս 2024


