Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այսրյորդանանի Մէջ Կացութիւնը Անդունդի Եզրին Է, Եւ Եթէ Պայթի, Ապա Տագնապը Աւելի Վտանգաւոր Ուղղութիւն Պիտի Ստանայ» Կ՛ըսէ Սաֆատի

May 23, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի զգուշացուց, որ «Այսրյորդանանի մէջ կացութիւնը անդունդի եզրին է, եւ եթէ կացութիւնը պայթի, ապա տագնապը վտանգաւոր ուղղութիւն պիտի ստանայ»:

«Իսրայէլի բնակեցման նոր վայրեր կառուցելու որոշումները պատգամներ են, թէ ան կը շարունակէ իր ապօրինի արարքները եւ կը սպաննէ խաղաղ լուծման առիթները», ըսաւ յորդանանեան դիւանագիտութեան պետը:

Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար, ծայրայեղ աջակողմեան Իթամար պեն Ղաֆիր 7 հոկտեմբերին Կազայի դէմ պատերազմի սկիզբէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Աքսայի մզկիթ ներխուժեց:

Ան ներխուժման ընթացքին յայտարարեց. «Բացարձակապէս կարեւորագոյնը եղող այս տեղը պէտք է մեր վերահսկողութեան տակ առնենք»:

Ան նաեւ պնդեց. «Մեր գերիներուն վերատիրանալու համար պէտք է Կազա վառելանիւթի մուտքը դադրեցնենք»:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցելել Սմոթրիչ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին յայտնեց «տուրքերու գումարներու պաղեստինեան իշխանութեան փոխանցման դադրեցումը»:

Սմոթրիչ Նեթանիահուին յղեց նամակ մը, որուն մէջ յայտարարեց. «Պէտք է պաղեստինեան իշխանութեան դէմ քայլեր որդեգրել` Իսրայէլի դէմ անոր միակողմանի քայլերուն համար»:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց Ֆրանսայի եւ Իսրայէլի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 75-ամեակին եւ Իսրայէլ պետութեան հաստատման 76-ամեակին նուիրուած Փարիզի մէջ ձեռնարկի մը ընթացքին Ֆրանսային կոչ ուղղեց` «դատապարտելու Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը ձերբակալելու գիր արձակելու Միջազգային քրէական դատարանի ընդհանուր դատախազի պահանջը:

«Բարեկամիս, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին կը դիմեմ ըսելով, որ ընդհանուր դատախազի ամօթալի պահանջի դիմակայման մէջ, մեր եւ ֆրանսական կառավարութեան աջակցութիւնը կարեւոր են», նշեց Քաց:

«Կարեւոր է յստակ կերպով յայտարարէք, որ ընդհանուր դատախազի պահանջը ամօթալի է, ուստի ձեզի եւ ֆրանսական կառավարութեան համար անընդունելի է», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Մոլտովան Դարձաւ Եւրոպական Միութեան Հետ Անվտանգութեան Եւ Պաշտպանութեան Ուխտ Ստորագրած Առաջին Երկիրը

Յաջորդը

Սպանիան, Նորվեկիան Ու Իրլանտան Ճանչցան Պաղեստինի Պետութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.