Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատ Սրբազանը 26 Մայիսը Յայտարարեց Իբրեւ Կարեւոր Հանրահաւաքի Օր

Մայիս 20, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան շաբաթ օր Երեւանի Ս. Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ ներկայացուցած է «Տաւուշը հայրենիքի համար» շարժման կողմէ 18 մայիսին քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, մշակութային գործիչներու եւ նախկին սպայակազմի հետ ունեցած հանդիպումներու արդիւնքները եւ խօսած է յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ ընելիքներուն մասին:

Շաբաթ օրուան հանդիպումները սրբազանը գնահատած է դրական, խոստմնալից եւ բուռն:

Քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին անդրադառնալով` Բագրատ սրբազանը նշած է, որ անոնք համախմբումին կողմ են. «Ուրախ եմ, որ այն գաղափարը, օրակարգը, որ մենք առաջադրած ենք, այսօր լիուլի արտայայտուած էր: Բոլորին մօտ համախոհութիւնը կայ, միտքերը պարզ են, գործողութիւնները` յստակ` ամէն մէկը` իր պատասխանատուութեան բաժինով: Շատ ուրախ եմ ատոր համար»:

Անդրադառնալով հարցին, թէ ե՞րբ պիտի յայտարարուի շարժման վարչապետի թեկնածուի անունը` ան դարձեալ վերահաստատած է, որ ատոր մասին տակաւին որոշում չկայ, իսկ իր հաւանական թեկնածութեան մասին խօսակցութիւնները քաղաքական կուսակցութիւններու ըմբռնումներն ու ցանկութիւններն են, եւ ատիկա պաշտօնական որոշում չէ: Ան նաեւ նշած է, որ այդ հարցով պէտք է հանդիպի Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:

Բագրատ սրբազանը նշած է, որ արուեստի ու մշակոյթի գործիչներն ալ հանդիպումին ժամանակ տարբեր առաջարկներ ու նախաձեռնութիւններ ներկայացուցած են:

Զինուորականներու հետ փակ հանդիպումին անդրադառնալով` ան ըսած է. «Մեր պահեստազօրի սպաներն էին, զօրավարները, ճամբայ անցած մարդիկ, որոնք, դժբախտաբար, այս աւերիչ պատերազմէն ետք ե՛ւ հոգեբանական, ե՛ւ այլ կերպով, ինչպէս մեր ժողովուրդը, ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին: Անոնք իրենց պատրաստակամութիւն  յայտնած են թէ՛ մասնակից ըլլալու շարժման ընթացքին, թէ՛ նաեւ աւելի մեծ թիւով հաւաքուելու: Այս հանդիպումին 200-է աւելի սպաներ կային` երիտասարդ սերունդէն մինչեւ աւելի աւագները, ինչ որ մեզ որոշակի իմաստով նաեւ յոյս կը ներշնչէ: Մենք բոլորէն խնդրած ենք, որ հայեցակարգեր կազմեն, թէ ինչպէ՞ս կը տեսնեն զարգացումը իրենց ոլորտներուն մէջ»:

Պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան իր կարգին ըսած է. «Մեր բոլոր մտավախութիւնները, մտահոգութիւնները այս իշխանութիւնները կ՛իրականացնեն Ազրպէյճանի հետ ձեռք-ձեռքի տուած, անշեղօրէն, վայրկեան առ վայրկեան»:

Ան նշած է, որ շաբաթ օր տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեանը գացած էր Կիրանց ու կառավարութեան վերջնագիրը ներկայացուցած կիրանցիներուն, ըսելով, որ գիւղը կը բաժնուի երկու մասի, դպրոցին մօտէն գիւղը կը կիսուի:

«Գիւղացիներուն տարբեր մեթոտներով` մէկուն մտերմիկ խօսակցութեան կանչելով, միւսին գումար առաջարկելով, կը փորձեն մարդոց համոզել հրաժարիլ իրենց շիրիմներէն, տուներէն, պապական օճախներէն: Իրենք մինչեւ հիմա այդպէս մնացած են իշխանութեան վրայ. 6 տարուան մէջ իրենց տուած տուած են, իրենք ալ հայրենիք տուած են: Իրենց գործելաոճն է, կը մտածեն, թէ արժանապատիւ քաղաքացիներն ալ իրենց նման ծախու են: Բայց ի պատիւ կիրանցիներուն, մարդիկ հաշտ չեն իրողութիւններուն հետ, մեր հայրենակիցներուն մեծ մասին սահմանապահ համայնքներուն մէջ որեւէ բան չի հետաքրքրեր, բացի պատիւէն, հայրենիքէն, արժանապատուութենէն»:

Ան նաեւ յայտնած է, որ արդէն շաբաթ օրուընէ սահմանապահ զօրախումբ բերուած է Կիրանց, կը պատրաստուին մօտ օրերս առաջնագիծը նուիրաբերել թշնամիին:

Բագրատ սրբազանը անդրադարձած է քաղաքական բանտարկեալներու խնդիրին. ան իր զօրակցութիւնը յայտնած է Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինի պահուող Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բանտերուն մէջ գտնուող քաղաքական բանտարկեալներուն:

Յառաջիկայ ընելիքներուն մասին խօսելով սրբազանը ըսաւ. «Այս մէկ շաբթուան մէջ մենք տարբեր հանդիպումներ պիտի ունենանք եւ կիրակի, 26 մայիսին, մեր կարեւոր հանրահաւաքն պիտի ըլլայ»: Բագրատ սրբազանը աւելցուց, որ շարժումը պիտի սկսի յստակ նախաձեռնութիւններու իրականացումը: Սրբազանը նաեւ նշեց, որ իրենք պայքարի ցանկալի արդիւնքին ու նպատակակէտին պիտի հասնին, սակայն` համբերութեամբ զինուած ու կշռադատուած քայլերով:

Նախորդը

Հաճիեւ Եւ Սալիվըն Քննարկած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը

Յաջորդը

Աստուածները Ուշ Կամ Կանուխ Հաւասարակշռութիւնը Պիտի Վերականգնեն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?