Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Միջազգային Քրէական Դատարանը Եւ Երկու Պետութիւն Բանաձեւը

Մայիս 23, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրերայաջորդ յայտարարութիւններով Սպանիան, Իրլանտան եւ Նորվեկիան ճանչցան Պաղեստինի պետութիւնը, մինչ Մալթան պարզ դարձուց, որ կը պատրաստուի հետեւիլ այդ երկիրներու օրինակին: Ֆրանսան սկզբունքով դէմ չէ ճանաչումին, բայց պահը յարմար չի նկատեր, յայտնապէս զինադուլի համաձայնական ճիգերը արգելակած չըլլալու համար:

Այս փաստը կ՛նթադրէ, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին որդեգրած երկու պետութիւն բանաձեւը կը թեւակոխէ իրաւական ընթացակարգի առաջին փուլը:

Քաղաքական տրամաբանութեամբ այս ընթացակարգին հետ կը կապուի Միջազգային քրէական դատարանի դատախազին պահանջը Իսրայէլի վարչապետը, պաշտպանութեան նախարարն ու Համասի կարգ մը ղեկավարները ձերբակալելու առումով: Ծանրագոյն մեղադրանք կայ այստեղ` մարդկութեան դէմ ոճիր: Ամբաստանութիւնը երկկողմանի է: Քաղաքական հետեւութիւններ ընդգծելու համար անհրաժեշտ է լոյսին բերել միջազգային ընտանիքի արձագանգները: Ընդհանրապէս Ուաշինկթընի մօտեցումը տիրական է եւ հունաւորող արձագանգներու բնոյթը:

Միացեալ Նահանգներ կը մերժեն Միջազգային քրէական դատարանի ընդհանուր դատախազի իսրայէլացի պաշտօնատարներու եւ Համասէն պաշտօնատարներու ձերբակալման հրամանագիր հրապարակելու պահանջը: Ուաշինկթըն  կը մերժէ դատախազի` Իսրայէլն ու Համասը նոյն նժարին վրայ դնելը, զգուշացնելով, որ այդպիսի հրամանագիրի մը հրապարակումը կ՛ականահարէ Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու, գերիներու փոխանակում կատարելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները աւելցնելու համաձայնութեան հասնելու համար թափուող ջանքերը: Միաժամանակ, այս անգամ պաշտպանութեան նախարարին միջոցով Միացեալ Նահանգներ պարզ դարձուցին, որ  պիտի շարունակեն Ուքրանիոյ հարցին շուրջ գործակցիլ Միջազգային քրէական դատարանին հետ, հակառակ իսրայէլացի պաշտօնատարներու դէմ ձերբակալման հրամանագիրներու հրապարակման պահանջին:

Փորձենք ագուցել այս արձագանգին մէջ տեղաւորուած միտքերն ու մօտեցումները: Այնպէս չէ, որ Ուաշինկթընը կտրականապէս կը հակադրուի դատախազի պահանջին: Այստեղ աւելի շեշտը դրուած է հաւասարեցման նժարին վրայ: Համասը ահաբեկչական խմբաւորում է ըստ Ուաշինկթընի, մինչ Իսրայէլը ռազմավարական իր գործընկերն է: Ուաշինկթընը այս ձեւով չի հերքեր, որ Թել Աւիւի վարիչները մարդկութեան դէմ ոճիր գործած են: Կը մերժէ հաւասարեցումը:

Տակաւին. այս ծանր ամբաստանութիւնը որեւէ ձեւով պատճառ չէ, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց գործակցութիւնը կասեցնեն Միջազգային քրէական դատարանին հետ, Ուքրանիոյ հարցով:

Դժուար է նախ համոզուիլը, որ Միջազգային քրէական դատարանը միջազգային ընտանիքի ընդհանուր վարքագիծին հակառակ կամ առնուազն ոչ համահունչ կեցուածք որդեգրէ: Անշուշտ այստեղ կայ որոշ երանգային ներկայութիւն: Առայժմ դատախազի պահանջն է ձերբակալութիւնը: Դատաւորի վճիռը չկայ դեռ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս երկու պետութեան բանաձեւը որդեգրած է ՄԱԿ-ը եւ ոչ թէ ապահովուած է Ապահովական խորհուրդի որոշումը: Դամոկլեան սուրի տեսութիւնը սկսած է աշխատիլ Թել Աւիւի գլխուն վերեւ:

Միջազգային քրէական դատարանի դատախազի պահանջին արձագանգող, թէ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչցող երկիրներու ցանկերէն կայ մեծ բացակայ մը: Այն, որ ամէն առիթի ցեղասպանութիւն գործադրած ըլլալու յանցանքով կ՛ամբաստանէր Իսրայէլը եւ ան, որ լորձնաշուրթն զօրակցական յայտարարութիւններ կը բաշխէր պաղեստինցի ժողովուրդին: Երկու պետութիւն բանաձեւը առաջադրելն ու ուղղակի պաշտօնապէս Պաղեստինի առկայ  պետութիւնը հիմա ճանչնալը քաղաքական տարբեր դիրքորոշումներ են:

Չի բացառուիր, որ Անգարան միանայ ցանկերէն մէկուն: Պահը սակայն կարեւոր է: Ինչ որ խուսանաւումի, առեւտուրի կամ որոշ առումով Միացեալ Նահանգներէն կախեալ ըլլալու մասին կը յուշէ:

Նախկին յայտարարութիւնները նկատի ունենալով` Անգարան պէտք է առաջինը ողջունէր դատախազին պահանջը, շրջուած ձեւով մերժելով հաւասարութեան նժարը:

Այս այն հանգուցակէտն է, ուր կրնան տարբերիլ կամ երեւութապէս հակադրուիլ Պաքուի եւ Անգարայի դիրքորոշումները:

Այս նախադրեալները կը յուշեն, որ բազմակողմանիօրէն դէպի Միջազգային քրէական դատարան պէտք է ողողուին Ազրպէյճանի գործադրած ցեղային զտման, ցեղասպանական գործողութիւններու, ռազմական յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ իրականացուած ոճիրներու փաստերը: Քաղաքական պահի հասունացումով այդ բոլորը մեղադրականի կրնայ վերածել միջազգային ընտանիքը:

Իրադարձութիւնները արագ են: Նոյնքան արագ են նաեւ տարածաշրջանին մէջ աւանդական դեր վերցուցած պետութիւններու կարգավիճակի վերանայումները:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Եւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Ներկայացուցիչները Ցաւակցական Այցելութիւն Տուին Իրանի Դեսպանատուն

Յաջորդը

Ներկայութեամբ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Եի Մասնակցութեամբ 277 Պարողներու. «Քնար» Պարախումբի Ու «Գայեանէ» Պարի Եւ Պալէի Դպրոցներու Իւրայատուկ Եւ Ոգեւորիչ Ելոյթները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?