«Իրանը մեր բարեկամ եւ դաշնակից երկիրն է, սա ծանր հարուած էր, բայց յոյս ունինք, որ Իրանի ժողովուրդը, պետութիւնը ամբողջութեամբ կը յաղթահարեն այս ծանր փորձութիւնը», այս մասին Իրանի դեսպանատան մէջ երէկ յայտարարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:
Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները այցելած են Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատուն` ցաւակցութիւն յայտնելու եւ բացուած սուգի մատեանին մէջ ցաւակցական գրառում կատարելու` ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի, արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի եւ անոնց ուղեկցող այլ անձերու մահուան առիթով: