Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատ Արք. Գալստանեան. «Տաւուշի Ողբերգութիւնը Ամբողջ Հայաստանով Պիտի Շարունակուի, Եթէ Չկասեցնենք Եւ Այս Մարդոց Չճանապարհենք»

June 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Տաւուշի մէջ տեղի կ՛ունենայ ոչ թէ սահմանազատում, այլ պարզապէս հողերու յանձնում: Եթէ այս մարդոց չկասեցնենք, չուղարկենք իրենց սիրած տեղերը, Տաւուշի ողբերգութիւնը ամբողջ Հայաստանով պիտի շարունակուի: 10 տարի շարունակ այդ խրամատները, այդ դիրքերը ես տեսած եմ, գիտակցած եմ անոնց կարեւորութեան, հիմա ի՞նչ կայ այնտեղ: Եթէ իսկապէս բարեմտութիւն կար, այդ տարածքէն (2022-ին բռնագրաւուած) թող դուրս գային ազրպէյճանցիները, ըսէին` լաւ, խաղաղութիւն կը կնքուի, իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, որ կարողանանք համախոհութիւն գոյացնել երկու պետութիւններուն միջեւ, մենք երկու տարի առաջ գրաւած այս տասնեակ քառակուսի քիլոմեթրերէն կը նահանջենք: Մէկ միլիմեթր պիտի չնահանջեն, դեռ հակառակը` տեսնելով իրենց առջեւ ծունկի եկած ստախօսը, անընդհատ պիտի ըսեն` յառաջ կ՛երթանք: Ես տարակոյս չունիմ, որ ասոնք ներողութիւն պիտի խնդրեն Խոջալուի ողբերգութեան համար, հետեւաբար մենք շատ կարճ ժամանակ ունինք` ազատելու այս չարիքէն, եւ ատիկա տեղի պիտի ունենայ», Ս. Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ երէկ երեկոյեան յայտարարեց վարչապետի թեկնածու Բագրատ արք. Գալստանեան:

«Մենք հաշտութեան օրակարգով եկած ենք, բայց ատիկա չի նշանակեր` ծածկել ամէն ինչ, ատիկա կը նշանակէ` արդարութիւն, արդարադատութիւն: Սուտի թագաւորութեան անընդհատ յարձակումները բաւական են` կապուած մեր սահմաններուն, երկրի ճակատագիրին, ներքին կեանքի աւերուածութեան հետ, որմէ պէտք է ժամ առաջ ազատագրուիլ, եւ ժամը կը հասնի», նշեց սրբազան հայրը:

«Շատ կարճ ժամանակ ունինք, որպէսզի վերջնականապէս ազատինք այս չարիքէն», ընդգծեց Բագրատ սրբազան:

 

Նախորդը

Լեմքինի Հիմնարկ. «ՄԱԿ-ը Պէտք Է Ջնջէ Ազրպէյճանը` Իբրեւ ՔՈՓ29-ը Հիւրընկալող Երկիր Ճանչնալու Որոշումը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Ռազմավարութեան Պատճառով»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (7 Յունիս 2024)

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.