Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Վրայ Զինեալ Յարձակում

June 6, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Աուքարի շրջանին մէջ գտնուող Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան վրայ կատարուեցաւ զինեալ յարձակում մը. մինչ տեղական լրատուամիջոցներ խօսեցան երեք զինեալներու մասին, որոնցմէ մէկը լիբանանեան բանակին կողմէ սպաննուած է, երկրորդը` վիրաւորուելով ձերբակալուած եւ հիւանդանոց տեղափոխուած, իսկ երրորդը` խոյս տուած, լիբանանեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Աուքարի շրջանին մէջ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը սուրիական քաղաքացիութեան տէր անձի մը կողմէ կրակոցի ենթարկուեցաւ, ուստի շրջանին մէջ տարածուած  բանակին անդամները հակադարձեցին կրակոցին, որուն պատճառով կրակողը վիրաւորուեցաւ, ձերբակալուեցաւ եւ դարմանման համար հիւանդանոցներէն մէկը փոխադրուեցաւ: Դէպքի մանրամասնութիւններուն բացայայտման համար հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ»:

Լիբանանեան բանակը դէպքէն անմիջապէս ետք փակեց դէպի ամերիկեան դեսպանատուն տանող բոլոր ճամբաները եւ շրջանին մէջ խուզարկութիւններու ձեռնարկեց:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր կարգին «Էքս»-ի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Առաւօտեան ժամը 8:34-ին ամերիկեան դեսպանատան մուտքին մօտ ոչ ծանր զէնքով կրակոցի մասին տեղեկութիւն հաղորդուեցաւ, եւ շնորհիւ լիբանանեան բանակին, ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ դեսպանատան մէջ մեր անվտանգութեան խումբի արագ հակազդեցութեան, մեր կառոյցներն ու խումբերը ապահով դարձան: Հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է, եւ մենք հիւրընկալ երկրին մէջ առնչակից իշխանութիւններուն հետ սերտ կապի մէջ ենք»:

Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պեքաայի մէջ Պետական անվտանգութեան կառոյցի տնօրէնութիւնը բանակի գաղտնի սպասարկութեան հետ համակարգուած կերպով եւ Պեքաայի մէջ ընդհանուր դատախազ դատաւոր Մունիֆ Պարաքաթի արտօնագիրով Մաժտալ Այնճար գիւղին մէջ արագ ու տեսակարար գործողութիւն մը կատարելով կրցած է ձերբակալել ամերիկեան դեսպանատան վրայ կրակ բացած անձին եղբայրը եւ զայն յանձնած առնչակից իշխանութիւններուն` աւելցնելով, որ հետաքննութիւնը սկսած է:

«Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը դեսպանատան դէպքին մեղսակցութեան կասկածանքով Մաժտալ Այնճարի Ապու Պաքր Սըտտիք մզկիթին առջեւ ձերբակալած է շէյխ Մալեք Ժիհան, որուն մօտ կրօնական դասընթացքներու կը հետեւէր դեսպանատան վրայ յարձակում գործած սուրիացին, որ արձանագրուած էր գաղթականներու հարցով ՄԱԿ-ի գործակալութեան մօտ:

Լիբանանեան բազմաթիւ քաղաքական դէմքեր եւ կուսակցութիւններ դատապարտեցին ամերիկեան դեսպանատան վրայ յարձակումը:

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց յարձակումը եւ ըսաւ. «Առնչակից կողմերուն հետ հեռաձայնային շարք մը հաղորդակցութիւններ ունեցայ` հետեւելու դէպքին եւ ծանօթանալու անոր մանրամասնութիւններուն»:

Ան վստահեցուց, որ Լիբանան, իր յանձնառութիւններուն եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերաբերեալ Վիեննայի համաձայնութեան հիմամբ յանձնառու է պաշտպանելու Պէյրութի մէջ գործող դիւանագիտական առաքելութիւններու կեդրոնատեղիները:

Ըստ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին, յարձակումի հեղինակին հագուստին վրայ գրուած էր. «ՏԱՀԵՇ, մեկուսի գայլեր, Աստուծմէ բացի չկայ յաղթական»:

Նախորդը

Այցելելով Քիրիաթ Շմոնա` Նեթանիահու. «Հիւսիսի Մէջ Ուժեղ Գործողութեան Մը Պատրաստ Ենք»

Յաջորդը

«Բացի Հայաստանէն, Խաղաղութեան Եւրոպական Հիմնադրամէն 10 Միլիոն Եւրոյի Աջակցութիւն Պէտք Է Տրամադրուի Նաեւ Ազրպէյճանին» Կ՛ըսէ Հունգարիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.