Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պայտընի Առաջարկի Ընդունումը Կրնայ Պաղեստինցի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքի Իրականացման Յանգեցնել» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

June 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ գոյութիւն ունի Կազայի վերաբերեալ առաջարկ մը, որ Համասին ուղարկուած է, «եւ պաշտօնական խողովակներու ճամբով այդ առաջարկի պատասխանին կը սպասենք»:

Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի առաջարկը ընդունիլը կրնայ մնայուն խաղաղութեան եւ պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման յանգեցնել:

«Վերջին օրերու ընթացքին Եգիպտոսի եւ Քաթարի հետ աշխատեցանք` հասնելու համար զինադադարի մը, որ մնայուն խաղաղութեան կ՛առաջնորդէ», նշեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան հասնելու դիմաց խոչընդոտը Համասն է:

Սպիտակ տունը իր կարգին երէկ յայտնեց. «Շարք մը երկիրներու կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը Համասին կոչ կ՛ուղղէ զինադադարի հաստատման եւ պատանդներու ազատ արձակման համաձայնութիւն գոյացնելու»:

Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ նշեալ հաղորդագրութիւնը ստորագրած են Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Արժանթինի, Պրազիլի Աւստրիոյ եւ այլ երկիրներու ղեկավարները:

«17 երկիրներ, որոնց շարքին Ամերիկան, իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն զինադադարի եւ կալանաւորուածներու փոխանակման Պայտընի առաջարկին», նշեց Սպիտակ տունը` աւելցնելով. «Միացեալ հաղորդագրութիւնը Իսրայէլի եւ Համասի ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղէ` համաձայնութիւն գոյացնելու համար զիջումներ կատարելու»:

Եգիպտական հետախուզութեան մօտիկ եղող «Գահիրա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ բարձրաստիճան աղբիւր մը յայտնած է. «Եգիպտոս Համաս շարժումէն ստացաւ դրական նշաններ, որոնք ցոյց կու տան, որ ան զինադադարի հաստատման կը ձգտի»:

«Համասի ղեկավարները մեզի տեղեկացուցին, որ լրջութեամբ եւ դրականօրէն կը սերտեն զինադադարի առաջարկը», նշեց աղբիւրը` աւելցնելով. «Համաս զինադադարի առաջարկին վերաբերեալ իր պատասխանը պիտի տայ յառաջիկայ օրերուն»:

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Եգիպտոս Համասի ղեկավարները հրաւիրած է Գահիրէ` քննարկելու համար ներկայ կացութեան առնչուած բոլոր մանրամասնութիւնները:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդը որոշած է «մինչեւ Համասի` նախագահ Պայտընի բացայայտած իսրայէլեան առաջարկին պատասխանելը յետաձգել (իսրայէլեան) պատուիրակութեան Տոհա ուղարկումը»:

Պատկերասփիւռի կայանը չյստակացուց, թէ նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդը այդ որոշումը ե՛րբ որդեգրած է: Ծանօթ է, որ խորհուրդի վերջին նիստը գումարուած էր երեքշաբթի օր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակին մէջ` քննարկելու համար Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ լարուածութեան աճը:

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարես յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի միանայ Հարաւային Ափրիկէի Միջազգային արդարադատութեան դատարանին մօտ Կազայի մէջ պաղեստինցիներուն դէմ ցեղասպանութիւն գործելու ամբաստանութեամբ Իսրայէլի դէմ ներկայացուցած դատական հայցին:

 

Նախորդը

Իսրայէլ Տեղահանուածներ Պատսպարող Դպրոց Մը Ռմբակոծելով Կը Սպաննէ 30 Քաղաքայիններ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.