Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքերի Քանիի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ` ներկայութեամբ Պէյրութի մէջ Իրանի դեսպանին:
Սայիտ Նասրալլա անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի ու անոնց ընկերակիցներուն մահուան առիթով:
Հըզպալլայի հասարակական կապերու բաժանմունքը հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են շրջանային քաղաքական եւ ապահովական վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար Կազայի եւ Լիբանանի մէջ, «ինչպէս նաեւ առաջարկուող լուծումներն ու դէպքերու զարգացման շուրջ գոյութիւն ունեցող կարելիութիւնները»:
Սէյիտ Նասրալլա շնորհակալութիւն յայտնած է Իրանի կառավարութեան ու ժողովուրդին մնայուն կերպով շրջանի ժողովուրդներուն եւ դիմադրութեան շարժումներուն կողքին կանգնելնուն համար, ինչպէս նաեւ «հակառակ պատժամիջոցներուն ու սպառնալիքներուն անոնց հաստատ եւ տոկուն կեցուածքին համար»:


