Ամերիկացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած են. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Իսրայէլին յայտնած է իր մտավախութիւնը, թէ Լիբանանի մէջ սահմանափակ պատերազմ մը անիրապաշտ ընտրանք է»:
«Պայտընի վարչակազմը զգուշացուց Իսրայէլը, թէ Լիբանան ցամաքային ներխուժում մը, նոյնիսկ եթէ սահմանափակ ըլլայ, կրնայ Իրանը մղել միջամտելու», նշած է պաշտօնատարը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր առաջ զգուշացուցած էր, որ Լիբանանի մէջ մագլցում մը պիտի վտանգէ Իսրայէլի անվտանգութիւնը:
Նախարարութիւնը նշած էր, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումը պիտի առաջնորդէ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ կացութեան հանդարտեցման` աւելցնելով. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի սահմաններուն վրայ տագնապի մագլցում չենք ուզեր` խուսափելու համար երկու կողմերէն յաւելեալ զոհերու արձանագրումէն»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտած էր, որ պէտք է Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական լուծումի գոյացման ձգտիլ:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը գրեց. «Միջազգային օրինականութեան եւ ուժասպառ բանակի պայմաններուն մէջ Լիբանանի մէջ լայնածաւալ պատերազմ մը Իսրայէլը անդունդի եզր պիտի մղէ»:
Նշենք, որ Հըզպալլան հինգշաբթի գիշեր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իր մարտիկները Լիբանանի օդային տարածքը ոտնահարող իսրայէլեան պատերազմական օդանաւերու ուղղութեամբ հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներ արձակած են` ստիպելով, որ անոնք սահմանէն անդին նահանջեն:
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին հրապարակած հարցախոյզի արդիւնքներուն համաձայն, իսրայէլացիներուն շուրջ 62 առ հարիւրը կը զօրակցի Հըզպալլայի դէմ լայնածաւալ պատերազմի շղթայազերծման եւ միայն 18 առ հարիւրը պատերազմի շղթայազերծման դէմ է:
Աջակողմեաններուն 84 առ հարիւրը եւ կեդրոն աջի համակիրներուն 56 առ հարիւրը կը զօրակցին Հըզպալլայի դէմ լայնածաւալ պատերազմի շղթայազերծման:
Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանցի գրասենեակը երէկ յայտնեց. «Եթէ դիւանագիտական ջանքերը ձախողին, Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւն մը անխուսափելի է»:


