17 յունիսին Բաղրամեան փողոցին վրայ տեղի ունեցաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին բազմամարդ հանրահաւաքը, որուն ընթացքին շարժումին առաջնորդը` Բագրատ արք. Գալստանեան ըսաւ հետեւեալը. «12 յունիսը եւս անջնջելի խարան մըն է այս իշխանութեան եւ անոր ստախօս ղեկավարի ճակատին: Եւ ատիկա կը վկայէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին կը գտնուի մեծ կալանավայրի, մեծ բանտի մը մէջ»:
Սրբազանը աւելցուց, որ ամբողջ իրաւապահ համակարգը, իր իրական գործունէութեան փոխարէն, պարզապէս լծուած է մէկ անձի` Նիկոլ Փաշինեանին ծառայելով: «Յունիս 12-ը հաւասար է մարտ 1-ին: Այս մարդոց ճակատէն այդ խարանը դուրս պիտի չգայ: Այո՛, յունիս 12-ը նոր մարտ 1-ն է: Բեմէն կը բացակայէր այն մարդը, որ մարտ 1-ին կ՛աղաղակէր` ըսելով` երկաթներ վերցուցէք, ոստիկանները ջարդեցէք, հոգիս կը փառաւորուի… Ուղղակի այդ կը բացակայէր: Միայն: Բայց նոյն գործողութիւնը նոյն կերպով, նոյն ոգիով դրսեւորած այս մարդը իրագործեց ատիկա նաեւ այդ օրը: Իրագործեց` այս անգամ գտնուելով Ազգային ժողովի պարիսպներու թիկունքին», ըսաւ Բագրատ սրբազանը` յիշեցնելով 1 մարտ 2008-ին Նիկոլ Փաշինեանի կոչերը, յայտարարութիւնները եւ վարքն ու զուգահեռներ գծելով 12 յունիս 2024-ին անոր գործողութիւններուն եւ յայտարարութիւններուն հետ:
«Այն, ինչ որ գործած է, հաւասարազօր է մարտ 1-ին, եւ միակ մեղաւորը առաջին հերթին ստախօսն է` Նիկոլ Փաշինեան անունով», ըսաւ Բագրատ սրբազանը` մատնանշելով նաեւ միւս պատասխանատուները եւ մեղաւորները:
Ան ընդգծեց, որ այդ օրուան բոլոր դէպքերը արձանագրուած են, իրենք իրաւական գործընթացի պիտի սկսին:
Փաստաբան Սերկէյ Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ այս օրերուն 27 ձերբակալուած անձեր ազատ արձակուեցան: «Այսօր պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը այցելած էր կալանքի մէջ գտնուող տղաներուն: Բոլորը ըսած էին, որ կալանքէն դուրս գալէ ետք պիտի միանան շարժման: Իսկ 27 տղաները, որոնք արդէն ազատուած են` այստեղ են», ըսաւ Յարութիւնեան:
Ան շատ մտահոգիչ նկատեց այն, որ ոեւէ ոստիկան պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած 12 յունիսի դէպքերուն համար:
Յարութիւնեան յայտնեց, որ 12 յունիսի գործով կան 8 բանտարկուած անձեր:
«Ունինք դաշնակցական տղաներ, որոնք կալանաւորուած են, սա ալ արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով ՀՅԴ-ի նկատմամբ կը սկսին այսպիսի բռնութիւններ», ըսաւ Յարութիւնեան:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ այս պայքարին այլընտրանք չկայ: «Մեր վրայ կրակած են, մեզ փորձած են վախցնել, սպառնացած են զէնքով ու բանտերով, մարդոց ապօրինաբար անազատութեան մէջ պահած են, աշխատանքէ ազատման սպառնալիքի տակ` փորձած են ետ պահել պայքարին մասնակցելէ, արցախցիները թիրախաւորած են, բայց մենք ցոյց տուած ենք, որ բոլոր այդ սպառնալիքներուն վրայ թքած ունինք: Ոչ ոք եւ ոչինչ մեզ կրնայ ետ պահել մեր պայքարէն», հաստատեց Դանիէլեան:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ պայքարին մասնակցողները շատոնց ապացուցած են, որ վճռական են:
«Ընդդիմադիր պատգամաւորներու լիազօրութիւնները վար դնելու քննարկումները շատ եղած են, հաւատացէ՛ք մարդիկ կառչած չեն անոնցմէ», ըսաւ Բագրատ սրբազանը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ` չէ՞ք կարծեր, որ ընդդիմութիւնը խորհրդարանին մէջ չի կրնար հարցեր լուծել, հրաժարականի գործընթաց չի յաջողիր սկսիլ. հիմա ժամանակը չէ՞, որ անոնք իրենց լիազօրութիւններէն հրաժարին` հաւանաբար քաղաքական ճգնաժամ մը յառաջանայ:
Անդրադառնալով Քննչական կոմիտէին կողմէ կաշառք բաժնելու մեղադրանքներուն` Բագրատ սրբազանը ըսաւ, որ Արգիշտի Քեարամեան եւ իր կառոյցը, դժբախտաբար, մաս կը կազմեն այս յանցագործ իշխանութեան ամբողջ գործունէութեան:
«Ընդհանրապէս իրաւական համակարգը այսօր կը ծառայէ մէկ մարդու, եթէ այդքան արդար են իրենք ոստիկանական բռնութիւններուն հանդէպ ինչո՞ւ որեւէ ծպտուն չեն հաներ, թէ՞ ոստիկանութեան կանոնագիրքին մէջ այդպէս գրուած է», ըսաւ սրբազանը: Ան նշեց, որ 16 յունիսին ինք այցելեց հիւանդանոցներ. պէտք է բանտարկուած անձերու ընտանիքներուն ալ այցելէ եւ, ըստ անոր, ոչ ոք ընկրկելու հարց ունի: «Նոյնիսկ ինծի կը պարտադրեն, կ՛ըսեն` յանկարծ որեւէ կերպով չնահանջես, որ մեզի հետ նման բան պատահած է, ո՛չ, մենք գիտակցութեամբ գացած ենք», պատմեց ան:
Հանրահաւաքին աւարտին, Բագրատ սրբազանը տեղեկացուց, որ շաբաթ օր տեղի պիտի ունենայ երիտասարդական մեծ հաւաք:
«Մեր շարժումը կանգ չէ առած եւ պիտի չառնէ: Մենք կը պատկերացնենք` սեփական ժողովուրդի դէմ նռնակ կիրարկած իշխանութիւնը դիւրին հեռացող չէ, բայց հաստատ հեռացող է: Կեղտոտ համակարգի դէմ պէտք է գործէ արդար եւ ժողովրդային շարժման համակարգը: Մեզի համար նահանջ գոյութիւն չունի, մենք յաղթանակի պիտի հասնինք», շեշտեց սրբազանը:
«Հայ, Հայաստան, հայրենիք ու Աստուած» վանկարկեցին հանրահաւաքին մասնակցողները: