ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանի «Ալսիասա Ալեոմ» յայտագիրին ընթացքին Լինտա Մըշլեպի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով Հզօր Լիբանան երեսփոխանական համախմբումին նախաձեռնութեան վերաբերեալ ՀՅԴ-ի կեցուացքին յայտնեց. «Նախ եւ առաջ մենք նախագահի ընտրութեան կամ որեւէ այլ հարցի մէջ, որեւէ նախաձեռնութեան, որեւէ քայլի հետ ենք, որ քաղաքական կողմ մը, երկու կողմեր կամ երեք կողմեր կը կատարեն լուծումներու հասնելու համար: ՀՅԴ-ի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի այդ դիրքորոշումը ծանօթ է բոլորին: Մենք միշտ կ՛ըսենք, որ պէտք է հեռու մնանք քարացած դիրքորոշումներէ եւ բարձր նշաձողերէ: Ի վերջոյ` երկխօսութիւնը անխուսափելի է: Պէտք է երկխօսութիւն կատարենք եւ չսպասենք արտասահմանին»:
Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն` Բագրատունի յայտնեց, որ ոմանք կը սպասեն Կազայի մէջ պատերազմի արդիւնքներուն, սակայն ինչ որ ալ ըլլայ ատոր արդիւնքը, ի վերջոյ երկխօսութիւն պիտի կատարուի, եւ այդ երկխօսութիւնը պէտք է ուղղակի ըլլայ ու յանգի ընդհանուր լուծումի մը` փոխան «Տոհա»-ի «Պէյրութ 1»-ի ճամբով:
«Մենք համաձայն պիտի չըլլանք մէկ քուէի առաւելութեամբ նախագահի ընտրութեան», ըսաւ Բագրատունի` աւելցնելով. «Մենք համաձայնական նախագահ կ՛ուզենք»:
Հարցազրոյցին մանրամասնութիւնները` հետագային:


