Երեքշաբթի, 18 յունիս 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուժթապա Ամանին` ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական պատասխանատուներուն:
Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը եւ այս ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում:
Վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով Արցախի հարցին` շեշտեց արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը, միջազգային հովանաւորութեան ներքեւ, եւ յիշեց Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու շուտափոյթ ազատ արձակման հրամայականը եւ այս հարցին գծով խնդրեց Իրանի միջամտութիւնը, նկատի ունենալով Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութիւնն ու բարի դրացնութիւնը:


